ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Փարոս» պարբերականը նոր եւ ուշագրաւ օղակ մը եւս կ՚աւելցնէ հայ գեղարուեստի ոլորտէ ներս իր բերած ներդրումներուն։ Պարբերականը այս անգամ կազմակերպած է «Հայ արուեստի եւ խոհանոցի փառատօն» խորագրեալ միջոցառում մը, որուն կը մասնակցին իր արուեստով կամ արհեստով որոշ ուշադրութեան արժանացած զանազան մասնագէտներ։
4 Դեկտեմբեր երեքշաբթի օր ուրախ առիթը ունեցանք խմբագրական մէջ այցելութիւնը վայելելու մեր բարեկամ գեղանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի։ Լաճիկեան քաղաքս եկած էր այս փառատօնի շրջագծով եւ իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին առիթ ստեղծած ու այցելած էր նաեւ «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Հաճելի զրոյց ունեցանք մեր բարեկամին հետ, որմէ լսեցինք նաեւ իր մօտակայ ծրագիրներու մասին։ Արդարեւ Լեւոն Լաճիկեան 2019-ի Մարտ ամսուն դարձեալ պիտի ըլլայ մեզ հետ, այս անգամ ներկայանալով «Կինը եւ բնութիւնը» խորագրի ներքեւ պատրաստուած նկարներու ցուցադրութեամբ։
Լաճիկեան իր այս այցելութեան ալ ունէր հաճելի յուշանուէր մը, որն է իր գեղանկարչութեան 24 օրինակները բացիկի մը կաղապարին մէջ պարփակող տպագրութիւնը։
Այս յատուկ նուէրը առիթ ստեղծեց, որ մենք զրուցենք նաեւ Կիւմրի քաղաքի յատկանիշներուն մասին։ Կիւմրի զանազան երեւոյթներով ունի եզակի յատկութիւններ։ Նախ եւ առաջ Հայաստանի գեղարուեստի բնագաւառի բազմաթիւ դէմքեր կիւմրեցի ծագում ունին։ Կիւմրի մեր իրողութեան մէջ մեծ աւանդի մը ժառանգորդն է եւ այդ աւանդը նաեւ կը բնորոշէ քաղաքի իւրայատուկ դիմագիծը։ Նոյնիսկ մերթ ընդ մերթ Կիւմրիի հանդէպ փառաբանութիւնը կրնայ դիտուիլ որոշ մրցակցութեան հոգեբանութիւնով։ Կիւմրեցին որ կը յամառի «Կիւմրին քաղաք է» ըսելու, երեւանցիի համար կը ձեւաւորուի առարկութեան նախադասութիւն մը՝ «Եթէ Կիւմրի քաղաք է հապա Երեւան ի՞նչ է»։ Լաճիկեան այս հարցումին կը պատասխանէ առանց վարանումի՝ «մայրաքաղաք է»։ Երեւան աշխարհասփիւռ հայութեան համար պարծանքի աղբիւր մեր նոր մայրաքաղաքն է։ Այո, հայ ժողովուրդը ուրախ հպարտութիւն կ՚ապրի տեսնելով քաղաքամայր Երեւանի յետ եղեռնեան դաժան պայմաններու տակ արձանագրած հրաշք ծաղկումը։ Ինչպէս կը շեշտուի ծանօթ երգի մէջ մենք Երեւանը կրնանք փառաբանել Թումանեանական ոճով ծաղկած հայրենիք կոչելով։ Սակայն այս նշելով հանդերձ չենք կրնար ուրանալ, թէ մեր այդ ծաղկած մայրաքաղաքը դար մը առաջ շատ սահմանափակ տարողութիւն ունէր ընդգրկելով հազիւ 20-25 հազար բնակչութիւն եւ համարեա միայն Ասթաֆեան փողոցով սահմանուած պողոտայ։ Իսկ Կիւմրի կամ երբեմնի Ալեքսանդրապոլը այդ տարիներուն ալ ունէր քաղաքի դիմագիծ եւ կենցաղ։
Կիւմրիի վրայ այսքան կը ծանրանանք պարզապէս անոր համար, թէ մեր բարեկամ Լաճիկեան ինք ալ ըլլալով կիւմրեցի Կիւմրիի նուիրեալ մըն է։ Այդ նուիրումով կը նկարէ իր սիրելի քաղաքը, անոր պարգեւելով գեղարուեստական նոր եռանգ։ Ինչպէս որ ընտանեկան յարկի տակ ծնողքը հպարտութեամբ կ՚արտասանէ «պտուղը ծառէն հեռու չիյնար» խօսքը, նոյնպէս քաղաքն ալ իր որդին դիտելով, պիտի կարենայ ըսել նոյնը, եթէ ան իսկապէս ալ արժանի կերպով իր տուրքը մատուցած է ծննդավայր քաղաքին։ Ուրեմն մենք կրնանք վկայել, թէ Լաճիկեան կը պատկանի այդ տուրքը մատուցածներու փաղանգին, քանի որ ամենայն հաւատարմութեամբ վեր կը պահէ իր պատմական քաղաքի թագն ու պատիւը։
Նշենք որ «Փարոս» պարբերականի նախաձեռնած այս միջոցառումի բացումը տեղի կ՚ունենայ 5 Դեկտեմբեր չորեքշաբթի երեկոյ եւ կը շարունակուի մինչեւ 15 Դեկտեմբեր։
Միւս կողմէ, քանի որ նշուած է նաեւ աւանդական խոհանոցի մասին, նշենք որ Տայք Միրիճանեանի «Ճաշ» ընկերութիւնը եւ Լիզա Չաւտար կը մասնակցին ծանօթացնելու համար հայկական խոհանոցի ուրոյն տեսականին։
Բացի գեղարուեստէ արհեստները եւս կարեւոր բաղադրիչն են այս փառատօնին։ Անոնց մէջ կ՚առանձնանայ ոսկերչութեան ասպարէզը մանաւանդ, այս ոլորտէ ներս որոշ յաջողութիւններ արձանագրած կարգ մը արուեստագէտներու գործերը կը ներկայացուին, իբրեւ գեղարուեստի գործ։ Այդ սահմանումին կը պատկանի Արման Սուճիեանի, Հրաչ Քույումճուեանի նման ոսկերիչներ, Կարէն Դարբինեան, Վաչական Իսպիրեան, Տիգրան Պետրոսեան եւ Լեւոն Լաճիկեանի նման գեղանկարիչներ, մանրանկարիչ՝ Օննիկ Մերտենեան, պղնձագործ Գարեգին Քալայճըեան, քանդակագործ Արշօ Գասպարեան, ձեւաւորող Այգ Չուպուքչու։
Ցուցադրութեան վայրն է Մաչքա փողոց Թունչէր շէնք, 29/7 Նիշանթաշ Իսթանպուլ։