Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ հասարակական կազմակերպութեան վարիչ Օսման Քաւալայի անունը անգամ մը եւս օրակարգի եկաւ 16 Նոյեմբերին 14 ակադէմականներու եւ հասարակական կազմակերպութեան գործիչներու բերման ենթարկուելով։ «Պիլկի» համալսարանի իրաւագիտական բաժնի տեսուչ Փրոֆ. Թուրկութ Թարհանլը, «Պողազիչի» համալսարանի ուսողութեան բաժնի դասախօս Փրոֆ. Պեթիւլ Թանպայ եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութեան աշխատակազմէն 12 գործիչներ առաւօտուայ կանուխ ժամերուն բերման ենթարկուեցան իրենց բնակարաններէն։ Բերման ենթարկելու գործողութենէն քանի մը ժամ ետք ոստիկանութիւնը յայտարարեց որ անոնք կը մեղադրուին Օսման Քաւալայի հետ աստիճանակարգի մէջ «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերուն երկրի տարբեր քաղաքներուն ծաւալման համար աշխատելով։ Բերման ենթարկուածներէ 13-ը յաջորդ օր ազատ արձակուեցան, իսկ մէկը ձերբակալուեցաւ։
Այս մասին Օսման Քաւալա բանտէն ղրկած է հետեւեալ լուսաբանութիւնը։
«Խորապէս կը ցաւիմ Ապահովութեան տնօրէնութեան 26 Նոյեմբեր 2018 թուակիր հրապարկումով բերման ենթարկուած 14 ակադէմական կամ գործիչներուն ինձ հետ կապակցութեան անհիմն պնդումները լսելով։ Աւելի քան մէկ տարի է որ բանտարկուած եմ։ Ձերբակալութեանս իբր պատճառաբանութիւն կը պնդուի, թէ սահմանադրական համակարգը խանգարելու եւ կառավարութիւնը տապալելու համար ֆինանսաւորած եմ «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերը։ Այս անհիմն պնդումներուն պատասխանելու համար կը սպասեմ ամբաստանագրի մը պատրաստուիլը։ Կը յուսամ թէ այս դատական գործընթացը կը նպաստէ մարդու ազատութիւնը արհամարհող ձերբակալման հասկացողութեան փոխուելուն»։