Ուսուցչութիւնը նուիրում կը պահանջէ

Նոյեմբերի կէսէն սկսեալ կ՚ապրէինք լուսահոգի պարոնս Սերովբանի տօնական համեղ ճաշատեսակներու ցանկի պատմութիւնը։ Տոլմաները ինչպէս պէտք է եփենք, Թոփիկի միջուկը ինչպէս պէտք է խառնենք։ Ուլականջի մէջի սոխը ինչքան պէտք է ըլլայ։ Է՜ քէյֆին ըսելիք չկայ պարոնիս, եւ եփել կը սիրէ, եւ ալ հիւրերուն մատուցել։ Հրաշալի երեւոյթ մըն է այս։ Ընտանիքի մը դռներուն ետեւ Ուսուցիչներու օրուայ առթիւ պատրաստութիւնները կը լուսաւորէր բոլոր մեզ՝ «Ակօս»ի աշխատողներուս։ Ան ինչ տեսակ ուրախութիւն պարոնիս մօտ։ «Մանիշակին ուսանողները մեզի պիտի գան, այս գիշեր առեւտուր պիտի ընեմ կանուխ պիտի ելլեմ» կ՚ըսէր եւ ժպտալով ուրախութեամբ յարգարժան տիկնոջ մօտ կը վազէր։ Ան սոխը պիտի կտրատէ, Տիկին Մանիշակը պիտի եփէ, ինչ երանութիւն Աստուած իմ...

Կը յիշեմ մանկութիւնս, Տատեան Վարժարնի պարտէզին մէջ կը վազվզեմ աջ ու ցախ։ Կը վազվզեմ՝ բայց կամաց կամաց կ՚անցնիմ օրիորդներուն քովէն։ Տիկին Մանիշակ, Տիկին Էօժէնի, տիկին Հռիփսիմէ, բոլորը պարտէզն են մեզ հսկելու համար։ Կը ժպտայ, միշտ կը ժպտայ տիկին Մանիշակը։ Վզին փաթթած շարֆերը օրուան հագուստ կապուստին հետ համահունչ գոյներով են։ Աջկիս ծայրով կը նայիմ շարֆերուն, եօթը-ութը տարեկան երախայի մը համար ինչ հսկայ կ՚երեւէր ուսուցչուհիս։ Պարտէզին մէջ իր պաշտօնակիցներուն հետ ջերմ զրոյցները, բարձրաձայն խնդումներու մանուկներուն վազվզուքին եւ ժխորին կը խառնուէր։ Յանկարծ աչքը իր խօսակից ընկերուհիին ձեռքը կը մեկնէր քովէն անցնող երախային, թեւը բռնելով իրեն կը քաշէր, ձեռքը տղուն գոգնոցէն ներս մտցնելով կը պոռար. «Ջուրի պէս է, ջուրի պէս՜։ Մօտը անձեռոցիկ կամ սելփաք ունեցող կայ։ Տղա՛ս այլեւս մի վազէր, հիւանդ պիտի ըլլաս»։ Աս մինակ պատճառն է , որ մինչեւ օրս կ՚այցելեն ուսանողները իրեն։ Ան մինակ ուսուցիչ չէ եղած իրենց համար, այլ երկրորդ մայր մը դպրոցէն ներս, որ գուրգուրած է բոլորին։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Բարեւ տիկին Մանիշակ, կը շնորհաւորենք ձեր ուսուցիչներու օրը։

Շնոր­­հա­­­կալ եմ։

Մե­­զի ձեր ման­­կութեան եւ ուսման շրջա­­նը կրնա՞ք պատ­­մել։

Ծնած եմ Կէ­­տիկ­­փա­­­շա եր­­բեմնի հա­­յաշատ թա­­ղը, հա­­մեստ ըն­­տա­­­նիքի մը եր­­դի­­­քին տակ։ Յա­­ճախած եմ տեղ­­ւոյն Ս. Մես­­րո­­­պեան Վար­­ժա­­­րանը։ Միջ­­նա­­­կար­­գի եւ լի­­սէի ու­­սումս ստա­­ցած եմ Էսա­­եան Վար­­ժա­­­րանի մէջ։ Առա­­ջին տա­­րին Կէ­­տիկ­­փա­­­շայէն Էսա­­եան եր­­թալ-գա­­լը շատ դժո­­ւար էր ինձ հա­­մար, քա­­նի ու­­րիշ ըն­­կե­­­րու­­հի չու­­նէի Մես­­րո­­­պեանէ։ Ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին վար­­ժո­­­ւեցայ։ Այդ տա­­րինե­­րուն եր­­թե­­­ւեկը հան­­րա­­­կառ­­քի մի­­ջոցաւ էր։

