Հայ մարզաշխարհը անցեալ շաբաթ կորսնցուց իր մեծագոյն արժէքներէն մէկը՝ ծանրորդ, ողիմպիական, աշխարհի եւ Եւորպայի ախոյեան Եուրի Վարդանեանը, որ Հայաստանի դեսպանի պաշտօն կը վարէր Վրաստանի մէջ, եղած էր նաեւ Մարմնամարզի նախարար։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւորականներ։ արարողութեան մասնակցեցան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք Վարդանեանի մարմինը ամփոփուեցաւ «Կոմիտաս» պանթէոնինն մէջ։
Վարդանեան ծնած էր 13 Յունիս 1956-ին, Կիւմրիի մէջ։ 1980-ին նուաճած էր Ողիմպիական խաղերու ախոյեանի կոչումը։ 1978-1981 թուականներուն եղած էր աշխարհի լաւագոյն ծանրորդը, ան սահմանած էր աշխարհի 43 մրցանիշ։ 1985-ին տարբեր մրցումներու մասնակցելով նուաճած էր 111 ոսկեայ մետայլ։ 1991-ին մեկնած էր ԱՄՆ, ուր հաստատած էր իր բնակութիւնը։ Վարդանեան 2009-ին նշանակուած էր Հայաստանի նախագահի խորհրդական, ապա՝ Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար։ Հռչակաւոր մարզիկը 2014-ին նշանակուած էր Վրաստանի դեսպան։