Ցուցահանդէս Օհանի գծագրութիւններու

Եթէ «քա­րիքա­թիւր» կո­չուած արո­ւես­տը հա­յերէ­նի մէջ իր փո­խադար­ձը կը գտնէ «ծաղ­րանկար» կամ «եր­գի­ծան­կար» եզ­րե­րով, նկա­րիչ Օհան­նէս Շաշ­կալ միշտ հար­ցա­կանի կը մատ­նէ այդ բա­ռերու սահ­մա­նու­մը։ Շաշ­կա­լի գծագ­րութիւննե­րուն մէջ կը հան­դի­պինք խո­րիմաց մտայ­ղա­ցումնե­րու, որոնք դի­տողին կը թե­լադ­րեն խոր­հուրդնե­րու վեր­լուծման լուրջ ջանք մը։ 12 Դեկ­տեմբեր չո­­րեք­­շաբթի երե­­կոյ Գա­­րագիւղ «Շնէյ­­տէր թեմ­­փել» գե­­ղարո­­ւես­­տի սրա­­հին մէջ պի­­տի ցու­­ցադրո­­ւի արո­­ւես­­տա­­­գէտի վեր­­ջին հինգ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին «Ակօս»ի էջե­­րուն վրայ լոյս տե­­սած 53 գոր­­ծե­­­րը։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կա­­րելի է այ­­ցե­­­լել մին­­չեւ 6 Յու­նո­ւար, բա­ցի եր­կուշաբ­թի եւ երեք­շաբթի օրե­րէն 11.00-18.00-ի մի­ջեւ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