Հայր Լեւոն արք. Զէքիեանի Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր նշանակուելէն ետք համայնքէ ներս թափ ստացած է հոգեւոր ու մշակութային բնոյթով նախաձեռնութիւնները։ Զէքիեան սրբազան նախ կազմակերպեց բանախօսութիւններու շարք մը, որ կը միտէր հայոց հոգեւոր ծիսակատարութեան իմաստը պարզաբանելու։ Ապա գործադրուեցան ակադեմական մակարդակով զանազան բանախօսութիւններ եւ միջոցառումներ։ Իսկ վերջերս Օրթագիւղի Լուսաւորիչ ընկերութիւնը կազմակերպած է միջազգային գիտաժողով մը «Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հայերը համերկրային շրջագիծի մէջ»։ Երկօրեայ այս գիտաժողովը տեղի կ՚ունենայ 7-8 Դեկտեմբեր 2018-ին «Պիլկի» համալսարանի համալիրին մէջ։
Առաջին օրը յատկացուած է Հայր Լեւոն արք. Զէքիեանի ողջոյնի եւ անուանի պատմաբան Իլպէր Օրթայլըի բացման զեկոյցներուն։ Յաջորդ օր 8 Դեկտեմբերին զեկոյցներով ելոյթ կ՚ունենան Իսթանպուլի «Շեհիր» համալսարանէն Մեհմէտ Կենչ, «Օքսֆորտ» համալսարանէն Էտմունտ Հէրզիկ, Փարիզի Նուպարեն գրադարանի նախկին տնօրէն՝ Ռայմընտ Գէորգեան եւ «Իպն Հալտուն» համալսարանէն Հալիլ Պերքթայ։
Նոյն օր տեղի պիտի ունենայ նաեւ կլոր սեղանի զրոյց մը, ուր զեկուցողներուն հետ պիտի զրուցեն Արուս Եումուլ եւ էլչին Մաճար։ Կլոր սեղանի ժողովավարն է պատմաբան Պիւլենթ Պիլմեզ։
Կը նախատեսուի «Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հայերը» ընդհանուր խորագրի ներքեւ զանազան նիւթերով այլ կազմակերպութիւններ եւս։