Քլարք համալսարանի արխիւը նոր փաստեր կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զանազան փուլերուն մասին։ Համալսարանը 3 Դեկտեմբերին պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը ներկայացուց այս նոր աշխատութիւնը, որ կատարուած էր այս համալսարանի դասախօսներէն Թանէր Աքչամի առաջնորդութեամբ խումբ մը ակադէմականներու ջանքերով։
Հայր Գրիգոր Կերկերեանի արխիւին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն վրայ կը հանդիպինք ողջակիզման հրամաններուն։ Արխիւը այս առումով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, մանաւանդ ցեղասպանութեան իրողութիւնը յարատեւօրէն ուրացողներուն իբր պատասխան։ Այս աշխատանքի մասին զրուցեցինք անուանի պատմաբանին հետ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁՆԿԵԱՆ
Գիտենք թէ երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աշխատիս այս արխիւի վրայ։ Ուրեմն ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը։
Համառօտ կերպով ըսեմ հետեւեալը, Թուրքիոյ կառավարութեան մինչեւ այսօր ուսումնասիրողներէն թաքցուցած 1915-1921 թուակիր Միութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան դատավարութեան մասին, դատավարութեան մասին փաստաթուղթերը այժմ համացանցի վրայ են եւ հասանելի են բոլորին։ Արխիւի մէջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի այդ դատավարութիւններու ընթացքին պատրաստած տեղեկագիրները, աքսորէ եւ բնաջնջումէ վերապրած կիներու եւ երախաներու մասին տեղեկութիւններ, Թալադ փաշայի հայոց ողջակիզման համար ղրկած հրամանագիրներուն ֆիլմերը, Հալէպի տարագրութեան պաշտօնեաներէն Նայիմ էֆենտիի կողմէ Արամ Անտոնեանին վաճառուած աւելի քան 50 Օսմանեան փաստաթուղթի բնագիրները, այժմ հասանելի են բոլոր հետաքրքիրներուն։ Այս նիւթերուն կարեւոր մէկ մասը Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի արխիւին մէջ կը գտնուին։ Մենք այս աշխատութեան ընթացքին դիմեցինք այդ աղբիւրներուն ալ։ Բացի այս բոլորէն արխիւին մէջ տեղ կը գտնեն ամերիկեան, անգլիական եւ գերմանական արխիւներէն հաւաքուած բաւականին հարուստ տուեալներ։
Իսկ ինչպէ՞ս հասանելի կը դառնայ այս արխիւը։
Ամէն ցանկացող կրնայ համացանցի վրայ https://wordpress.clarku.edu/guerguerianarchive/tr/arsiv-hakkinda-genel-bilgi/ կայքէջի միջոցաւ հասնիլ արխիւային փաստաթուղթերու, թէ օսմաներէն բնագիրներուն եւ թէ թրքերէն կամ անգլերէն թարգմանութիւններուն։
Իսկ ո՞վ է Հայր Գրիգոր Կերկերեան։
Հայր Գրիգոր Կերկերեան (12 Մայիս 1911- 7 Մայիս 1988)։ Ծնած էր Սեբաստիոյ Կիւրիւն քաղաքը։ Կերկերեաններու ընտանիքը ունէր 16 զաւակներ։ Ծնողները եւ քոյրերն եւ եղբայրները իր աչքերուն առջեւ սպաննուեցան։ Վերապրած մէկ եղբօրը հետ ուղարկուեցաւ Պէյրութի որբանոցներէն մէկուն։ Կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ ուսանեցաւ եւ վարդապետ եղաւ։ Ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր հաւաքեց։ 1940-ական տարեթիւերուն Քահիրէյի մէջ ծանօթացաւ Իսթանպուլ 1919-1921 իթթահատականներու դատավարութեան հանրածանօթ դատաւոր քիւրտ Նեմրուտ Մուսթաֆա փաշայի հետ։ Փաշան իրեն հաղորդեց, թէ Իսթանպուլի դատավարութեան փաստաթուղթերուն կարեւոր մէկ մասը կը պահուին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ։ Կերկերեան այցելեց այս արխիւր եւ այդ տեղի նիւթերը ընդօրինակեց ֆիլմի վրայ։
