«Շաբաթօրեայ մայրեր»ը, որոնք երկար տարիներէ ի վեր ամէն շաբաթ օր կը մէկտեղուին Կալաթասարայի հրապարակին վրայ եւ հաշիւը կը պահանջեն իրենց անյայտ կորած զաւակներուն կամ ամուսիններուն, եղբայրներուն, վերջին երեք տարիներուն կրծքերնուն սեղմած են նաեւ Տիյարպեքիրի փաստաբաններու կաճառի նախկին պետ՝ Թահիր Էլչիի լուսանկարը։ Էլչի երեք տարի առաջ 28 Նոյեմբեր 2015-ին ոճիրի մը զոհ գացած էր Ամիտա քաղաքի խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող չորս ոտանի աշտարակին տակ։
Թահիր Էլչի ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ պայքարած էր անարդարութեան դէմ, միշտ պաշտպանելով պետութեան անօրինութեան զոհ գացածներու իրաւունքները։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ունէր շատ կարեւոր ներդրում եւ արդէն այդ էր նաեւ զինք դէպի մահ առաջնորդող գործընթացքի դրդապատճառը։ Արդարեւ Էլչի սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ ունեցած ելոյթներով զայրոյթ պատճառած էր իշխանութեան եւ այդ շրջանակները սկսած էին խօսիլ զինք լռեցնելու մասին։
Տիյարպեքիրի փաստաբաններու կաճառը մահուան երրորդ տարելիցի առթիւ յիշատակման միջոցառում մը կազմակերպեց, ուր փաստաբաններ մէկտեղուելով քաղաքի իրաւաբանական պալատի մուտքին, երթ կազմեցին դէպի այդ վայրը, ուր սպաննուած էր Թահիր Էլչի։ Այստեղ Ամիտայի փաստաբաններու կաճառի փաստաբան Ճիհան Այտըն ելոյթ ունենալով մեղադրեց քաղաքական գործիչները եւ մանաւանդ ալ հաշմանդամ եղած իրաւական համակարգը։ Այտընի բողոքը կը կեդրոնանար այս ոճիրի դէմ թոյզն իսկ հարցաքննութեան յառաջընթաց արձանագրուած չըլլալու երեւոյթին դէմ։ Ճիհան Այտըն նշեց, թէ անպատժելիութիւնը պետութեան նախասիրութիւնն է եւ պետութիւնը երբեք չարտօնէր, որ իր պաշտօնեաները դատուին իրենց գործած ոճիրներուն պատճառաւ։