Սասունցիների Պարը

Ծանօթ երգահան Մաժակ Թոշիկեանի Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» բանաստեղծութեան վրայ գրած երաժշտութիւնը բեմադրուած ու ներկայացուած էր սոյն տարուայ Սեպտեմբեր ամսուն Երեւանի մէջ։ Իսկ 12 Հոկտեմբերին ծրագիրը բեմադրուեցաւ Կիւմրի։ Այդ բեմադրութեան տպաւորութիւնները կը փոխանցենք հանրածանօթ գրող եւ մեր սիրելի բարեկամ Քեմալ Եալչընի գրիչէն, մի ուրիշ սիրելի բարեկամուհի Մելինէ Անումեանի թարգմանութեամբ, որ մեր կողմէ վերածուած է արեւմտահայերէնի։


ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ՝ ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ

Սասունը որ­­տե՞ղ է, իսկ Կիւմրի՞ն։ Սա­­­սու­­­նը ներ­­­կա­­­­­­­յիս Պաթ­­­ման նա­­­հան­­­գի գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է, իսկ Կիւմրին՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի երկրորդ մեծ քա­­­ղաքը, Կար­­­սի սահ­­­մա­­­­­­­նակից հա­­­րեւա­­­նը։ Սա­­­սունն ու Կիւմրին, Սա­­­սու­­­նը եւ Երե­­­ւանը թէ շա՜տ մօտ են, թէ շա՜տ հե­­­ռու, թէ միահիւ­­­սուա՜ծ, թէ՝ իրար­­­մէ ան­­­տե­­­­­­­ղեա՜կ։

Կիւմրե­­­ցինե­­­րը «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը դի­­­տելու եւ Սա­­­սու­­­նը վե­­­րապ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար 2018 թ. Հոկ­­­տեմբեր 13-ին լցրած էին Կիւմրիի Վար­­­դան Աճե­­­մեանի անո­­­ւան պե­­­տական դրա­­­մատի­­­կական թատ­­­րո­­­­­­­նի 600 հո­­­գանոց դահ­­­լի­­­­­­­ճը։ Ես նոյնպէս կիւմրե­­­ցինե­­­րու մէջ էի՝ որ­­­պէս Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանի հրա­­­ւիրեալ։ Մի կող­­­քիս սրբա­­­զան Գա­­­րեգին Պեք­­­ճեանն էր նստած, միւ­­­սիս՝ թարգմա­­­նիչ Մե­­­լինէ Անու­­­մեանն ու Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանը։ Այնտեղ էին նաեւ Շի­­­րակի փոխ­­­մարզպետ Սոֆ­­­յա Յով­­­սէ­­­­­­­փեանը, Շի­­­րակի թե­­­մի առաջ­­­նորդ Մի­­­քայէլ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Աջա­­­պահեանը, Էջ­­­միած­­­նէն՝ սրբա­­­զան Վար­­­դան Նա­­­ւասար­­­դեանը եւ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման բե­­­մադ­­­րիչ եւ եր­­­գա­­­­­­­հան Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը։

Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանի հետ ծա­­­նօթա­­­ցած էի Երե­­­ւան, Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանի շնոր­­­հիւ։ 3 օր էր՝ միասին էինք, սա­­­կայն այնպէս էինք մտեր­­­մա­­­­­­­ցած, կար­­­ծես՝ 40 տա­­­րուայ ըն­­­կերներ ըլ­­­լա­­­­­­­յին­­­քինք։

«Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման մա­­­սին նախ­­­նա­­­­­­­կան գի­­­տելիք­­­ներ էի ստա­­­ցել Հեր­­­մա­­­­­­­նէն ու Մա­­­ժակէն։ Այդ մեծ նա­­­խագի­­­ծը Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանին առա­­­ջար­­­կած էր Հա­­­մահայ­­­կա­­­­­­­կան խա­­­ղերի հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին կո­­­միտէի նա­­­խագահ Իշ­­­խան Զա­­­քարեանը։ Մա­­­ժակն ըն­­­դունած էր այդ առա­­­ջար­­­կը եւ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման նա­­­խագ­­­ծի իրա­­­կանաց­­­ման հա­­­մար պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս պայ­­­մա­­­­­­­նաւո­­­րուած ՀՀ Սփիւռքի նա­­­խարա­­­րու­­­թեան հետ։ Թէեւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի նոր կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը, խնա­­­յողու­­­թիւն ընե­­­լու նկա­­­տառ­­­մամբ, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ծրագ­­­րեր էր չե­­­ղեալ արել, սա­­­կայն շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած էր աջակ­­­ցիլ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» նա­­­խագ­­­ծին։

Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը հայ նշա­­­նաւոր գրող Գէորգ Էմի­­­նի «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» վեր­­­նագրով 8 էջա­­­նոց պոեմի հա­­­մար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած էր իր 50-ամեայ գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը եւ մէկ տա­­­րուայ ըն­­­թացքին բե­­­մադ­­­րած այն։ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յացումն առա­­­ջին ան­­­գամ ցու­­­ցադրո­­­ւած էր 2018 թ. Սեպ­­­տեմբե­­­րի 24-ին, Երե­­­ւանի մէջ։ Երե­­­ւանեան ցու­­­ցադրու­­­թիւնն առա­­­ջինն ու վեր­­­ջի­­­­­­­նը պէտք է ըլ­­­լար։ Սա­­­կայն Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը կը ցան­­­կա­­­­­­­նար, որ այն ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւի նաեւ Կիւմրիի մէջ։ Անոր հա­­­մար նիւ­­­թա­­­­­­­կան մի­­­ջոց­­­ներ էին անհրա­­­ժեշտ։ Մա­­­ժակը նա­­­խագ­­­ծի մա­­­սին պատ­­­մած էր Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանին եւ խնդրած, որ վեր­­­ջինս հո­­­վանա­­­ւորէ Կիւմրիի մէջ ցու­­­ցադրու­­­թիւնը։ Եւ Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանն ստանձնած էր բո­­­լոր ծախ­­­սե­­­­­­­րը, այդ թո­­­ւին՝ 60 հո­­­գինոց պա­­­րախմբի, արո­­­ւես­­­տի գոր­­­ծիչնե­­­րի, ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րի փո­­­խադրման, կե­­­ցու­­­թեան եւ սննդի ծախ­­­սե­­­­­­­րը։ Հեր­­­մա­­­­­­­նը նաեւ վար­­­ձած էր Վար­­­դան Աճե­­­մեանի անո­­­ւան պե­­­տական դրա­­­մատի­­­կական թատ­­­րո­­­­­­­նի 600 հո­­­գանոց դահ­­­լի­­­­­­­ճը, իսկ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման տոմ­­­սե­­­­­­­րը՝ անվճար կեր­­­պով եւ Վա­­­հան Թու­­­մա­­­­­­­սեանի մի­­­ջոցով մէկ առ մէկ բա­­­ժանած արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր կիւմրե­­­ցինե­­­րուն։

Այս ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման՝ Կիւմրիի մէջ բե­­­մադրման հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ բո­­­լոր գոր­­­ծե­­­­­­­րը կա­­­մաւոր կեր­­­պով իրա­­­կանա­­­ցու­­­ցած էր Վա­­­հան Թու­­­մա­­­­­­­սեանը։ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը 2018 թ. Հոկ­­­տեմբե­­­րի 12-ին եկան Կիւմրի եւ տե­­­ղաւո­­­րուե­­­ցան այստե­­­ղի հիւ­­­րա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն։ Ընթրի­­­քը ըրինք միասին՝ Վա­­­հան Թու­­­մա­­­­­­­սեանի «Շա­­­լէ Կիւմրի» ռես­­­տո­­­­­­­րանը։ Ծա­­­նօթա­­­ցանք ու մտեր­­­մա­­­­­­­ցանք իրար հետ։

