Երկրի ընդհանուր ընթացքը դիտելու կարեւորագոյն եղանակն է օրաթերթերու խորագիրներուն նայիլ։ Միայն մակերեսային ակնարկով մը իսկ կարելի է տուեալ երկրի դէմ առ դէմ գտնուած դժուարութիւնները տեսնել։ Այստեղ կայ սակայն պայման մը։ Որոշ գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ այդ թերթերուն։ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող օրաթերթերու մեծամասնութիւնը կը պատկանին քանի մը օլիկարխական խմբակներու։ Այդ խմբակները բազմաբնոյթ գործերով կը զբաղին։ Սակայն այդ տարբեր բնոյթի գործերը ունին հասարակած եզր մը՝ բոլորն ալ պետութեան հետ առնչուած գործեր են։
Այս պայմաններու տակ, նման աշխատանք ունեցող ընկերութիւնները պարտաւոր են կառավարութեան հետ լաւ շփումներ ունենալու։ Այդ լաւ յարաբերութեանց գլխաւոր միջոցն ալ, իրենց հրատարակած կամ սփռած մետիայի միջոցաւ կառավարութեան քարոզչութիւնը ընել է։
Ուրեմն երկիրը ընկալելու համար ստիպուած ենք ընդդիմադիր մամուլին ալ հետեւելու։ Բայց դարձեալ զգուշանալու ենք։ Այս տեսակի մամուլն ալ իր կարգին կանխապաշարուած է։ Դատապարտուած է բոլոր պայմաններուն տակ ընդմիշտ կառավարութեան դէմ կեցուածք պահելու։ Վերջապէս այդ թերթերուն ետին եւս կան քաղաքական կուսակցութիւններ։
Երրորդ խմբակը բնականաբար ամենանուազն է իր տեսակով։ Այլընտրանքային յատկութիւն ցուցաբերող այդ տեսակի մամուլին համար լաւ օրինակ մըն է «Ակօս»։ Անկախ մամուլը ներկայ պայմաններու մէջ հետզհետէ ինքնամփոփուած է համացանցի դրութեան մէջ։ Կարողութիւն չունի գովազդներէ զրկուած ըլլալով հանդերձ տպագրութեան բազմածախս դժուարութիւնը յաղթահարելու։ Բացի թուղթի եւ տպարանի ծախսերէ, տպուած թերթը ընթերցողին փոխանցելն ալ ահռելի դժուարութիւն մը կը ներկայացնէ։ Թերթերու ցրուելու աշխատութիւնն ալ իր կարգին օլիկարխական մենաշնորհ մըն է Թուրքիոյ մէջ։ Կան ցրուիչ ընկերութիւններ, որոնք կը մերժեն կառավարութեան համար հաճելի չեղող թերթերու առաքումը։ Նոյնիսկ կը սպառնան կղպակներուն, միայն իրենց կողմէ ցրուած թերթերը ծախելու մասին։
Այդքանը իսկ բաւարար է հասարակութեան ծառայելու նպատակով գործող զանգուածային լրատուամիջոցներուն մատնուած անելը մատնանշելու համար։ Վերջ ի վերջոյ թերթ հրատարակողը տեղեակ է այս ասպարէզի փշոտ ճանապարհին։ Բայց կայ աւելին։ Իշխանութիւնը գովազդներու արգելքով եւս կը ճնշէ իրեն համար անհաճոյ թերթերու վրայ։ Այս մասին թրքական «Քարար» թերթը խմբագրական մը հրատարակելով բողոքեց մամուլը տնտեսական միջոցներով շրջաբակելու փորձերուն դէմ։
Ցաւալի է երեւոյթը երկրին հաշւոյն։ Ուժ ունեցողը իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ հակառակորդը ճզմելու համար։ Զարմանալիօրէն նման է երեւոյթը զանազան նիւթերու մէջ թուրքիոյ ամբողջութեան մանրակերտը հանդիսացող թրքահայ համայնքին համար ալ։ Հոն եւս կան իշխանութեան, (այս օրինակի բերմամբ Պատրիարքարանին) քարոզչութիւնը ընողներ եւ անոնց դէմ լրագրողութեան առաքելութիւնը կատար հանողներ։ Եթէ կառավարութիւնը իրեն ենթակայ ընկերութիւններու միջոցաւ գովազդներ կը շռայլէ իշխանամէտ մամուլին, նոյնը կ՚ընէ պատրիարքարանը, քսակը լայն բանալով իրեն ենթակայ մամուլի հաշւոյն։
Ափսոս որ մամուլի դէմ շրջափակում կամ արգելքներ յարուցելը հնամաշ աւանդութիւն մըն է մեր երկրին ու համայնքին առումով։ Անցեալին ալ հանդիպած ենք այս դժբախտ երեւոյթին, որ միշտ աւարտած է շրջափակողի, պոյքոթողի ետքայլով։
Հարցը խելքի ու իմաստութեան բացակայութիւն եթէ ըլլար, կը խնդրէինք Աստուծոյ ողորմութիւնը։
Ինչ ընես որ նման ռազմավարութեան դրդապատճառը ճարահատութիւնն է թէ կառավարութեան եւ թէ մեր Պատրիարքարանի համար։
pakrates@yahoo.com