Քարտէզը թարմացուած

Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան քարտէզը մէկն է «Հրանդ Տինք» հիմնարկի մշակութային ժառանգութեան վերաբերող աշխատանքներէն։ Քարտէզը ո՛չ միայն առցանց եւ փոխազդու ուսումնասիրութեան միջոց մըն է, այլ նաեւ ճանապարհի ընկեր մը։ Քարտէզը մշակութային բազմազանութիւնը եւ Անատոլու բնակած զանազան ժողովուրդները տեսանելի դարձնելու նպատակով, կ՚արձանագրէ հայկական, յունական, ասորական ու հրէական մշակութային ժառանգութիւնը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով յիշեալ ժողովուրդներու կողմէ օգտագործուած եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, վանքերուն, գերեզմանատուներուն, սինակոկներուն, հիւանդանոցներուն եւ նման հաստատութիւններուն մասին։

Նոյեմբեր 2018-ին կատարուած նորացումով աւելցուեցան շուրջ 10 հազար կառոյցի վերաբերող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ տեսողա-լսողական նիւթեր։ Տեղեկութիւնները, որոնք կը փոխանցուին պատմութիւններով ու քաղաքի շրջապտոյտներով, ունին 360 աստիճան տեսարաններ, տեսագրութիւններ, ձայներ ու լուսանկարներ։ Վերջին նորացումներու շնորհիւ օգտատէրերը առիթ ունին յայտնաբերելու իրենց բնակած շրջապատին վերաբերող նիւթեր՝ որպէս յաւելուած մշակութային արժէքներու ու պատմութիւններու։

Աշխատութիւնը ո՛չ միայն նիւթական, այլ նաեւ ոչ-նիւթական մշակութային արժէքներն ալ կը պրպտէ՝ նպատակ ունենալով թէ՛ Թուրքիոյ բազմամշակոյթ ժառանգութիւնը տեղադրել քարտէզի վրայ եւ թէ մետիայի նոր միջոցներու օգտագործմամբ վերստին կենդանացնել յիշողութիւնը, որ կորստեան մատնուելու վտանգին տակ կը գտնուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