Ծանօթանանք՝ Տիգրանի հեքեաթներու աշխարհին

Կան անձինք որ, ինկած տեղէն շուտ կ՚ելլեն եւ աւելի զօրաւոր կը քայլեն աշխարհի սուր ու քարքարոտ լանջերը մագլցելու համար։ Տիգրան Ասատրեան այնպիսի անձերէն է, որ «Աստուծոյ կամքն է» կ՚ըսէ, եւ իր գործին մնացած տեղէն կը շարունակէ։ Այսպէս անձինք երանելի են եւ փառքի պատճառ կը դառնան բոլորիս, որովհետեւ մարդիկ անոնց նայելով հրաշքներուն կը հաւատան։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

«Ակօս»ի խմբագրատան համար սովորական Չորեքշաբթի մըն էր, որ այցելեց Տիգրան Ասատրեան, իր հետ ունենալով իմ վաղեմի բարեկամ՝ Պայքար Տեմիրը։ Անգամ մը եւս տարուեցայ մտածելու թէ Պայքարը Հայաստան եւ Թուրքիոյ միջեւ գեղարուեստի կամուրջ մըն է։

Տիգրանը առաջին անգամ կու գար Թուրքիա եւ մեր առաջին հանդիպումն էր։ Ան 29 Նոյեմբեր- 18 Դեկտեմբեր թուականներու միջեւ Արնաւութքէօյ «Կալերի Սելիվին»ի մէջ իր նկարներով գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանար։ Քիչ մը զրուցելէ ետք մտածեցի, արդեօք հիւանդութիւն մը ունի, կամ կրիպ պիտի իյնայ։ Երբ մեր զրոյցը ջերմօրէն շարունակեցինք, անդրադարձայ որ ինքը հրաշքով կրկին սկսած է ներկել։

Առաջին անգամ Պո­­լիս կու գա՞ք։ Ինչպէ՞ս է մեր եր­­կի­­­րը ձե­­զի հա­­մար։

Այո, առա­­ջին ան­­գամ Իս­­թանպուլ եկայ։ Երեկ ամ­­բողջ օր Թաք­­սիմ, Կա­­լաթա­­յի շրջա­­նը Պայ­­քա­­­րի հետ քայ­­լե­­­ցինք։ Պո­­լիսը շատ սի­­րուն քա­­ղաք է։ Քիչ մը Եւ­­րո­­­պա կը յի­­շեց­­նէ, բայց արե­­ւելեան քո­­լորիտ ալ ու­­նի։ Եւ եր­­կուքը իրար հետ շատ իւ­­րա­­­յատուկ ու սի­­րուն տրա­­մադ­­րութիւն կը թող­­նէ։ Ին­­ծի կը թո­­ւի թէ այդ բո­­լոր այլ երկրա­­ցինե­­րու հա­­մար նոյնպէս թիւր կու գայ։ Փո­­ղոց­­նե­­­րը, տնե­­րը, բազ­­մա­­­զան ժո­­ղովուրդը շատ լաւ են։

 

Դուք չե­­կաք, բայց ձեր գոր­­ծե­­­րը Պո­­լիս եկա՞ծ էին։

Չէ, Թուրքիա, իմ գոր­­ծերս ալ չէին եկած։ Առա­­ջին ան­­գամ ես ու գոր­­ծերս միասին եկանք։

 

Դուք Հա­­յաս­­տան կը բնա­­կիք, բայց ձեր նախ­­նի­­­ները, ո՞ր եր­­կի­­­րէն են։

Իմ նախ­­նի­­­ները՝ հայրս Ղա­­րաբաղ ծնած է, իսկ մայրս Թիֆ­­լիս։ Բայց մեծ հայրս, այ­­սինքն մայ­­րի­­­կիս հայ­­րը էրզրու­­մէն էր։

«Կա­­մուրջ» ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով, որ մեզ կը ներ­­կա­­­յանաք, քա­­նի՞ գործ կը պա­­րու­­նա­­­կէ իր մէջ։ Եւ ին­­չո՞ւ անու­­նը «Կա­­մուրջ» ընտրե­­ցիք։

Կա­­լերիի տնօ­­րէնու­­հին շատ հին կա­­լերիսթ մըն է։ Օր մը Պայ­­քա­­­րին ըսած է, որ «Մենք ատե­­նին Ար­­նա­­­ւութքէօյի մէջ շատ հայ, յոյն, հրեայ հա­­րեւան­­ներ ու­­նէինք, բայց հի­­մա չկան։ Այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը տե­­սակ մը կա­­մուրջ ըլ­­լայ»։ Ես այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մօտ 15 նկար­­նե­­­րով մաս­­նակցած եմ։

