Քաղաքացիական անհնազանդութիւն ի նպաստ հայ ընտանիքի

Վեր­­ջերս Հոլ­­լանտա­­յի մէջ տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ քա­­ղաքա­­ցիական անհնա­­զան­­դութեան խիստ ու­­շագրաւ երե­­ւոյթ մը։ Հոլ­­լանտա ապաս­­տա­­­նած հայ ըն­­տա­­­նիքի մը երկրէն վտա­­րուե­­լուն ար­­գելք ըլ­­լա­­­լու հա­­մար տեղ­­ւոյն բո­­ղոքա­­կան եկե­­ղեցին դի­­մած է շատ հե­­տաքրքրա­­կան կան­­խա­­­միջո­­ցի։ Լա­­հէյ քա­­ղաքի բո­­ղոքա­­կան­­նե­­­րու Պե­­թել եկե­­ղեցին իր դռնե­­րը բա­­ցած է հայ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն եւ ոս­­տի­­­կանու­­թեան եկե­­ղեցի մտնե­­լուն ար­­գելք ըլ­­լա­­­լու հա­­մար ալ շա­­րու­­նա­­­կական կեր­­պով պա­­տարագ կը մա­­տու­­ցէ։ Հոլ­­լանտա­­կան օրէնքնե­­րու հա­­մաձայն ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը իրա­­ւունք չու­­նին հո­­գեւոր արա­­րողու­­թեան ըն­­թացքին եկե­­ղեցի մտնե­­լու։ Օրէն­­քի այս զան­­ցա­­­ռու­­թիւնը առիթ մը դար­­ձած է աւե­­լի քան 300 հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու հա­­մար, որոնք որոշ հեր­­թա­­­փոխու­­թեամբ առանց դադ­­րեցնե­­լով կը շա­­րու­­նա­­­կեն պա­­տարա­­գը։ Արա­­րողու­­թեան խորհրդան­­շա­­­նը մո­­մավա­­ռու­­թիւնն է եւ անոնք վառ մո­­մը մէկս միւ­­սի փո­­խան­­ցե­­­լով կ՚ապա­­հովեն որոշ հեր­­թա­­­փոխու­­թիւն։ Հինգ ան­­ձե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող Թամրազեան ըն­­տա­­­նիքը իրենց հօր քա­­ղաքա­­կան պատ­­ճառնե­­րով սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու թի­­րախ ըլ­­լա­­­լէ ետք լքած էին Հա­­յաս­­տա­­­նը եւ ապաս­­տա­­­նած Հոլ­­լանտա։ Սա­­կայն ինը տա­­րիներ շա­­րու­­նա­­­կուող իրա­­ւական գոր­­ծընթա­­ցի աւար­­տին Հոլ­­լանտա­­յի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը մեր­­ժե­­­ցին Թամ­­րա­­­զեան ըն­­տա­­­նիքի ապաս­­տա­­­նելու խնդրան­­քը եւ որո­­շեցինք զի­­րենք երկրէն դուրս վտա­­րել։

Նշենք, որ բա­­ցի հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու զօ­­րակ­­ցութե­­նէն եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներն ալ ձայ­­նակցած են այս ար­­շա­­­ւին եւ եկե­­ղեցին ընդմիշտ լե­­ցուն է ժո­­ղովուրդով։

Թեր­­թը տպագ­­րութեան ու­­ղարկո­­ւած ժա­­մերուն տա­­կաւին կա­­րելի չէր եղած ստու­­գել, թէ տեղ­­ւոյն հայ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը ինչպէ՞ս ար­­ձա­­­գան­­գած են այս գոր­­ծընթա­­ցին եւ այդ զօ­­րակ­­ցութեան հեր­­թա­­­փոխու­­թեան մաս­­նակցող­­նե­­­րուն մէջ ար­­դեօք կա՞ն հայ հո­­գեւո­­րական­­ներ։ Սա­­կայն այնպէս, թէ այսպէս նիւ­­թը ար­­դէն գտած է իր ար­­ժա­­­նի ար­­ձա­­­գան­­գը, որուն կը ձգտէին ար­­դէն այս ու­­րոյն մի­­ջոցառ­­ման նախաձեռնողները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