ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Կը պատմեն, թէ մարդ մը օր ու գիշեր հովուութիւն կ՚ընէր, ամբողջ տարին արիւն քրտինք կ՚ըլլար, հազիւ երեք սոմար հաց կաշխատեր, ընտանիքը կը պահէր։
Օր մը կինը կը նախատէ թէ երեք սոմար հացով ինչպէս պիտի ապրեն։ «Գնա՛, - կ՚ըսէ, - Աստծու փէշը բռնէ, պէլքի մէ դուռմ բանայ»։ Հովիւը քիչ մը կը մռթմռթայ, իբր հիմա գոնէ ցամաք հաց ունեն ուտելու, ինքը որ ժամերն ընկնէ աղօթելու, այդ հացէն ալ կը զրկուին։ Կը դժգոհէ, բայց եկեղեցի կը գնայ։
Եկեղեցիէն որ դուրս կու գայ, մարդ մը նրան կ՚ըսէ թէ․« գնա՛, իմ ոչխարներուն նայէ, համրէ՛, տես՝ թամամ են, ես քեզ այդ գործի համար սոմար մը ցորեն կու տամ»։ Աս հովիւը ոգեւորուած տուն կը դառնայ, կնոջը կը պատմէ եւ իր կարծիքը կը հարցնէ։ Կինն ալ թէ․«Ինչի՞ չես էրթայ, ատտից յաւէ՞լ պիտի տան, աշխրքին բանն է»։
Հովիւը կու գայ որ երթայ, մարդը կ՚ըսէ․«Չէ, ախպա՛չ, ութը կոտ կու տամ, աւել չաժէ»։ Հովիւը նորէն կնոջ մօտ կ՚երթայ, «էրթա՞մ», - կը հարցնէ։ «Սոմառմ՛ օր չի տա՝յ թող ութը կոտ ըլլի, ատ ա քիչ բան չէ»։
Հովիվը ետ կը դառնայ որ էրթայ, ամմա մարդը կ՚ըսէ․«Ջուխտըմ՛ չարուխէն աւելի չեմ տայ, կ՚ուզես գընը՝ կ՚ուզես մի՛ էրթայ»։ Ասիկ նորէն կնկան մօտ կ՚երթայ հարցումի։ «Գլոխքար, - կ՚ըսէ կնիկը, - թող ջուխտըմ՛ չարուխ ըլլի, ոտուիքտ էլ է կը ծածկէ»։
Աս մեր չոպանը վերջը կ՚երթայ ոչխարներուն նայելու, կը տեսնէ, թէ արդէն մէկը հովուութիւն կ՚ընէ։ Կը հարցնէ, թէ ով է, ան ալ կ՚ըսէ թէ իրեն ղրկած մարդու բախտն է, մարդու ոչխարներուն կը նայէ։
«Դէ որ այդպէս է, ասա տեսնեմ իմ բախտն ու՞ր է», - կը հարցնէ հովիւը։ «Հոն է, ծառի տակ քնած է»,- կը լսէ պատասխանը։ Հովիւը մօտ կ՚երթայ, կը տեսնի՝ իրօք, ջահել տղայ մը ծառի տակ ննջել է։ Կայ, չկայ, ասիկա իմ դովլէաթն է, - կը մտածէ հովիւը եւ կը սկսէ լալ ու աղաչել, որ բախտը արթննայ, իրեն տէր կանգնէ, թէ չէ անտէր թողեր, ընկեր քներ է։
Դովլէաթը կը զարթնէ, կը հարցնէ՝ ի՞նչ կ՚ուզես։ Հովիւն ալ թէ՝ օրուայ հացի կարօտ ենք, բան մը ըրէ։ Բախտը երկու ձեռքը կը մեկնէ, մէկի մէջ՝ 10 փարա, միւսի՝ մէկ փարա․«որը կ՚ուզես, վերցրու»,-կ՚ըսէ բախտը։
Հովիւը կը մտածէ, թէ 10 փարան որ վերցնէ, մէկ ալ անգամ երես չի ունենայ ալ բան ուզելու, եւ մէկ փարան կը վերցնէ։
- Ագահութիւն որ չարիր, տաս փարան չվերցրիր, քեզ հետ կու գամ, - կ՚ըսէ բախտը։
Տունդարձի ճամբին հովիւը կը հանդիպի երկու մարդու, որոնք իրար կը զարկէին քարի մը համար։ Իր մէկ փարան կու տայ, կ՚առնի այդ քարը։ Կ՚երթայ ոչխարներու տիրոջ մօտ, կ՚ըսէ որ նրա դովլաթը ոչխարներուն կը նայէ, իրեն ի զուր տեղը ինչու է ղրկել։
Մարդն ալ կը չափէ երեք սոմար ցորեն կու տայ հովիւին, եւ նա ուրախ-ուրախ տուն կը դառնայ, ցորենը ամբարը կը դնէ, քարն ալ՝ թէրէքին՝ պատին ամրացուած տախտակին։ Արեւը որ մայր կը մտնի, քարը կը սկսի շողշողալ ու լոյս արձակել։
Օր մը վաճառական կ՚անցնէ այդ կողմերով։ Գիշերը կրակ կ՚ուզէ վառել, կը նայէ, հեռւում լոյս կը տեսնի։ Կու գայ անթեղ մը ուզելու իր խարոյկի համար։ Երբ կը հասնի հովիւի տուն, կը տեսնէ, որ այն լոյսը դարակին դրուած քարէն կու գար։ Կը հասկնայ, որ թանկարժէք քար է։ Առանց երկար բարակ մտածելու կ՚ըսէ թէ տաս հազար ոսկի կու տայ քարի համար։
Հովիւն ու կինը մեծ ուրախութեամբ կը վաճառեն քարը։ Վաճառականը այն քաղաքում տասնհինգ հազար ոսկով կը վաճառէ, ապա կը դառնայ հովիւի տուն․ հովիւի կնոջն էր հաւնել, կ՚ուզէր հնարքով մը փախցնէր։
Կը մտածէ թէ աս չոպանը որ իմանայ որքան աւել է վաճառել քարը, ապա կա՛մ սիրտը կը կանգնէ, կա՛մ ուշքը կը կորցնէ։ Կ՚ըսէ թէ․«անխե՛լք, տասը հազար օսկու առած քարդ, տասնըհինգ հազարի ծախեցի»։
«Անխելքը դուն ես, - կ՚ըսէ հովիւը, - ես մէ փարիմ՛ էի առէ, տասը հազարի ծախեցի»։
«Պէզիրկանը աս օր կ՚իմանայ՝ օ սահաթ վարամ կը բերէ, մեռնի կը»։ Իսկ վաճառականի ունեցուածքը կը մնայ հովիւին։ Այս դէպքէ ետքը հովիւն ու իր կինը իրենց բախտէն աչք չեն հեռացնէ, ժամ կ՚երթան եւ անոր համար աղօթք կ՚ընեն։