Մին­­­չեւ 2017 թ. ոչ ոք չէր հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կուած բե­­­մադ­­­րել 1998 թ. Երե­­­ւանի մէջ վախ­­­ճա­­­­­­­նուած Գէորգ Էմի­­­նի այդ նշա­­­նաւոր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։ Իսկ 1947 թ. Իս­­­թանպու­­­լի Գը­­­նալը կղզիի մէջ ծնած, Թուրքիոյ երաժշտա­­­կան աշ­­­խարհին եւս իր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րով յայտնի Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը խի­­­զախած էր այդ գործն ստանձնած, որը յա­­­ջողու­­­թեամբ էր պսա­­­կուած։

Պոլ­­­սե­­­­­­­ցի Մա­­­ժակին բո­­­լորը կը ճանչնա­­­յին, բայց անոր անու­­­նը ոչ ոք գի­­­տէր։ Թուրքիան անոր ճանչցած էր Ճենք Թաշ­­­քան անու­­­նով։ 1981 թ. ան ստի­­­պուած էր Գա­­­նատա գաղ­­­թել։

Ճենք Թաշ­­­քան աշ­­­խա­­­­­­­տած էր Թուրքիոյ երաժշտա­­­կան աշ­­­խարհի այնպի­­­սի աստղե­­­րու հետ, ինչպի­­­սիք են՝ Նիւքհեթ Տու­­­րուն, Հիւ­­­մէյրան, Նի­­­լիւ­­­ֆե­­­­­­­րը, Աժ­­­տա Փեք­­­քա­­­­­­­նը, Նե­­­ճօն, Ճոշ­­­քուն Տե­­­միրը, Թան­­­ժու Օքա­­­նը, Սի­­­պիլ Փեք­­­թո­­­­­­­րոսօղ­­­լուն, Սե­­­զեն Աք­­­սուն եւ Աշ­­­քըն Նուր Եէն­­­կին։ Ճենք Թաշ­­­քա­­­­­­­նը Թուրքիոյ նո­­­ւիրած էր իր գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը, սէ­­­րը, հո­­­գին, երի­­­տասար­­­դութիւ­­­նը։ Սա­­­կայն Թուրքիան անոր թոյլ չէր տո­­­ւած ազատ կեր­­­պով իր հայ­­­կա­­­­­­­կան անու­­­նը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել։ Միայն ան կը հասկնայ, թէ ինչ կը նշա­­­նակէ հա­­­րազատ ինքնու­­­թիւնը եւ անու­­­նը թաքցնե­­­լով ու թրքա­­­կան կեղ­­­ծա­­­­­­­նուն կրե­­­լով ապ­­­րե­­­­­­­լը, որու հետ նման բան պա­­­տահած է։

Ճենք Թաշ­­­քա­­­­­­­նը հար­­­կադրո­­­ւած էր Գա­­­նատա գաղ­­­թել, քա­­­նի որ հնար չու­­­նէր Թուրքիոյ մէջ անխռով ապ­­­րել եւ ազատ կեր­­­պով ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծել։ Ան ստի­­­պուե­­­ցաւ ու­­­ղիղ 15 տա­­­րի ապ­­­րիլ՝ հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրի կա­­­րօտը քա­­­շելով։ 1996 թո­­­ւակա­­­նին վերստին Թուրքիա եկաւ։ Սա­­­կայն շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց իր բո­­­լոր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը Գա­­­նատա­­­յի մէջ գրել։ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» պոեմի երաժշտու­­­թիւնը եւս այնտեղ յօ­­­րինած էր։

