Եւրոպայի Մարդու իրաւունքներու ատեանը (ԵՄԻԱ) Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան նախորդ համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի մասին վճիռ արձակեց իր 20 Նոյեմբեր թուակիր նիստով։ Ատեանը Տեմիրթաշի իսկոյն ազատ արձակուելը պահանջելէ զատ Թուրքիան դատապարտեց 25 հազար Եւրօ արժողութեամբ նիւթական եւ բարոյական տուգանքի։
Դատարանի նիստին մէջ յատկապէս կը շեշտադրուէր հանրաքուէի եւ նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին Տեմիրթաշի բանտարկութիւնով գոյացած զրկանքները։
ԵՄԻԱ նշեց, թէ ձերբակալութեան շարունակուելով Թուրքիա ոտնակոխած պիտի ըլլայ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագրի 46/1 յօդուածը։
Այս վճիռը իր տեսակին մէջ աննախադէպ է, քանի որ Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով դատապարտուած է «քաղաքական դրդումներով ձերբակալութեան դիմել»ու մեղադրանքով։
Տեմիրթաշի իրաւապաշտպանները իրենց դիմումնագրին մէջ նշած էին, թէ կամայական ձերբակալութիւն մըն է կատարուածը, զուրկ է իրաւական հիմքերէ եւ գերազանցած է ընդունելի ժամանակահատուածը։
Տեմիրթաշի յայտարարութիւնը
Սելահատտին Տեմիրթաշ Էտիրնէի արգելանոցէն փաստաբաններուն միջոցաւ ղրկած յայտարարութիւնով մը մեկնաբանեց ԵՄԻԱ-ի վճիռը։
«ԵՄԻԱ-ի այս վճիռով իրաւաբանական առումով վաւերացուած եղաւ իմ մատնուած քաղաքական պատանդի իրավիճակը։ Մենք առաջին օրէն ի վեր կը պնդենք, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան գործիչներուն ուղղեալ ձերբակալութիւնները եւ դատավարութիւնները ո՛չ թէ իրաւական, այլ քաղաքական նպատակներով կատարուած է։ Իմ դատուած բոլոր դատերը եւ ինծի ուղղուած մեղադրանքները ամբողջովին փլած են։ ԵՄԻԱ-ի վճիռը կ՚ապացուցէ նաեւ ներառեալ Սահմանադրական ատեանի, մեր մասին վճիռներ արձակող բոլոր դատարաններուն գործադրած զանցառութիւնները։ Քաղաքականութիւնը լուծի տակ կը պահէ դատական համակարգը եւ այս երեւոյթը լուրջ սպառնալիք մըն է ժողովրդավարութեան եւ երկրին ապագային դիմաց։ Կառավարութեան պետի հանգամանքով յայտարարութիւններ ընող նախագահը տակաւին կը յամառի այս վճիռը չընդունելու մասին։ Այս պահուն խնդիրը իմ անձնական խնդիրս ըլլալէ աւելի մտահոգիչ է Թուրքիոյ հասարակութեան եւ ժողովրդավարութեան առումով»։
Էրտողանի հակազդեցութիւնը
Վճիռի հրապարակումէն ետք կառավարութեան շրջանակներէ եկող առաջին հակազդեցութիւնը կը պատկանէր Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլին։ Կիւլ յայտարարեց թէ վերջնական վճիռը կը վիճակի Թուրքիոյ դատարանին։ Իսկ իր կուսակցութեան խմբակի ժողովի ելլելու պահուն լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանող նախագահ Էրտողան ըսաւ, թէ այս վճիռը զիրենք չի սահմաներ։ «Սահմանուած չենք ԵՄԻԱ-ի վճիռներով։ Մինչեւ այսօր կազմակերպութեան հետ առնչուած բազմաթիւ վճիռներ արձակուեցան մեզի դէմ։ Մենք կը կատարենք մեր փոխադարձ հարուածը եւ գործը աւարտի կը բերենք» ըսաւ նախագահ Էրտողան։
Վճիռը պարտադրիչ է
էրտողանի յայտարարութիւններէն ետք Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան բանբեր Դանիէլ Հոլթկեն յիշեցուց, որ ԵՄԻԱ-ի վճիռները պարտադրիչ են Թուրքիոյ համար։ Հոլթկեն «թուիթըր»ի գրառումին մէջ նշեց, թէ համաձայնութեան 46-րդ յօդուածը պարտադրիչ է բոլոր անդամ երկիրներու դատարաններուն համար։