Օսմանեան բանակի փողերախումբը տողանցքներու միջոցին ունէր երթի իւրայատուկ կշռոյթ։ Փողերու եւ թմբուկներու կշռոյթով զինուորները երկու քայլ յառաջանալէ ետք երրորդ քայլին կանգ կ՚առնէին իրենց հայեացքը ուղղելով դէպի աջ։ Ապա դարձեալ երկու քայլեր, դարձեալ կանգ առնելու պահ մը եւ այս անգամ հայեացքը կ՚ուղղուէր դէպի ձախ։ Եւ ընդմիշտ այսպէս դէպի առաջ երկու քայլ, յետոյ պզտիկ կանգի պահ մը եւ ապա դարձեալ երկու քայլ դէպի առաջ։ Այս իւրայատուկ կշռոյթը ժամանակի ընթացքին գոյացուց քիչ մը հեգնական նմանութիւններ։ Այդ նմանութիւններու համաձայն այս բանակը սովորոյթ ունէր ամէն յառաջընթացէ ետք ետ քայլ մը ընելու։
Ճիշդ է, որ եղածը ճշգրտօրէն ետքայլ մը չէր, այլ կանգ առնելու տեսակ մը ընդմիջում։ Բայց ինչո՞ւ այդ ընդմիջումը փոխանակ յարատեւ շարունակելու։ Ո՞վ գիտէ թերեւս այդ ալ իր բացատրութիւնը ունի, բայց մեր միտքը տակաւին չէ հասած այդ նրբութիւնը ընկալելու հասունութեան։ Բանակի այս յատուկ ոճը մտաբերեցինք մանաւանդ դիտելով երկրի քաղաքական օրակարգի մատնուած հսկայ ալեկոծումները։ Իրաւ ալ երկիր մը ինչպէ՞ս այսքան կարճ ժամանակի մը ընթացքին կրնայ այսքան մեծ վերիվայրումներ արձանագրել։ Տակաւին քանի մը տարի առաջ մարդիկ յուսադրուած էին, թէ վերջ կը գտնէ երկրի ծուծը քամող անիմաստ լարուածութիւնը։ Քիչ մը փոխադարձ հասկացողութիւն, քիչ մը տրամաբանութիւն, քիչ մը մարդկային արդարութիւն պիտի յաջողէին ամէն ինչի ուրիշ ձեւով ընդանալուն, բայց անհաւատալի մտավախութիւն մը կանխած է բոլոր այդ վարկածները եւ երկիրը դարձեալ մատնուած է տարօրինակ ետքայլի մը դժբախտութեան։
Նոյն քաղաքական գործիչները, նոյն նիւթերու շուրջ տարուէ տարի այնքան տարբեր եւ հակասական դիրքեր կը բռնեն, որ մարդս կը դժուարանայ հաւատալու, թէ այդ ըսողը եւ այսօր այս ըսողը արդեօք իրապէս նոյն մարդի՞կ են։ Եւ աւելի զարմանալին ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ մէկուն «մէկ» ըսածը ծափահարողները, յաջորդ օր ընդ հակառակը դարձեալ ծափահարեն նոյն ոգեւորութեամբ։
Կամ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ մարդկանց աչքերուն մէջ նայելով պիտի դրժես նախորդ ըսածներդ եւ սպասես, թէ կրկին անգամ համաձայն ըլլան քեզի հետ։ Բայց եւ այնպէս ահա կ՚ըլլայ այդ բոլորը եւ մարդիկ գտնելով ո՛չ թէ քաղաքական առաջնորդ, այլ փրկիչ մեսիան, ամենայն հնազանդութիւն յօժարին իրենց մատուցուած բոլոր այլընտրանքներուն։
Այո, տարօրինակութիւն մը կայ այստեղ, այս եղածներուն մէջ եւ թերեւս եղածը ճշգրիտ հասկնալու համար ստիպուած ենք գերմարդկային ուժերու զօրութեան հաւատալու։ Մինչեւ հոն եղածին համար բաւական էր տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ մտածել։ Բայց այդ հանգրուանէն ետք տրամաբանական բացատրութիւնները, քանի որ անբաւարար կը մնան եղածն ու դարձածը ընկալելու, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր են դիմել ոչ տրամաբանականին։ Ալ ով որ ինչ ըսէ։ Միջնադարեան բանաստեղծ Ֆրիկի նման «չարխ»ի մասին խօսինք, թէ ոչ «ֆալաք»ը յիշե՞նք։
Ի վերջոյ համօրէն դուրս եկած ենք խելք ու միտքի սահմաններէն եւ ճարահատութեան մէջ կը դիտենք, իբրեւ թէ սոցիալ դեմոկրատ ներկայացող կուսակցութեան ֆաշիստներու հետ դաշնակցութիւնը ի դէմ կրօնամոլներու եւ ազգայնամոլներու դաշինքին։
Այդ երկու խմբակցութենէն դուրս մնացած երրորդ խմբակն ալ արդէն շնչասպառ եղած է իրեն դէմ յարուցուած ոստիկանական, դատական, քարոզչական աննախադէպ հալածանքի դիմաց։
Եթէ մինչեւ այս տողը սիրտերնիդ չէ ճաթած, հայեացքնիդ ուղղէք այս շաբաթավերջին Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն։ Վստահ եմ որ լաւ կու գայ։
pakrates@yahoo.com