ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանի ԺԷ դարու Կոստանդնուպոլիսը նկարագրող պատմագրութիւնը թրքերէն ընթերցողներուն ներկայացաւ 1952 եւ 1973 թուականներուն լոյս տեսած երկու տպագրութիւններով։ Առաջինը Իսթանպուլի համալսարանի գրական բաժնի հրատարակութիւնն էր, խմբագրուած Կեդրոնական վարժարանի նախկին տնօրէն Հրանդ Տէր Անդրէասեանի կողմէ։ Երկրորդ հրատարակութիւնը կատարեց «Էրէն» հրատարակչատունը, այս անգամ խմբագիր ունենալով անուանի մատենագէտ Գէորգ Բամպուքճեանը։ Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանի գործը վերջերս կրկին անգամ ուշադրութեան առարկայ դարձած է երբ այդ պատումները այս անգամ պիտի ներկայանան վաւերագրական ժապաւէնի մը միջոցաւ։ Այս վերջին աշխատանքի բերումով մենք ալ ձեւով մը ներառուած եղանք Պոլսոյ պատմութեան անծայրածիր նիւթին։ «Անծայրածիր» ածականը իրաւացի կը դառնայ վերջին տարիներուն յայտնաբերուած հնութիւններու շնորհիւ։ Պատահականօրէն շինարարական պեղումներու ընթացքին երեւան եկող զանազան գտածոներ հազարամեակներով աւելի ետ կը տանին քաղաքի պատմութիւնը։
Վրայ հասաւ գերմանական «Կէօթէ» հիմնարկի մէջ բանախօսութեան հրաւէրը, ուր պիտի խօսէի «Պոլսոյ խաները իբրեւ գաղթականներու օրրան» նիւթին շուրջ։
Այս բոլորէն ետք անխուսափելի էր այս մեծ քաղաքին, իմ ծննդավայրին, նախնիներուս գաղթավայրին, ազգիս հայոց գաղափարական խոյանքին ու ապա սարսափելի անկումին բեմահարթակին մասին թուղթեր մրոտել։
Աշխարհի բազմահազար քաղաքներուն մէջ բնական գեղեցկութեամբ եւ ընդգրկած մշակութային ժառանգի բերումով, անմիջապէս յիշուող առաջին կարգի քաղաքներէն է Իսթանպուլ։ Շնորհիւ իր ծովահայեաց դիրքին, ունի արտակարգ գեղեցկութիւն։ Բնական գեղեցկութեան կողքին, իր բազմահազար տարիներէ եկող բնակավայրի յատկութիւնը, տարբեր կայսրութիւններու մայրաքաղաք ըլլալու հետեւանքով հմայիչ է նաեւ իր կոթողային շինութիւններով։ Կենովացիներ, Բիւզանդական եւ Օսմանեան կայսրութիւնները իրենց տիրապետած շրջանի կնիքը թողած են այս չքնաղ քաղաքին վրայ։
Իսթանպուլ, կամ պատմական անուանումով Կոստանդնուպոլիս բացի իրեն տիրապետող ազգութիւններէ, օրրանը եղած է նաեւ զանազան մշակոյթներու, որոնց կարգին է հայ մշակոյթը։ Պատմական դէպքերը այնպէս ձեւաւորած են, թէ հայ ազգը իր մշակութային յատկութիւնը ներկայացնելու համար ունենայ երկու մայրաքաղաքներ, երկուքն ալ Հայաստանէ դուրս։ Այսպէս եթէ հայ ժողովուրդի արեւելեան հատուածի համար մշակութային մայրաքաղաք եղած է վրացական Թպիլիսին, արեւմտեան հատուածի համար ալ նոյն յատկութիւնը կը ներկայացնէ Պոլիսը։ Ուրեմն ան կենովական, բիւզանդական, օսմանեան ժառանգութեան կողքին ունի նաեւ հայկական դիմագիծ մը։ Եւ ոչ միայն այդքան։ Մեր տեսանկիւնը քիչ մը աւելի լայն բանալով պիտի նշմարենք հրէական, գնչուական, բուլղարական, արաբական, ալպանական, քրտական, լեզգիական, ապխազական երանքները եւս։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր դրոշմը թողելու երեւելի ու աներեւոյթ տարբեր եղանակներ։ Եթէ մէկը խոհանոցով պիտի ներկայանայ, մէկ ուրիշը խիստ ուրոյն կենցաղով, մաշկի գոյնով, տարազով, կամ ալ աւելի մէկ ուրիշը իր մշակած բանջարանոցով, կամ հաւատի եղանակով, ծէսով, սովորոյթով։
Կայ, ունինք, բայց նոյնիսկ չունենանք յաւելեալ գիտելիքներ, այս համայնապատկերը իսկ բաւական է, որ հետեւցնենք թէ Պոլիս իր պատմութեան բոլոր շրջաններուն գաղթերու գետին եղած, գաղթականներ ընդունած է։
Իբրեւ առեւտուրի եւ արտադրութեան կարեւոր կեդրոն, գաղթականներ երկու տարբեր եղանակներով եկած են Պոլիս։ Կան ժամանակաւոր աշխատանքի համար պանդխտութեան եկածներ, կան նաեւ ընտանեօք բնակութիւն հաստատելու համար եկածներ։ Հայ փռապաններ, բեռնակիրներ, զանազան աշխատանքներու բանուորներ եւ կին աղախիններ առաջին խմբակին մաս կը կազմեն։ Անոնք մեկնելով արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա, Երզնկա, Խարբերդ եւ այլ տարբեր քաղաքներէն, ծովու ճամբով կը հասնէին Պոլիս եւ հազիւ բերքահաւաքի ժամանակ կը վերադառնային իրենց տուները։ Մեծ էր նաեւ նոյն ծովու ճամբով Ռուսաստանի յատկապէս Սեւ ծովու ափին Կրասնոտար, Նովորոսիրսք եւ այլ քաղաքներ շինարարական աշխատանքի գացող պանդուխտ հայերու թիւը։
