Նոր շրջան ԱՄՆ-ի մէջ

ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

ԱՄՆ-ի մի­­ջան­­կեալ ընտրու­­թիւննե­­րը, որոնց ար­­դիւնքնե­­րուն կը սպա­­սուէր ան­­համբե­­րու­­թեամբ, բա­­ցի քա­­նի մը մրցակ­­ցա­­­յին տա­­րած­­քէ աւար­­տե­­­ցաւ։ Թէեւ նա­­խագահ Թրամբ իր սո­­վորա­­կանա­­ցած ար­­տա­­­յայ­­տութեամբ զա­­նոնք «հո­­յակապ յաղ­­թա­­­նակ մը» որա­­կեց, սա­­կայն իրա­­կանու­­թիւնը բա­­ւական տար­­բեր է։ Յա­­ռաջի­­կայ եր­­կու տա­­րուայ ըն­­թացքին Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու տու­­նը պի­­տի ըլ­­լայ Թրամ­­բի ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու հսկո­­ղու­­թեան տակ։ Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու տան տար­­բեր յանձնա­­ժողով­­նե­­­րը, որոնք ու­­նին դա­­տական իշ­­խա­­­նու­­թիւն, կը ծրագ­­րեն նե­­ցուկ կանգնիլ յա­­տուկ դա­­տախազ Միւլլե­­րի կող­­մէ Թրամ­­բի վե­­րաբե­­րեալ ըն­­թա­­­ցող հե­­տաքննու­­թեան։ Ընդհա­­նուր կար­­ծի­­­քը այն է, որ հե­­տաքննու­­թիւնը եթէ չկա­­թուա­­ծահա­­րէ եր­­կի­­­րը՝ պի­­տի ըլ­­լայ լաւ հսկո­­ղու­­թեան եւ հա­­ւասա­­րակշռու­­թեան մի­­ջոց մը։

Քոնկրե­­սի միւս թե­­ւը հան­­դի­­­սացող ծե­­րակոյ­­տին մէջ կա­­ցու­­թիւնը տար­­բեր է։ Հան­­րա­­­պետա­­կան­­նե­­­րը բարձրա­­ցու­­ցած են իրենց կշի­­ռը՝ 51-49 հա­­մեմա­­տու­­թե­­­նէն, 53-47-ի։

Երկրի տա­­րած­­քին գրե­­թէ %9 տո­­կոս բարձրա­­ցած է դե­­մոկ­­րատնե­­րու քո­­ւէն։ Յստակ է, որ ԱՄՆ-ի մէջ կը փչէ փո­­փոխու­­թիւննե­­րու հով մը։ Ան­­ցեալին հան­­րա­­­պետա­­կան­­նե­­­րու ամե­­նաու­­ժեղ բեր­­դը նկա­­տուող երկրի արեւմտեան ափը ամ­­բողջա­­պէս կ՚անցնի դե­­մոկ­­րա­­­տական­­նե­­­րուն։ Յատ­­կա­­­պէս Արի­­զոնա­­յի ու Նե­­ւատա­­յի մէջ հե­­տաքրքրա­­կան են դե­­մոկ­­րատ ծե­­րակու­­տա­­­կան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու յաղ­­թա­­­նակը։ Թրամ­­բի դէմ եղած ընդդի­­մու­­թեան կեդ­­րո­­­նը հան­­դի­­­սացող Քա­­լիֆոր­­նիան եւս գրե­­թէ ան­­ցած է դե­­մոկ­­րատ կու­­սակցու­­թեան իշ­­խա­­­նու­­թեան տակ։ Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու տան 53 պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու 40-ը այ­­լեւս դե­­մոկ­­րատ է։ Անոնք կ՚ըսեն. «Մենք աւե­­լի երի­­տասարդ, աւե­­լի աշ­­խոյժ, աւե­­լի ստեղ­­ծա­­­գործ ժո­­ղովուրդը, այ­­սինքն ապա­­գան կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք աշ­­խարհի մե­­ծագոյն հին­­գե­­­րորդ տնտե­­սու­­թեան»։

Մինչ այդ պէտք է գիտ­­նալ, թէ Թրամբ քո­­ւէի հա­­մար կը դի­­մէ այն ամե­­րիկա­­ցինե­­րուն, որոնք դեռ իրենց երազ­­նե­­­րուն մէջ կը կեն­­դա­­­նաց­­նեն 1950-ական­­նե­­­րու իտէալա­­կան ԱՄՆ-ն, աւե­­լի պահ­­պա­­­նողա­­կան են, տնտե­­սապէս աւե­­լի ծանր կա­­ցու­­թեան մէջ եւ այդ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու մեղ­­քը կը բար­­դեն դե­­մոկ­­րատնե­­րուն վրայ, որոնք իրենց կար­­ծի­­­քով կը զօ­­րակ­­ցին գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն, կը մի­­տին կրօ­­նամո­­լու­­թեան ու ազ­­գայնա­­մոլու­­թեան։

Հա­­յերը այս ընտրու­­թիւննե­­րու ար­­դիւնքին ու­­նե­­­ցան երեք պատ­­գա­­­մաւոր։ Առ­­կայ զա­­նազան վէ­­ճերն ու այս ար­­դիւնքնե­­րը ան­­շուշտ պի­­տի չազ­­դեն ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան վրայ, որով­­հե­­­տեւ նա­­խագահն ու ծե­­րակոյ­­տը այդ ոլոր­­տէն ներս սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կանօ­­րէն զօ­­րաւոր են։ Իսկ Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու տու­­նը ազ­­դակ մըն է ներ­­քին գոր­­ծե­­­րու մէջ, սա­­կայն կրնայ ար­­տա­­­քին գոր­­ծե­­­րու վրայ հսկել պիւտճէի վրայ ու­­նե­­­ցած իր ազ­­դե­­­ցու­­թեամբ։ Նիւ Ճէօր­­զի ծե­­րակու­­տա­­­կան Պոպ Մե­­նեն­­տե­­­զի վե­­րընտրու­­թիւնը եւ ար­­տա­­­քին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու յանձնա­­ժողո­­վէն ներս, որ­­պէս ընդդի­­մու­­թեան առաջ­­նորդ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը դրա­­կան զար­­գա­­­ցում մըն է հա­­յերու տե­­սակէ­­տէն։ Բայց հա­­յերու հա­­մար ան­­յա­­­ջողու­­թիւն որա­­կուե­­ցաւ Թրամ­­բի կա­­ռավա­­րու­­թեան Իրա­­նի դէմ գոր­­ծա­­­ծուած պատ­­ժա­­­միջոց­­նե­­­րու մէջ ու­­թը եր­­կիր դուրս ձգե­­լը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նը այս ցու­­ցա­­­կին վրայ չներառելը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