Առանց մեծխօսիկութենէ խուսափելու, առանց վարանելու ամենայն հաւատքով կը հաստատեմ, թէ գոնէ իմ հետեւած ժամանակահատուածի այլ խօսքով վերջին կէս դարու Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի մէջ ամենափայլուն գործիչը կը հանդիսանայ Սելահատտին Տեմիրթաշ։
Տեմիրթաշ օժտուած է բարձր կրթութեամբ։ Իրաւապաշտպան մըն է ան եւ իր նիւթին մէջ լաւ պատրաստուած մասնագէտ մը։ Բայց նշենք աւելին, Տեմիրթաշի շնորհքներու ալ աւելի մեծ մասը կու գայ իր ձեւաւորուած, կազմաւորուած ընկերային միջավայրի յատկութիւններէն։ Այդ յատկութիւններու հետեւանքով է, որ ան ի տարբերութիւն իրեն պաշտօնակից զանազաններէ ամենածանր պայմաններու տակ իսկ կը յաջողի պահել սրամտութիւն եւ մանաւանդ երգիծանքի կարողութիւն։ Պէտք չէ շփոթել Տեմիրթաշի երգիծանքը պարզ ծիծաղէ շատ աւելին է։ Վերջապէս ան ծաղրածու մը չէ, այլ լաւ պատրաստուած գրչի մշակ մը։ Անիրաւ ու անարդար բանտարկութիւնը դոյզն իսկ չկրցաւ մաշեցնել Տեմիրթաշի այս յատկութիւնները։ Դուրս է բոլոր բարդոյթներէ։ Համեստութեան ամենավերին դրսեւորումներուն իսկ կը յաջողի բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հաւաքելու։ Կ՚երեւի թէ այս շնորհքներն ալ ազդեցիկ եղան, որ իր համեմատաբար շատ աւելի ազատ պայմաններու մէջ մասնակցած ընտրութիւնները տան բոլորին համար անսպասելի յաջող արդիւնք։
Նախապէս ալ այս սիւնակին մէջ նշած ենք թէ, Հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ առաջին անգամ այդքան մեծ համակրանք ցուցաբերեց քաղաքական դաշտի ամենաձախ գծին վրայ տեղ գտած կուսակցութեան մը։ Անշուշտ, որ այդ երեւոյթին ամենաէական տարրն էր նոյն ինքն Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ։
Այսօր նոյնիսկ ամէն ինչ ընդանայ օրինականութեան մէջ, նոյնիսկ ապահովուած ըլլայ խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը միայն ու միայն Տեմիրթաշի այս պայմաններու տակ բանտարկութիւնը անգամ բաւարար է, որ երկիրը կորսնցնէ իր իրաւասնութիւնը արդարութեան առումով։
Երկու օր առաջ հրատարակուեցաւ ԵՄԻԱ-ի Տեմիրթաշի բանտարկութեան դէմ կայացուցած վճիռը։ Այդ վճիռին մէջ անսպասելի կամ զարմանալի ոչինչ կար։ Բոլորս գիտէինք թէ արդարութեան բոլոր չափանիշներով անընդունելի էր անոր բանտարկութիւնը։ Այդ բանտարկութիւնը կը տեւէ աւելի քան երկու տարիներ եւ իբրեւ թէ ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ մեղադրանքով յարուցուած դատին մէջ մեղադրանքի նիւթ դարձած բոլոր ամբաստանութիւնները քաղաքական բնոյթ ունին։
Կարելի է ըսել, թէ հոս եւս զարմանալու պատճառ չկայ, քանի որ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգը շատ երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած է հաւաստիութիւնը։ Անհատական մենատիրութեան մը բնական հետեւանքներն են, որ կ՚ապրուին երկրին մէջ։ Ահաւասիկ այդ երեւոյթի վերջին օղակը կը ներկայանայ Հանրապետութեան նախագահին ԵՄԻԱ-ի վճիռը մերժող խօսքերով։
Բոլորը գիտեն, թէ ինչ կը նշանակէ ԵՄԻԱ-ի անդամակցութիւնը։ Բոլորը գիտեն այդ անդամակցութեան երկիրներու բերած պարտադրանքը։ Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ «ԵՄԻԱ-ի որոշումները մեզ պարտադրութեան չեն մատներ» ըսելը բառին ամենաթեթեւ արտայայտութեամբ անհեթեթութիւն է։ Դարձեալ բոլորս գիտենք, թէ նման անհեթեթութիւնը հետզհետէ կարգ ու կանոն դարձած է երկրի վարչութեան մէջ եւ կարծես թէ Հանրապետութեան նախագահը ուրիշ ճար չունի, եթէ ոչ նման անհեթեթութեամբ ներկայանալու իր ժողովուրդին։ Իրմէ սպասուածը ճիշդ ալ այս է որովհետեւ։ Երկրորդական կը մնայ այդ մեծխօսիկութեան իրաւացի հիմքերուն գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը։ Այսօր նախագահը ընտրող զանգուածին նախասիրութիւնն է ամբոխավարութիւնը եւ նախագահը ստիպուած է այդ ակնկալութիւնը գոհացնելու։
Գոնէ առայժմ։
pakrates@yahoo.com