2018 թ. Հոկ­­­տեմբե­­­րի 13-ին, ժա­­­մը 18։00-ին Կիւմրիի Վար­­­դան Աճե­­­մեանի անո­­­ւան պե­­­տական տրա­­­մադի­­­կական թատ­­­րո­­­­­­­նի մէջ մեր սրտե­­­րը միահիւ­­­սուած են Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանի սրտի հետ։ Սրա­­­հը լեփ-լե­­­ցուն էր։ Լսո­­­ւեցաւ առա­­­ջին զան­­­գի ձայ­­­նը։ Կիւմրե­­­ցինե­­­րը թէեւ չքա­­­ւոր են, բայց՝ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր։ Զան­­­գի ձայ­­­նէն ետք դահ­­­լի­­­­­­­ճի մէջ միայն հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­նե­­­­­­­րու սրտե­­­րի բա­­­բախիւնն կը լսո­­­ւէր։

Այդ պա­­­հուն Մա­­­ժակը ի՞նչ կը մտա­­­ծէր՝ չեմ գի­­­տեր։ Իսկ իմ մտքին Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթն էր, որուն առա­­­ջին ան­­­գամ տե­­­սած էի 2008 թ. Ֆրեզ­­­նօ՝ իր ձիու գա­­­ւակին բազ­­­մած։ Երեկ ալ Երե­­­ւանի մէջ էր փո­­­թոր­­­կի պէս սլա­­­նում, դար­­­ձեալ՝ ձիու գա­­­ւակին։

«Սա­­­սունցի՜ Դա­­­ւիթ, Սա­­­սունցի՜ Դա­­­ւիթ, որ­­­տե՞ղ ես»,-ըսե­­­լով՝ ան կը կան­­­չեմ մտքիս մէջ։

«Այստե՜ղ եմ»,- կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ ինձ։ Միայն ես եմ անոր ձայ­­­նը լսող։ Շուրջս կը նա­­­յիմ. բո­­­լորը Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթ են դար­­­ձած, բո­­­լորը անոր նման կը նա­­­յին։

Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթը հա­­­յերու դի­­­մադ­­­րութեան խորհրդա­­­նիշն է, ազ­­­գա­­­­­­­յին հե­­­րոսը։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր հա­­­յի ինքնու­­­թեան մէջ Սա­­­սունցի Դաւ­­­թէն մնա­­­ցած է հետք մը, ձայն մը։ Որ­­­տեղ հայ կայ՝ այնտեղ Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթն ալ կայ։ Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթը ամե­­­նուր է՝ իր ապ­­­րած հո­­­ղերէն բա­­­ցի։ Դաւ­­­թի ձին ծա՜ռս ըլ­­­լար։

Ապա Գէորգ Էմի­­­նը կու գար աչ­­­քիս առ­­­ջեւ։ «Ես ալ Սա­­­սունցի Դաւ­­­թի մի մաս­­­նիկն եմ, ես ամ­­­բողջո­­­վին Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթն եմ»,-կ՚ըսէ ինձ։

Ապա՝ լռե­­­լեայն կող­­­քիս նստած է։

«Հո­­­նազից բա­­­րո՜վ ես եկել, Քե­­­մա՛լ եղ­­­բայր, իսկ դու Սա­­­սուն գնա­­­ցե՞լ ես։ Դու Աշ­­­նակ գիւ­­­ղը գի­­­տե՞ս»,-կը հարցնէ ինձ։

Լռու­­­թեան ձայ­­­նով կը խօ­­­սինք։

Կը ճամ­­­բորդեմ ժա­­­մանա­­­կի մէջ.

Ան­­­ցեալէն ներ­­­կայ, ներ­­­կա­­­­­­­յէն ապա­­­գայ կ՚եր­­­թամ- կու գամ պահ մը։

Աշ­­­խարհը կանգ է առել, Կիւմրին՝ եւս, եւ Գէոր­­­գի հետ ի՜նձ կը նա­­­յիմ։

Ինքս ինձ կը հարցնեմ։

«Քե­­­մա՛լ, դու ին­­­չո՞ւ մինչ օրս Սա­­­սուն չես գնա­­­ցել»։

Սիրտս լուռ է։

Իսկ բա­­­նակա­­­նու­­­թիւնս մի ան­­­գամ ալ կը հարցնէր.

