Այսօր թուականի մը հետ գործ ունեցայ. մոռցեր էի թերթիս տարեդարձէն ետք՝ անոր հիմնարկութենէն ասդին սահած տարիները նշող թիւը փոխելու, ըսենք օրինակ՝ «այսինչերորդ» տարին՝ «այսինչերորդ+1»-րդ տարի ընելու։ Եւ այսպէս է, որ քակուեցաւ խոհերուս կծիկը։
Սկսայ մտածելու, թէ՝ եթէ «Աստուած ուշէն տայ»,– ինչպէս կ՚ըսէին մեծերս,– եւ որպէս հայատառ թերթ՝ տոկանք,– որ ի դէպ, բնա՛ւ ալ արհամարհելի մանրուք հարց չէ,– արդեօք դեռ քանի՞ անգամ բախտը պիտի ունենամ այդ թուականին վրայ +1 աւելցնելու. մէ՞կ, երե՞ք, տասը՞, երեսո՞ւն։ Իսկ ատիկա զիս պիտի տանի մինչեւ ո՞ր թուականները, 2019՞, 2022՞, 2028՞, 2048՞։
Ապագայ ըսուածը, որ կը սկսի սա պահէս եւ որ միայն ու միայն հարցականներով լեցուն է,– գոնէ նուաստիս համար,– ինծի կը թուի խիտ մշուշի հսկայ ամպակոյտի մը նման, որ ամէն վայրկեան ապրուածով միայն կը փարատի փոքր առ փոքր. իսկ ժամանակի այն հատուածն ալ, որ պիտի երկարի մինչեւ վերջին փարատումը, պիտի հանդիսանայ կեանքիս մնացորդը։ Հետեւաբար, այսօրուան թուականէն անդին՝ մնացեալը ինծի կը թուի աննշան, 2024 կամ 2036, կամ 2042… մէկ աւելի, մէկ պակաս թուականներ են, որոնք ոչինչ կը նշանակեն ինծի համար, ոչ մէկ առանձնայատկութիւն ունին, բոլորն ալ կը գտնուին ապագայի նոյն ամպակոյտին, չըսելու համար՝ նոյն տոպրակին մէջ։
Ըստ ինծի վերապահուած այդ ժամանակամիջոցին՝ դեռ պիտի ունենամ քիչ թէ շատ յիշարժան պահեր, ուրախութիւններ, յուզումներ, ցաւեր… Այդ բոլորը սակայն, իրենց ապրուած պահէն՝ պիտի դառնան կեանքիս անցքերը, դուրս ելած պիտի ըլլան ամպակոյտի այդ անորոշ խաւարէն, նոյնիսկ եթէ սովոր ենք գէշ օրերը եւս մութ որակելու։
Բայց եւ այնպէս… կը մնայ թուական մը, տարեթիւ մը, որ երբեք պիտի չգիտնամ եւ որ նոյնպէս կը գտնուի ապագայի այդ ամպակոյտին մէջ։ Վաղը՞, 2019՞, 2027՞, 2037՞… այն, որ պիտի հանդիսանայ կեանքիս երկու փակագիծերէն մէկը։
Ու անխուսափելիօրէն կը մտածեմ բոլոր յաւերժ մեկնածներուն. անոնցմէ իւրաքանչիւրին մահուան թուականը որքա՜ն կարեւոր եւ խորհրդանշական է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար եւ որքա՜ն աննշան թուական մը եղած է իրենց համար։
Միշտ աննշան թուական մըն է, որ եկած է վերջակէտ մը դնելու կեանքի մը։
Կ՚ուզեմ տողերս աւարտել՝ թերթիս տարիները դեռ շա՜տ երկար ժամանակ փոխել կարենալու մաղթանքով, որպէսզի նա՛ մանաւանդ չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ խոր ընկճախտի մէջ թաղուած գրչակ մը իր սիրտը կը պարպէ ձեզի։
ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