Քանի մը օր ետք յառաջիկայ կիրակի կը կատարուի Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութիւնները։ Բովանդակ երկիրը արդէն մատնուած է նախընտրական շրջանի յատուկ երեւոյթի։ 11 կուսակցութիւններու մասնակցութիւնով կայանալիք ընտրութիւններուն նախորդ իշխանութիւնը ներկայացնող Հանրապետականները իրենց քարոզարշաւը հիմնաւորած են Փաշինեանի վարչապետութեան երկրին համար փորձանք մը ըլլալու պնդումին վրայ։ Իսկ Փաշինեան ամենուրէք կը պատմէ, թէ Հանրապետականները վերջնականապէս կը հեռանան քաղաքականութեան դաշտէն։ Փաշինեան վերջերս իր քարոզարշաւը կը տանի հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ։ Ժողովուրդի ընդհանուր համոզումը կը կայանայ այն հաստատումով, թէ ընտրութեան մասնակցութիւնը շատ բարձր համեմատութիւնով պիտի իրականանայ։
Փաշինեանի խմբակը յաղթահարած կ՚երեւի Հանրապետականներուն օրակարգի բերած Ռուսիոյ դաշնութեան հետ լարուած յարաբերութիւններու խնդիրը։ Մոսկովեան հանդիպումներէն ետք կողմերը մամուլին յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը։ Հերքուեցաւ նաեւ Հայաստանին «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն» (ՀԱՊԿ)-է դուրս գալու շշուկները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի գործակատար Դաւիթ Տոնոյեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ Հայաստանի ՀԱՊԿ-է դուրս գալը օրակարգի վրայ չէ։
5 Դեկտեմբերին Հայաստանի Արտ. գործ նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի Ատրպէյճանի Արտ. Գործ նախարար Էլմար Մամետյարովի հետ Միլանոյի մէջ հանդիպումը կրկին անգամ օրակարգի բերաւ Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգադրութեան մէջ յառաջընթացի մը հաւանականութիւնը։ Նշենք, որ Մամետյարով, Մնացականեան հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Միսկեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։
Հայաստանի անկախութեան օրուայ առթիւ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի շնորհաւորական պատգամին մէջ յոյսեր փոխանցուած էին Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ պայմաններով լուծման համար։