 

Ո՞ր դպրոց­­նե­­­րը աւար­­տած էք։

Ինչպէս ըսի, նախ Ս. Մես­­րո­­­պեան, ապա Էսա­­եան։ Ու­­սուցչա­­գոր­­ծե­­­լու սկսե­­լէ ետք, ըստ նոր օրէն­­քի, մաս­­նակցե­­ցայ եւ շրջա­­նաւարտ եղայ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի ու­­սուցչա­­կան դա­­սըն­­թացքէն։ Տա­­րիներ ետք, հե­­ռակայ դրու­­թեամբ մաս­­նակցե­­ցայ հա­­մալ­­սա­­­րանի քննու­­թեանց, որ­­մէ եւս վկա­­յուե­­ցայ։

 

Ե՞րբ եւ ի՞ նչպէս ու­­սուցիչ ըլ­­լալ որո­­շած էք։

Ման­­կութեան օրե­­րէս իսկ փա­­փաքած եմ ու­­սուցիչ ըլ­­լալ։ Տե­­սակ մը ման­­կա­­­կան շրջա­­նի իտէալ էր այդ։ Եր­­րորդ դա­­սարա­­նէն իսկ սկսած եմ օգ­­նել ու­­սուցիչ­­նե­­­րուս։

 

Ձե­­զի հա­­մար տի­­պար հան­­դի­­­սացող ու­­սուցիչ մը եղա՞ծ է։

Ան­­շուշտ եղած են այդպի­­սի ու­­սուցիչ­­ներ, որոնք ոչ միայն տի­­պար­­ներ եղած են, այլ ամէն ին­­չով հետք թո­­ղած են մեր վրայ։ Ու­­նե­­­ցանք եր­­կու Օրիորդ Էլիզ­­ներ՝ Էլիզ Պի­­լէզիկ­­ճեանն ու Էլիզ Մա­­նասը։ Առա­­ջինը Էսա­­եանի մէջ, որ­­պէս ու­­սուցիչ, երկրոր­­դը Տա­­տեանի մէջ որ­­պէս բազ­­մա­­­մեայ տնօ­­րէն, մեծ ներդրում ու­­նե­­­ցած են կազ­­մա­­­ւորութեանս վրայ։ Եր­­կուքն ալ բազ­­մա­­­վաս­­տակ, քա­­շուած են ար­­դէն իրենց յա­­ւիտե­­նական հանգստեան։ Կայ նաեւ ու­­րիշ մը։ Այժմ Ամե­­րիկաբ­­նակ Տի­­կին Գե­­ղանոյշ Գը­­լըճեանը։ Ինք թէ որ­­պէս ու­­սուցչու­­հի, ապա որ­­պէս պաշ­­տօ­­­նակից եւ հուսկ՝ որ­­պէս աշա­­կեր­­տի ծնող դեր ստանձնած է ու­­սուցչա­­կան կեան­­քիս ըն­­թացքին։ Վե­­րոյիշեալ երեք կրթա­­կան մշակ­­ներն ալ իրենց փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ շատ բան տո­­ւած են թէ ին­­ծի եւ թէ պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րուս։

 

Առա­­ջին ան­­գամ ո՞ւր եւ ո՞ր դպրո­­ցի մէջ պաշ­­տօն ստանձնե­­ցիք։

Լի­­սէէ շրջա­­նաւարտ ըլ­­լա­­­լէ ան­­մի­­­ջապէս ետք, պաշ­­տօն ստանձնե­­ցի Պա­­քըր­­գիւղի Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի մէջ։

