Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի եւ նոյն կուսակցութեան Անգարայի պատգամաւոր Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտերի դէմ բանտարկութեան պատիժ վճռուած էր Իսթանպուլի 26-րդ Եղեռնադատ ատեանի կողմէ։ Այդ վճռին առարկած էին Տեմիրթաշի եւ Էօնտերի փաստաբանները։ Իսթանպուլի Շրջանային դատարանի երկրորդ պատժական բաժինը վճիռը վաւերացուց եւ այսպէսով Տեմիրթաշ դատապարտուեցաւ չորս տարի, ութը ամիս եւ Էօնտեր ալ երեք տարի, վեց ամիս բանտարկութեան։
Տեմիրթաշի իրաւապաշտպաններէն Ռամազան Տեմիր կայացած որոշումը մեկնաբանեց «սպասուած փոխադարձ շարժումը եկաւ» ըսելով։ Այստեղ փաստաբանը կ՚ակնարկէր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու ատեանի որոշումէն ետք արտասանած «Եւրոպայի դատարանի որոշումը նկատի չենք առներ, փոխադարձ յարձակումը կ՚ընենք եւ խնդիրը կը լուծուի» խօսքերուն։ Իրաւապաշտպան Տեմիր նշեց, որ աննախադէպ արագութեամբ գործադրուած է դատական որոշումը եւ հիմա քանի, որ Տեմիրթաշի դէմ վճիռ արձակուած է այլեւս ի զօրու չէ ԵՄԻԱ-ի որոշումը։