Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնադրութիւնը դադրեցուած էր իշխանութիւններու կողմէ 19 Յունուար 2013-ին՝ այն պատճառաբանութեամբ, թէ ան չի համապատասխաներ առկայ պահանջներուն։ Աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր սակայն նոր կանոնադրութիւն մը չէ մշակուած, հակառակ այն պարագային, որ եկեղեցիներու ու վարժարաններու վարչութիւնները վաղուց արդէն լրացուցած են իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը։ Բազմաթիւ թաղային խորհուրդներու մէջ անդամներէն ոմանք հրաժարած են կամ ունին առողջական խնդիրներ, հետեւաբար այս մարմիններու կազմերը արդէն պակասաւոր են։
Մինչ այդ Խորհրդարանէ ներս կը շարունակուին 2019-ի պիւտճէի քննարկումները։ Նոյեմբեր 19-ին կայացաւ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումը, որու ընթացքին օրակարգի եկաւ նաեւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեանց կանոնադրութեան հարցը։ Այս մասին նախարար Էրսոյին հարցում մը ուղղեցին ՀՏՓ-ի Տիյարպեքիրի պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ Մարտինի պատգամաւոր Թումա Չելիք։ Նախարարը կրկնեց այն պատասխանը, զոր տուած էին իր նախորդները. «Հարցը ամենակարճ ժամանակի մէջ պիտի լուծուի»։ Պատասխանելով Փայլանի ակնարկին, թէ հինգերորդ նախարարն է, որ կու տայ նման պատասխան մը, Էրսոյ ըսաւ. «Յուսանք վեցերորդին նման հարցում մը ուղղելու հարկադրանքին տակ չէք գտնուիր»։