 

Ձեր ու­­սուցչու­­թեան առա­­ջին օրը մե­­զի կրնա՞ք պատ­­մել։

Կեան­­քիս ըն­­թացքին ամե­­նէն յի­­շատա­­կելի օրե­­րէն էր այդ մէ­­կը։ Առա­­ջին ան­­գամ էր, որ Պա­­քըր­­գիւղ կ՚եր­­թա­­­յի։ Որ­­պէս նո­­րափե­­տուր ու­­սուցչու­­հի կո­­չուե­­ցայ երկրորդ դա­­սարան։ Աշա­­կերտներն ալ շո­­ւարած էին։

Աւե­­լի քան կէս դա­­րը շատ բան կը տա­­նի յի­­շողու­­թե­­­նէն։ Յատ­­կա­­­պէս ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։ Կը մնայ եւ մնաց հո­­գին։ Իրա­­րան­­ցում, վախ, մտա­­հոգու­­թիւն, զար­­մանք։ Եւ այս բո­­լորին տե­­սակ մը խառ­­նուրդով սկսաւ մին­­չեւ այ­­սօ­­­րուան կեան­­քիս աւե­­լի քան կէ­­սը գրա­­ւող տա­­րինե­­րու շա­­րանը։

 

Քա­­նի՞ տա­­րի, ո՞ր դպրոց­­նե­­­րու մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րած էք։

Քսա­­նեօթ տա­­րի Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րելէ ետք հանգստեան կո­չուե­­ցայ։ Եր­­կու տա­­րի տան­­տիկնու­­թիւն ընե­­լէ ետք եւ նոր օրէնքներն ալ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով, վե­­րադար­­ձայ պաշ­­տօ­­­նիս, այս ան­­գամ Գալ­­ֆա­­­եան Տան եր­­դի­­­քին տակ, եր­­կու տա­­րի։ Պա­­քըր­­գիւղէն Սկիւ­­տար հե­­ռաւո­­րու­­թիւնը կա­­րողա­­ցայ եր­­կու տա­­րի յաղ­­թել։ Ապա ան­­ցայ Պէզ­­ճեան Մայր Վար­­ժա­­­րան, ուր պաշ­­տօ­­­նավա­­րեցի տաս­­նե­­­րեք տա­­րի։ Եւ վերջնա­­կան կեր­­պով հանգստեան կո­­չուե­­ցայ ու­­սուցչա­­կան աս­­պա­­­րէզէն։

 

Պա­­րոն Սե­­րով­­բա­­­նը յա­­ճախ կը պատ­­մէր ձեր աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան եւ ճար­­պի­­­կու­­թեան մա­­սին։ Ան յա­­ճախ ին­­ծի կ՚ըսէր՝ “երա­­խան մեծ­­ցաւ. այ­­լեւս գոր­­ծի եկուր։ Մա­­նիշա­­կը տղաս երեք ամ­­սա­­­կան էր մայ­­րի­­­կիս թո­­ղեց աշ­­խա­­­տիլ սկսաւ։ Ամէն կէ­­սօրին տուն կը վա­­զէր եւ ապա ետ դպրոց կը վե­­րադառ­­նար”։ Դուք սի­­րուած ու­­սուցիչ եւ հրա­­շալի մայր մը եղած էք։ Դժո­­ւա՞ր չէր։ Այդ օրե­­րը մեզ կրնա՞ք պատ­­մել։

Այո, կը լսեմ, որ սի­­րուած ու­­սուցիչ եղած եմ։ Որով­­հե­­­տեւ տղա­­քը շատ կը սի­­րեմ։ Մին­­չեւ այ­­սօր ալ այդպէս է։ Այն որ տղան չի սի­­րեր, ու­­սուցիչ թող չըլ­­լայ եւ պէտք չէ որ ըլ­­լայ։ Ըստ իս, ու­­սուցչու­­թիւնն ու մայ­­րութիւ­­նը գրե­­թէ նոյն բա­­ներն են։ Եր­­կուքն ալ սե­­րունդ մը կը կեր­­տեն։ Անհրա­­ժեշտ է, որ քու ու­­նե­­­ցած­­ներդ ջամ­­բես զա­­ւակ­­նե­­­րուդ եւ աշա­­կերտնե­­րուդ։