Միւս կողմէ մանաւանդ Օսմանեան Մեհմետ Բ. կայսրի քաղաքը արշաւելէն ետք հայերու զանգուածային գաղթ կատարուեցաւ դէպի Պոլիս։ Իշխանութիւնը այդ գաղթի հոսանքը խրախուսելով կ՚ուզէր քաղաքի տեղացի բնիկ ժողովուրդի դէմ հաւասարակշռութիւն պահել հայերու միջոցաւ։ Օսմանեան ռազմավարութեան կարեւորագոյն ապացոյցը եղաւ արշաւումէն ութ տարի անց, 1461-ին, նոյն թագաւորի հրովարտակով, Պոլսոյ պատրիարքարանի հիմնադրութիւնը։ Այս առթիւ կարգ մը յունապատկան եկեղեցիներ ալ յափշտակուեցան իրենց հաւատացեալներէն եւ տրամադրուեցան հայոց։
Կ՚արժէ Իսթանպուլի պատմութեան տեւողութեամբ ներկայացուցած նշանակութիւնը նիւթ առնող գրութեան այս հատուածին փակագիծ մը բանալ եւ մի քիչ ծանրանալ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի արեւմտահայոց անցեալին ու ներկային մէջ ունեցած դերակատարութեան եւ պոլսահայու ընդհանուր կերպարին։
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը հիմնադրութեան յաջորդող դարերու ընթացքին արեւմտահայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան երաշխիքը եղած է։ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին պատրիարքներ կը վայելէին «ազգապետ» կոչումը։
Յատկապէս ԺԹ դարու երկրորդ կիսուն արձանագրուած գաղափարային ոստումով պատրիարքարանը իր կազմին ունենալով նախարարութիւններու նման յանձնախումբեր, կը ներկայացնէր կառավարութեան կեդրոնի մը դիմագիծը։ Ուշագրաւ երեւոյթ է այն, թէ երկրի հայ ժողովուրդը Օսմանեան պետութենէ առաջ ձեւաւորեց ու ապա գործադրեց ազգային սահմանադրութիւն։ Այդ փաստաթուղթը հիմք հանդիսացաւ քանի մը տարի անց ստեղծուած Օսմանեան կայսրութեան առաջին սահմանադրութեան՝ «Քանունը էսասի»ին։ Պատրիարքարանի այս դիրքը խանգարուեցաւ հանրապետութեան շրջանին։ Ի տարբերութիւն անցեալի բազմազգի կայսրութենէն, այս անգամ պետութիւնը ձեւաւորուած էր «ազգային հանրապետութիւն»ի սկզբունքով եւ պիտի չհանդուրժեր ազգ կոչումով մերձենալ իր բազմազգի քաղաքացիներուն։ Ազգ բառը պիտի նշանակեր միայն ու միայն «թուրք ազգը» հասկացողութիւնը, որու հետեւանքով պիտի վերանային պատրիարքարանի հայ ազգի վարչական կեդրոն ըլլալու հանգամանքները։ Այժմ պատրիարքարանը միայն ու միանշանակ կերպով «հոգեւոր իշխանութիւն» է։
Մեծ եղեռնի արհաւիրքով անցած հայ ժողովուրդը կորսնցնելով իր նախկին բոլոր ձեռքբերումները կամայ, թէ ակամայ պիտի համակերպէր ներկայ պարտադրանքին, փառք տալով այսքանին ալ տիրացած ըլլալուն։ Արդարեւ յաջորդող տասնամեակներուն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յարատեւօրէն ճնշման տակ պահեց պատրիարքարանը, խանգարելով անոր իշխանութիւնը։ Մերժեց անոր օրինականութիւնը։ Այսօր Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը օրինական մարմին մը չէ, այլ «Տէ Ֆաքթօ» կազմակերպութիւն մը՝ զոր կը գործէ պետութեան հանդուրժողականութեամբ։ Պետութիւնը, մինչեւ ամենաբարձր ներկայացուցիչի՝ Հանրապետութեան Նախագահի միջոցաւ կը խօսի պատրիարքի հետ, բայց ինք պատրիարք աստիճանակարգի դրութեամբ խօսակից կ՚ունենայ Էմինէօնիւ թաղի գաւառապետը միայն։
Պետութեան շարունակական ճնշումը իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ հասարակութեան լայն խաւի մը վրայ։ Այժմու պոլսահայ հասարակութիւնը ճիշդ ալ պետութեան թելադրածին համակերպելով հրաժարած է իր իրաւունքներուն համար պահանջատէր ըլլալէ եւ անոնց վերատիրանալու համար պայքարելէ։ Հասարակութեան տիրող դիմագիծը միջակութիւնն է, եւ պոլսահայու քաղաքականութենէ եւ գաղափարախօսութենէ հեռու մնալու նախասիրութիւնը կը շարունակէ արտագաղթած այլ հայկական սփիւռքի կեդրոններէ ներս եւս։ Այս ընդհանուր դիմագիծէն դուրս եկողները կը դիտուին մտահոգութեամբ եւ յաճախ կը հալածուին իրենց սեփական ժողովուրդին կողմէ իսկ։
Անշուշտ որ կարելի է այս նիւթը ինքնին ընդլայնել եւ շատ աւելի բովանդակալից քննարկել։ Այժմ գոհանանք վերեւ բացուած փակագծի սահմանով եւ վերադառնանք պոլսոյ ընդհանուր յատկութիւններու մասին միտքեր ածելու։
Շարունակելի