Դե­­մանե­­րը պատ­­մել կը սի­­րէ՞ք, թէ ան­­պայման պէտք է տես­­նենք։

Ցան­­կա­­­լի է տես­­նել։ Որով­­հե­­­տեւ պատ­­մե­­­լը դժո­­ւար է։ Բայց կրնաք որա­­կաւո­­րել ուղղու­­թիւնը։ Իբ­­րեւ «մեճքռէալիստ»։

Նկար­­նե­­­րուս մէջ մի քիչ հե­­քեաթ կայ։ Ես կ՚ու­­զեմ նկար­­նե­­­րուս մէջ մար­­դիկ տես­­նեն գո­­նէ քիչ մը բա­­րիու­­թիւն եւ այդ բա­­րիու­­թիւնը կա­­րելի է մի բան փո­­խէ իմ նկար­­նե­­­րուս հետ։ Կը փոր­­ձեմ։

Ինքս կը նկա­­րագ­­րեմ ազատ նկա­­րիչ ըլ­­լա­­­լով։ Կը փնտռեմ, կը գտնեմ եւ շատ կ՚աշ­­խա­­­տիմ։

 

Ձեր նկար­­նե­­­րուն մէջ աւե­­լի շատ ի՞նչ կը նկա­­րէք՝ մարդ, թէ բնու­­թիւն։

Մարդ եւ բնու­­թիւնը իմ նկար­­նե­­­րուս մէջ իրար հետ են։ Իմ շատ սի­­րած գա­­ղափար­­նե­­­րէս է, որ մար­­դը պէտք է շատ հա­­մահունչ եւ ներ­­դաշնակ ապ­­րի բնու­­թեան հետ։ Կեն­­դա­­­նինե­­րու, ծա­­ղիկ­­նե­­­րու եւ ծա­­ռերու մի խօս­­քով ամէն ին­­չի հետ եթէ ապ­­րի, այդ ժա­­մանակ ինքն ալ եր­­ջա­­­նիկ կ՚ըլ­­լայ։ Թէ չէ աղ­­տո­­­տելով բնու­­թիւնը, սպա­­նելով կեն­­դա­­­նինե­­րը մար­­դը մի­­նակ կը մնայ։

 

Ի՞նչ կրնաք պատ­­մել ձեր նկար­­նե­­­րուն մա­­սին։ Այս հա­­ւաքա­­ծոն ինչքա՞ն ժա­­մանակ խլեց։

Հոս բե­­րած նկար­­նե­­­րէս ամե­­նամե­­ծը «Սա­­թիր եւ Մի­­ֆան»ն է։ Առաս­­պե­­­լական կեր­­պարնե­­րու ներ­­կա­­­յացում մըն է եւ 150սմ.-ի, 90սմ.-ի վրայ է։ Այս նկա­­րը մօտ երեք ամ­­սո­­­ւայ մէջ նկա­­րած եմ։

Բայց մէկ ու­­րիշ աշ­­խա­­­տանք ու­­նիմ, որ «Արիաքին» կը կո­­չուի ատի­­կա մօտ եօթը ամիս նկա­­րեցի։

Կան նկա­­րիչ­­ներ որ քա­­նի մը պաս­­տառներ քով քո­­վի դնե­­լով նոյն ժա­­մանակ տար­­բեր բա­­ներ կը նկա­­րեն։ Դուք ինչպէ՞ս կ՚աշ­­խա­­­տիք։

Ես սո­­վորա­­բար մէկ մէկ կը նկա­­րեմ։ Մէ­­կը կ՚աւար­­տեմ միւ­­սին կը սկսիմ։ Շատ հա­­զուա­­գիւտ դէպ­­քե­­­րուն ես կրնամ եր­­կու հատ տար­­բեր նկար­­նե­­­րու սկսիլ եւ նկա­­րել։

 

