Հինգ տարի անց հաշուեյարդար «Կէզի»ի դէմ

«Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րէն հինգ տա­րի ետք Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի խիստ քննա­դատա­կան պնդումնե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ դա­տական մար­միննե­րը դար­ձեալ օրա­կար­գի բե­րեն հինգ տա­րի առա­ջուայ ան­ցուդար­ձե­րը։ Գոր­ծա­տէր եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան վա­րիչ Օս­ման Քա­ւալա, աւե­լի քան մէկ տա­րի է, որ ձեր­բա­կալո­ւած է եւ տա­կաւին իր դէմ ամ­բաստա­նագիր մը չէ պատ­րաստո­ւած։ Սա­կայն պաշ­տօ­նական ամ­բաստա­նագի­րի մը բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ նա­խագահ Էր­տո­ղան ընդմիշտ մե­ղադ­րեց Քա­ւալան գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը տա­պալե­լու մի­տու­մով «Կէ­զի»ն ֆի­նան­սա­ւորե­լու մե­ղադ­րանքով։ Մօտ ան­ցեալին նոյն մե­ղադ­րանքով բեր­ման են­թարկո­ւեցան 14 ակա­դէմա­կան­ներ, հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան գոր­ծիչներ, որոնցմէ 13-ը, իս­կոյն ազատ ար­ձա­կուե­ցան։

Իսկ հի­մա «Կէ­զի»ի ապստամ­բութեան բան­բերներ՝ Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման, Միւ­ճելլա Եափը­ճը, Ճան Աթա­լայ, Ահ­մետ Սայ­մա­տի եւ Հա­լուք Աղա­պէյօղ­լու իրենց հայ­ցե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար հրա­ւիրո­ւեցան դա­տախա­զու­թեան։

Նոյն օրե­րուն Ան­գա­րայի մէջ ալ 120 մե­ղադ­րեալ­նե­րու դէմ վեց տար­բեր հար­ցաքննու­թիւն բա­ցուե­ցաւ։

Ձեր­բա­կալ­ման որո­շում կա­յացաւ նաեւ դե­րասան Մեհ­մետ Ալի Ալա­պորա­յի դէմ։ Նշենք որ Ալա­պորա «Կէ­զի»ի դէպ­քե­րուն ըն­թացքին ար­դէն հե­ռացած էր երկրէն եւ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած Իր­լանտիոյ մէջ։

Այս զար­գա­ցումնե­րու զու­գա­հեռ «Թաք­սի­մի զօ­րակ­ցութիւն» հար­թա­կը 3 Դեկ­տեմբեր եր­կուշաբ­թի օր, մամ­լոյ ժո­ղով մը գու­մա­րելով հեր­քեց բո­լոր մե­ղադ­րանքնե­րը։ Այստեղ Միւ­ճելլա Եափը­ճը ելոյթ ու­նե­նալով յայտնեց, թէ ամ­բողջո­վին անի­մաստ եւ ապար­դիւն մնա­լու դա­տապար­տո­ւած է «Կէ­զի»ի դի­մադ­րութիւ­նը ահա­բեկ­չութեան, բռնի իշ­խա­նափո­խու­թեան կամ ար­տա­քին գոր­ծիչնե­րու դրդու­մին վե­րագ­րե­լու փոր­ձե­րը։ «Կէ­զի»ի օրե­րուն բո­լոր որո­շումնե­րը կա­յացան բա­ցար­ձակ թա­փան­ցի­կու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ։ Եր­բեք չէ գոր­ծադրո­ւած ան­կա­պակից տար­րե­րու առա­ջար­կած որո­շումնե­րը։ Այն ինչ, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ որո­շուե­ցաւ ֆո­րու­մի դրու­թեամբ կա­տարուած խորհրդակցութեամբ։ Այ­սինքն «Կէ­զի»ն ո՛չ պետ ու­նէր, ո՛չ վա­րիչ, ո՛չ ուղղոր­դող եւ ո՛չ ալ հրա­հան­գող։ Հե­տեւա­բար կա­րելի չէր, որ ֆի­նան­սա­ւորող մըն ալ ու­նե­նար։ Եթէ «Կէ­զի»ի գոր­ծընթա­ցի մէջ բռնու­թեան պատ­ճա­ռաւ մե­ղադ­րո­ւելու ար­ժա­նի մէ­կը կայ, ան ալ իր սան­ձարձակ բռնու­թիւնով մա­հերու պատ­ճառ դարձող պետական պաշտօնեաները, ոստիկաններն են»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