Չկատարուող ընտրութիւններու հարցը՝ միշտ օրակարգի վրայ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

 

Միտքի Հարթակը անցեալ երկուշաբթի Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ նուիրուած էր վեց տարիէ ի վեր չիրականացուող համայնքային հաստատութեանց ընտրութիւններուն։ Հաւաքոյթի մասնակիցներն էին Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին յունական եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս, փրոֆ. Տքթ. Էլչին Մաճար, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ ու հետաքրքիրներ։ Հաւաքոյթը վարեցին Գրիգոր Սահակօղլու եւ Սեւան Չաւուշեան։ Բանախօսներն էին իրաւագէտ Ռիթա Էնտեր եւ իրաւագէտ Սեպուհ Ասլանկիլ, որոնք ներկաները լուսաբանեցին չկատարուող համայնքային ընտրութեանց իրաւական երեսակին վերաբերեալ։

Նախ արտայայտուեցաւ Ռիթա Էնտեր, որ յայտնեց թէ 2013-ին Վաքըֆներու կանոնագիրէն դուրս հանուեցան ընտրութիւնները կանոնակարգող յօդուածները։ Ատկէ ետք պատահածները, ըստ Էնտերի չեն համապատասխանէր իրաւագիտութեան հետ։ Էնտեր յիշեցուց, որ 26-րդ շրջանի ՃՀՓ-ի երեսփոխան Սելինա Տողան եւ ՀՏՓ-ի երեսփոխան Թումա Չելիք նիւթը օրակարգի բերած էին նաեւ խորհրդարանին մէջ, ինչ որ նոյնպէս մնացած էր ապարդիւն։ Ըստ Ասլանկիլի եւս ընտրութիւններու չկատարուելուն միակ պատճառը կանոնագրէն պատկան յօդուածներուն ջնջուիլն է։ Ան ըսաւ, որ փոքրամասնութեանց վաքըֆները իրաւական որեւէ խնդիր չունին եւ ընտրութեան վերաբերեալ իրենց խօսակիցը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնն է։ Ասլանկիլ նշեց թէ նիւթին շուրջ զրուցած են համայնքային վաքըֆներու ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի հետ, որ խոստացած է նիւթը հետապնդել իր պաշտօնավարութեան շրջանին։

Խօսք առաւ նաեւ Լաքի Վինկաս։ Ան կատարեց ինքնաքննադատութիւն մը ու նշեց թէ անցեալին հաւատացած էր, որ հարցը կը լուծուի քաղաքական երկխօսութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ։ Սակայն հիմա կը կարծէ, որ հարցը կարելի պիտի ըլլայ հարթել օրինագիծով մը։ Վինկաս եւս շեշտեց թէ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին անյապաղ։ Ըստ իրենց հաւաքականութիւններու ժողովրդագրական կառոյցը հետզհետէ կը վատթարանայ, երիտասարդները կը հեռանան եւ վարիչները այլեւս ստեղծագործ չեն։ Խօսք առաւ նաեւ Ասորի կաթողիկէ եկեղեցիէն Ճան Էքեր, որ ըսաւ թէ նմանատիպ հարցեր ունի նաեւ ասորական համայնքը։ Իսկ Մանուկ Էօղեր ալ նշեց թէ փոքրամասնութիւններու բնակած թաղերու մէջ անոնց թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Ան կոչ ուղղեց որպէսզի հաստատութիւններ նեցուկ կանգնին իրարու։ Փակման խօսքը արտասանեցին Միտքի հարթակէին Թադէոս Պապեք եւ Յարութ Էօզէր։ Վերջինս ըսաւ որ Պատրիարքարանն ու կարգ մը հաստատութիւններ ընտրութիւններու կատարման ուղղութեամբ աշխատանք չեն տանիր։ Հուսկ, Սեւան Չաւուշեան յանձնարարեց, որ համայնքայիններ իրենց արձանագրութիւնները կատարել տան ընտրացուցակներու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