Օրո­­ւայ մէջ քա­­նի՞ ժամ կը նկա­­րէք։

Ամէն օր կ՚եր­­թամ արո­­ւես­­տա­­­նոց եւ կը նկա­­րեմ։ Ես նաեւ կը դա­­սաւան­­դեմ Երե­­ւանի պե­­տական Կի­­նոյի եւ թատ­­րո­­­նի ինստու­­տուտի մէջ։ Ես կը դա­­սաւան­­դեմ բե­­մի նկա­­րիչ­­նե­­­րուն։ Կը դա­­սաւան­­դեմ գծան­­կար եւ գու­­նանկար առար­­կան։ Աշ­­խա­­­տան­­քէն ետք ես ան­­մի­­­ջապէս կ՚եր­­թամ արո­­ւես­­տա­­­նոց եւ կը սկսիմ իր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան, այ­­սինքն մտայ­­ղա­­­ցումնե­­րուս իրա­­կատարմա­­նը։

Շա­­բաթ, կի­­րակի դա­­սաւան­­դումներ չու­­նիմ եւ աւե­­լի ազատ կը նկա­­րեմ ար­­հեստա­­նոցիս մէջ։ Միշտ չեմ կրնար ըսել, որ հինգ, վեց ժամ կը նկա­­րեմ, բայց գո­­նէ եր­­կու, երեք ժամ ան­­պայման ազատ կը նկա­­րեմ։

 

Իբ­­րեւ նկա­­րիչ ի՞նչ ու­­սում ստա­­ցած էք։

Ամէն տեղ աւար­­տե­­­ցի, ինչ որ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կար։ Այ­­սինքն, դեռ ես տաս­­նը­­­մէկ տա­­րեկան պա­­տանի էի չորս տա­­րի Յա­­կոբ Կո­­ճոյեանի անո­­ւան նկար­­չա­­­կան դպրոց յա­­ճախե­­ցի։ Յե­­տոյ ըն­­դունո­­ւեցայ Փա­­նոս Թեր­­լե­­­մեզեանի անո­­ւան ու­­սումնա­­րան։ Չորս տա­­րի ալ հոն ու­­սա­­­նեցայ։ Ապա ըն­­դունո­­ւած եմ մեր Գե­­ղարո­­ւես­­տա-թա­­տերա­­կան ինստու­­տուտ։ Հի­­մա կը կո­­չուի ակա­­դէմիա։ Բայց մեր ժա­­մանակ ինստու­­տուտ կը կո­­չուէր, որով­­հե­­­տեւ իմ աւար­­տած շրջանս Սո­­վետա­­կան միու­­թիւն էր։ Մենք դե­­րասան­­նե­­­րու եւ կի­­նօ-ռե­­ժիսոր­­նե­­­րու հետ կը սոր­­վէինք։ Այնտեղ վեց տա­­րի ու­­սում առած եւ շրջա­­նաւարտ եղած եմ։

 

Անո­­ւանի ու­­սուցիչ­­ներ ու­­նե­­­ցա՞ծ էք։

Այո, ին­­ծի գծան­­կարչու­­թիւն դա­­սաւան­­դած է անո­­ւանի վար­­պետ՝ Պետ­­րոս Մա­­լայեանը։ Ես ու­­սա­­­նած եմ Էտո­­ւարտ Իսա­­բեկա­­նի արո­­ւես­­տա­­­նոցը եւ իրեն մօտ ալ աւար­­տած եմ։ Հոն պաշտպա­­նած եմ իմ տիփ­­լո­­­մայի աշ­­խա­­­տանքս։

 

Դուք Հա­­յաս­­տա­­­նի արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանին մէջ ալ գործ ու­­նի՞ք կար­­ծեմ։

Այո։ Մէկ հատ ու­­նիմ։

 

Ձեր գոր­­ծե­­­րը ո՞ր եր­­կիրնե­­րու մէջ ցու­­ցադրո­­ւեցան։

Ինձ նկա­­տած եւ հրա­­ւիրած են Լի­­բանան՝ Պէյ­­րութ։ Այնտեղ ան­­հա­­­տական եր­­կու ցու­­ցա­­­հան­­դէս բա­­ցած եմ։ Եր­­կու ամիս Քա­­թար գա­­ցած եմ։ 2002 թո­­ւին ես Շեհ Ալի Ապ­­տուլլա­­հի տղուն հիւ­­րը եղած եմ։ Եւ հոն պատ­­մութեան թան­­գա­­­րանին հա­­մար մեծ պաս­­տառ նկա­­րած եմ։ Օս­­մա­­­նեան թուրքիան ժա­­մանա­­կին երե­­ւի 1915-17-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն ու­­զած է թե­­րակղզին գրա­­ւել եւ ինչպէս ետ մղած են քա­­թար­­ցի­­­ները անոնք։ Օս­­մա­­­նեան թուրքե­­րը նա­­ւերով եկած են Քա­­թար։ Ու­­նե­­­ցած են հսկայ զօրք եւ ու­­նե­­­ցած են թնդա­­նօթ եւ այլն։ Օս­­մա­­­նեան Թուրքիայի զօր­­քը բա­­ւակա­­նին ու­­ժեղ եղած է, իսկ իրենք մի­­նակ ուղտե­­րով, նե­­տերով եւ սու­­րե­­­րով կրո­­ւած են։ Բայց կա­­րողա­­ցած են ետ մղել։ Ար­­դա­­­րեւ շատ մեծ նկար մը նկա­­րեցի անոնց հա­­մար։