Ահա այս մտա­­ծելա­­կեր­­պով է, որ կեանք մը ապ­­րե­­­ցայ։ Գա­­լով դժո­­ւարու­­թեանց։ Ան­­շուշտ որ դժո­­ւար էր թէ ու­­սուցչու­­թիւնը եւ թէ տան­­տիկնու­­թիւնը տա­­նիլ միաս­­նա­­­բար։ Բայց բախ­­տա­­­ւոր էի, որ ու­­նէի կե­­սուրս եւ մայրս, որոնք միշտ կող­­քիս էին։ Այսպէս ան­­ցան տա­­րինե­­րը։

 

Գի­­տեմ ձեր աշա­­կերտնե­­րէն ոմանք դեռ կ՚այ­­ցե­­­լեն ձեզ։ Ի՞ նչ կը զգաք այս մա­­սին։

Թէ Տա­­տեանի եւ թէ Պէզ­­ճեանի աշա­­կերտներս մին­­չեւ այ­­սօր կ՚այ­­ցե­­­լեն, յատ­­կա­­­պէս տօ­­նական օրե­­րուն կը զան­­գեն, կու գան…։ Աշա­­կերտնե­­րէս յատ­­կա­­­պէս տա­­տեան­­ցի­­­ներ, որոնք տան­­տի­­­կին­­ներ, մին­­չեւ իսկ զա­­ւակ­­նե­­­րու, թոռ­­նե­­­րու տէր եղած են, առիթ­­ներ կը ստեղ­­ծեն որ յա­­ճախ մէկ­­տե­­­ղուինք։ Եւ այս մէ­­կը մեծ հա­­ճոյք կը պատ­­ճա­­­ռէ ինձ։

 

Կա՞ն ըն­­տա­­­նիք­­ներ, որոնց թէ ծնող­­նե­­­րը եւ թէ երա­­խանե­­րը ձեր ու­­սա­­­նողը եղած են։

Ան­­շուշտ, որ անցնող աւե­­լի քան քա­­ռասուն տա­­րինե­­րուն, եղած են այդպի­­սիներ։

 

Քա­­ռասուն տա­­րին աւար­­տած էք։ Յա­­տուկ յո­­բելեան կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւա՞ծ է ձեզ։

Մէկ ան­­գա­­­մուան ընդմի­­ջու­­մով, քա­­ռասուն եւ եր­­կու տա­­րի աշ­­խա­­­տեցայ, պաշ­­տօն վա­­րեցի, կամ ինչ բա­­ռով որ ու­­զէք նկա­­րագ­­րե­­­ցէք։ Կա­­րելի էր գո­­նէ երեք տա­­րի մը եւս շա­­րու­­նա­­­կել, սա­­կայն…

Այ­­սօր ու­­րախ եմ եւ հպարտ։ Եւ եթէ կրկին աշ­­խարհ գալ կա­­րելի ըլ­­լայ, նոյն աս­­պա­­­րէզը կ՚ընդգրկեմ ապա­­հովա­­բար։

Գա­­լով յո­­բելեանին։ Յո­­բելեա՞ն։ (կը ժպտի)

Բո­­լորով հան­­դերձ, ու­­րախ եմ եւ բա­­ւարա­­րուած իմ ստանձնած ու­­սուցչու­­թեամբ, որ (ըստ իս) ամե­­նանո­­ւիրա­­կան աս­­պա­­­րէզ­­նե­­­րէն մէկն է։ Երի­­տասարդ ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն կը մաղ­­թեմ կա­­րողու­­թիւն ու համ­­բե­­­րու­­թիւն։ Միշտ վե­­րանո­­րոգեն ու վե­­րապատ­­րաստեն իրենք զի­­րենք, աւան­­դեն մեր մայ­­րե­­­նին ու մեր սրբու­­թիւննե­­րը նոր սե­­րունդնե­­րուն։

 

Յար­­գանքով

Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն Ձեր հե­­տաքրքրութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