Փրոֆ. տքթ. Թուրկութ Թարհանլըի, փրոֆ. տքթ. Պեթիւլ Թանպայի նման քաղաքացիական հասարակութեան13 ներկայացուցիչ անցեալ ուրբաթ բերման ենթարկուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ։ Անոնցմէ ձերբակալուեցաւ Պեռնարտ վան Լիեր հիմնարկի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Եիյիթ Աքսաքօղլու։
Անցեալ ուրբաթ վաղ ժամերուն կատարուած գործողութեամբ բերման ենթարկուած անունները հետեւեալներն էին՝ Պողազիչի համալսարանի դասախօս, «Ակադէմականներ յանուն խաղաղութեան» «Յանցակից պիտի չըլլանք» յայտարարութեան ստորագրադիր փրոֆ. Պեթիւլ Թանպայ, «Պիլկի» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժնի տեսուչ փրոֆ. Թուրկութ Թարհանլը, «Անատոլու Քիւլթիւր»ի վարչութեան փոխ-նախագահ Եիյիթ Էքմեքճի, վարչութեան անդամ Ալի Հաքան Ալթընայ, ընդհանուր համակարգող Ասենա Կիւնալ ու նախկին ընդհանուր տնօրէն, Յիշողութեան կեդրոնի համատնօրէն Մելթեմ Ասլան, նոյնպէս «Անատոլու Քիւլթիւր»էն Պորա Սարը, Հանտէ Էօզհապեշ, Եուսուֆ Ճըվըր- Ֆիլիզ Թելեք եւ Եիյիթ Աքսաքօղլու, շարժարուեստի արտադրող Չիյտեմ Մաթեր։
Այս առթիւ Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութիւնը հրապարակեց տեղեկատուուական գրութիւն մը, ուր յատկապէս կը նշուէր, թէ «Անատոլու քիւլթիւր»ի սեփականատէր Օսման Քավալա «Բաց հասարակութիւն» եւ «Անատոլու քիւլթիւր» կազմակերպութիւններու միջոցով փորձած է ողջ երկրով մէկ տարածել «Կեզի» հանրապարտէզի շուրջ Մայիս, Յունիս 2013-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ այսպէսով ուզած է բռնութեամբ տապալել Թուրքիոյ կառավարութիւնը։ Ըստ ապահովութեան տնօրէնութեան տարածած գրութեան, բերման ենթարկուած անձերը «Կեզի»ի դէպքերը ընդլայնելու նպատակով ժողովներ գումարած են «Անատոլու քիւլթիւր»ին պատկանող «ՏԵՓՕ» հաւաքատեղիին մէջ, արտասահմանէն արհեստավարժ ցուցարարներ ներմուծած են, ստեղծած են նոր լրատուամիջոցներ, հանդիպումներ ունեցած են արտասահմանեան զանազան հաստատութիւններուն ու անձերուն հետ, որպէսզի անոնք արցունքաբեր կազ չարտահանեն Թուրքիա կամ ճնշումներ բանեցնելով արգիլեն անոր գործածութիւնը։
Բերման ենթարկուած 13 անձերը հարցաքննութենէ ետք դատական հսկողութեան տակ առնուեցան եւ բացի Աքսաքօղլուէն ազատ արձակուեցան։ Աքսաքօղլու իր հարցաքննութենէն ետք կանգնեցաւ դատարանի առջեւ, որ ձերբակալումի որոշում կայացուց։ Դատական որոշման մէջ նշուեցաւ, թէ Աքսաքօղլու «Կեզի»ի դէպքերէն ետք կայացած ժողովներու ընթացքին ատենավար եղած է։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիփ Էրտողան ԱՔՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին անդրադարձաւ այս կատարուածներուն։ Ան յայտարարեց, թէ բերման ենթարկուածները կ՚առնչուէին «Կեզի»ի դէպքերուն։ «Արեւմուտքէն եւ յայտնի շրջանակներէն յայտարարութիւններ կը կատարուին։ Ինչպէս աշխարհի վրայ այլուր, Թուրքիոյ մէջ նման իրադարձութիւնները ունին իրենց գանձատրողը։ Արեւմուտքը ինչո՞ւ կ՚անհանգստանայ երբ այս անձը կը ձերբակալուի։ Երբ ձեր երկիրներուն մէջ պատահի կը պոռաք ու կը կանչէք, իսկ երբ Թուրքիոյ մէջ պատահի կ՚ըսէք, թէ համալսարանական են», յայտնեց նախագահը։
Նիւթին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու։ Քննադատելով կատարուածը, ան ըսաւ. «Եթէ արդարութիւն բաշխողները անարդարութիւն գործեն՝ արդարութիւնը կը փտի։ Այս անձերը չեն խուսափիր։ Յանցագործ չեն որ փախչին։ Ի՞նչ կը նշանակէ վաղ առաւօտեան յարձակիլ այս մարդոց տուները եւ ձերբակալել։ Կը յայտարարէք, թէ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն կայ։ Օսման Քավալա 13 ամիսէ ի վեր ձերբակալուած է, խուցի մը մէջ։ Առանց ամբաստանագիրի, առանց յանցանքի։ Տուները կը խուզարկեն որ յանցանշան մը գտնեն։ «Կեզի»ն այս երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ձայնն է։ Ոչ ոք կրնայ վրէժ լուծել «Կեզի»էն։ Այս երկրին երիտասարդները «Կեզի»ի մէջ բռնակալը պարտութեան մատնեցին։ Ո՞ր յանցանքը կը փնտռէք։ Ինչո՞ւ Օսման Քավալայի համար որեւէ պատճառաբանութիւն չէք կրնար գտնել»։
Յայտարարութիւն մը տարածեց նաեւ Յիշողութեան կեդրոնը, որու անդամներն ալ կան բերման ենթարկուածներու շարքին։ Յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ բերման ենթարկուածներու համար կը պահանջուի ցմահ բանտարկութիւն։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ կատարուող ճնշումները կը բազմանան։ «Որպէս քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ, մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր հիմնարար իրաւունքները, արդար դատավարութեան իրաւունքը, անմեղութեան կանխավարկածը, արտայայտուելու ու կազմակերպուելու ազատութիւնը։ Կարեւոր է որ նեցուկ ըլլաք ու զօրակցիք մեզի», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։