Իսկ ինչե՞ր կային այդ փաստաթուղթերու մէջ։
Հոն կը հանդիպինք տասնեակներով փաստաթուղթի, որոնք յստակօրէն կ՚ապացուցեն, թէ տեղահանութիւն անուանուածը բառին իսկական իմաստով ցեղասպանութիւն էր։ Օրինակի համար երրորդ զօրագունդի հրամանատար Մահմուտ Քամիլ փաշայի իր տան մէջ հայ պահող իսլամներուն մահապատիժի ենթարկուելու մասին հրամանը կամ Յատուկ ծառայութեան (Թեշքիլաթը մահսուսա) պետ. Պահաէտտին Շաքիրի «Հայոց ողջակիզումը» համակարգող հեռագիրները այդ փաստաթուղթերուն մաս կը կազմեն։ Յատկապէս Եոզկաթի շրջակայքին մէջ աքսորին ողջակիզում ըլլալը ապացուցող բազմաթիւ փաստեր կան։ Կարգ մը ամբաստանեալներու թղթածրարները, ականատեսներու վկայութիւնները եւս այդ ցանկին մաս կը կազմեն։
Դատարանը բացի այդ, շրջանային վարչութիւններէն պահանջած էր այս նիւթի հետ առնչուած փաստաթուղթերուն իրեն ուղարկուիլը։ Այս հրահանգի բերումով տարբեր գաւառներէն եկած բազմաթիւ տեղեկութիւն եւս տեղ գտած են այդ արխիւին մէջ։ Նշենք, որ այս բնոյթի փաստաթուղթերուն մէկ մասը Իսթանպուլի Օսմանեան արխիւներու մէջ ալ պահուած է։
Երուսաղէմ ուրիշ ի՞նչ փաստաթուղթեր ունէր։
Երուսաղէմի պատրիարքական արխիւի մէջ շատ աւելի տարբեր բնոյթով ահագին տուեալ պահուած է։ 1915 թուին Իթթահատական կառավարութիւնը հայոց ունեցուածքը թալանող օսմանեան պաշտօնէութիւնը հարցաքննելու համար զանազան յանձնախումբեր կազմած եւ գաւառ ուղարկած է։ Այս յանձնախումբերը բացի աւազակութեան կամ թալանի երեւոյթներէն, գործուած ոճիրներու մասին ալ բովանդակալից տեղեկութիւններ ղրկած են։
Իսկ այս փաստաթուղթերը ինչպէ՞ս Երուսաղէմ եկած են։
1922-ին նախքան Պոլսոյ թուրք ազգային ուժերու ձեռքը անցնիլը Զաւէն պատրիարք այս հաւաքածոն կ՚ուղարկէ Մենչըստըր։ Ուրկէ այդ բոլորը կը փոխադրուին նախ Մարսէյլ եւ ապա Երուսաղէմ։ Զաւէն պատրիարք իր յուշերը գրի առնելու ժամանակ կ՚օգտուի այս արխիւի նիւթերէն։
Արխիւի թուայնացման մէջ ի՞նչ տեսակ խմբային աշխատութիւն մը ունեցաք։
Իրականութեան մէջ այս աշխատութեան մէջ իմ դերակատարութիւնը համադրելն էր միայն։ Պոլսեցի Պերճ Փանոսեան ստանձնեց արխիւը թուայնացնելու դժուարին գործը։ Տոքթ. Իւմիտ Քուրթ, Անի Օհանեան, Աննա Ալեքսանեան, Պուրչին Կերչեք, Նազլը Թեմիր Պէյլերեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Թապիթա Թոփարլաք պաշտօն ստանձնեցին արխիւին նիւթացուցակը պատրաստելու եւ բովանդակութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ շարադրելու գործին մէջ։ Աննա Ալեքսանեան հայերէն աղբիւրներու մասին շատ բովանդակալից յօդուած մը գրի առաւ։ Ֆաթիմ Սաքարիա եւ Փոլ Պեսեմէր անգլերէն թարգմանութիւնները ստանձնեցին։ Առանց իրենց նուիրեալ աշխատանքին նման արդիւնք մը չէինք կրնար ձեռք բերել։