Այս ամառ Հրա­­ւիրո­­ւած էի Լիոն՝ Ֆրան­­սա։ Ֆրան­­քօ­­­ֆոնիայի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն այնտե­­ղի հայ գա­­ղու­­թը ին­­ծի հրա­­ւիրած էին հայ նկա­­րիչ­­նե­­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին։

Նաեւ ու­­նե­­­ցած եմ յա­­տուկ ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ Ռու­­սիոյ Մոս­­կո­­­ւա, Մար­­սէյլ եւ Մո­­նաքօ քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ։

 

Ձեր քու­­րո­­­ւաթէօրը Պայ­­քար Տե­­միրն է։ Ինչպէ՞ս գտաւ Պայ­­քա­­­րը ձե­­զի։

Հա­­յաս­­տանցի ծա­­նօթ նկա­­րիչ­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ ին­­ծի գտաւ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի անու­­նը, որ «Կա­­մուրջ» է։ Ինձ կը թո­­ւի, որ այդ կա­­մուրջը Պայ­­քարն է։ Կա­­պը, ստեղ­­ծո­­­ղը, կա­­մուրջի ճար­­տա­­­րապե­­տը Պայ­­քարն է։

 

Ձեր հե­­քեաթ­­նե­­­րու աշ­­խարհը կը նկա­­րէք, կրնա՞մ ըսել։

Այո, գի­­տէք նկա­­րիչը հա­­ղոր­­դիչ է։ Իր ընդհա­­նուր հե­­քեաթ­­նե­­­րը կը հա­­ղոր­­դէ ձեզ։ Իմ աշ­­խարհի մէջ այդ հե­­քեաթը կը ծնո­­ւի եւ ան ձե­­զի կը փո­­խան­­ցեմ իմ ներքնաշ­­խարհով։ Նկա­­րիչը հա­­ղոր­­դիչ է։ Ին­­քը ըն­­դա­­­մէնը կը հա­­ղոր­­դէ։ Վե­­րեւէն քեզ կու գան ու դուն կը հա­­ղոր­­դես միայն։

 

Գի­­տենք, թէ դուք Հա­­յաս­­տա­­­նի ամե­­նալաւ փորթրէ նկա­­րող ան­­ձե­­­րէն մէկն էք։ Ձեր փորթրէ­­ներու մէջ յայտնի ան­­ձինք ալ կա՞ն, թէ միայն երե­­ւակա­­յական ան­­ձինք կը նկա­­րէք։

Կան իմ հե­­քեաթ­­նե­­­րու աշ­­խարհէս ան­­ձեր, բայց կան նաեւ ճանչցո­­ւած մար­­դիկ։ Ես կը սի­­րեմ կեն­­դա­­­նի ան­­ձը իմ առ­­ջեւ նստի եւ ես անոր փորթրէն նկա­­րեմ։ Ասոր հա­­մար դի­­ման­­կա­­­րի պա­­տուէր­­ներ շատ ու­­նե­­­ցած եմ եւ ահա­­գին նկա­­րած եմ։

 

Դուք լուրջ հի­­ւան­­դա­­­ցած էք եւ կրկին ինչպէ՞ս կրցաք նկա­­րել։

Այո, ու­­ղե­­­ղի հետ կա­­պուած գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն ան­­ցո­­­ւցած եմ։ Բայց վե­­րեւը Աս­­տո­­­ւած կայ եւ ոչինչ չեմ ըրած։ Հի­­մա հոս եմ։

 

Հի­­ւան­­դութե­­նէն առա­­ջուան նկար­­նե­­­րը կը սի­­րէք, թէ հի­­մակո­­ւան նկար­­նե­­­րը։

Ինձ կը թո­­ւի, թէ հի­­մա աւե­­լի լաւ կը նկարեմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