«Քե­­­մա՛լ, դու ին­­­չո՞ւ Սա­­­սուն չես գնա­­­ցել»։

Գէորգ Էմի­­­նը շշնջո՜ւմ է ական­­­ջիս։

«Մի՜ տխրիր, Քե­­­մա՛լ։ Այս երե­­­կոյ միասի՜ն կը գնանք Սա­­­սուն,- կ՚ըսէ ինձ, -«Ես ալ եր­­­բեք չեմ գնա­­­ցել այնտեղ։ Այ­­­լեւս ոչ մի հայ չէ մնա­­­ցած Սա­­­սուն։ Մեր տներն ան­­­տէր են մնա­­­ցել, եկե­­­ղեցի­­­ները՝ ան­­­ծուխ։ 1915-ին իրենց կեան­­­քը փրկել յա­­­ջողած սա­­­սունցի­­­ները կա­­­րողա­­­ցած են Հա­­­յաս­­­տան գալ։ Հաս­­­տա­­­­­­­տուած են Արա­­­գած լե­­­րան ստո­­­րոտին, Թա­­­լինի շրջա­­­նին, որու լեռ­­­ներն ու հո­­­ղը նման էին Սա­­­սու­­­նին։ Վերստեղ­­­ծած են Սա­­­սու­­­նը։ Գիւ­­­ղե­­­­­­­րը անո­­­ւանած են Սա­­­սու­­­նի գիւ­­­ղե­­­­­­­րու անուննե­­­րով։ Աշ­­­նակն ալ է այդ գիւ­­­ղե­­­­­­­րէն մէ­­­կը։ Կա­­­րօտն այ­­­րա՜ծ է ինձ, մոխ­­­րացրա՜ծ։ Այս երե­­­կոյ մո­­­խիր­­­նե­­­­­­­րիցս խառ­­­նե­­­­­­­լու եմ վերստին՝ քեզ հետ միասին։ Արա­­­գած լե­­­րան ստո­­­րոտի՜ն է Աշ­­­նակ գիւ­­­ղը։ Արա­­­գած լեռն ենք բարձրա­­­նալու, բայց ապ­­­րե­­­­­­­լու ենք Սա­­­սուն գտնո­­­ւող Մա­­­րու­­­թա լե­­­րան վրայ։ Դե՜հ, Քե­­­մալ։ Ձեռքս բռնի՛ր, միասի՜ն բարձրա­­­նանք Արա­­­գած ու Մա­­­րու­­­թա լեռ­­­նե­­­­­­­րու գա­­­գաթ­­­ներ»։

Վա­­­րագոյ­­­րը կը բարձրա­­­նա՜յ

Վա­­­րագոյ­­­րը կը բարձրա­­­նայ։ Արա­­­գածի գա­­­գաթը ձիւ­­­նա­­­­­­­պատ եւ ամ­­­պոտ է։ Արե­­­ւը կը շո­­­ղայ ամ­­­պե­­­­­­­րու վրա­­­յէն։ Արա­­­գածի առաջ պտղա­­­տու ծա­­­ռերու այ­­­գի­­­­­­­ներն են։ Միասին գիւղ կ՚եր­­­թանք։ Աղ­­­ջիկնե­­­րը կար­­­միր հա­­­գուստնե­­­րով են։ Անոնք կը թռչեն՝ կար­­­միր թի­­­թեռ­­­նիկնե­­­րու նման, քա­­­մինե­­­րու հետ կը պա­­­րեն՝ կար­­­միր կա­­­կաչ­­­նե­­­­­­­րու պէս։ Տղա­­­ները ծած­­­կած են գլուխնե­­­րը։ Խօսք չկայ, ձայն կայ միայն։ Երաժշտու­­­թեան լե­­­զուով եւ պա­­­րերով կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն ան­­­ցեալը, ներ­­­կան ու ապա­­­գան։

Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթն ալ անոնց մէջ է։ Մէ՜կ երկնա­­­կամար կը բարձրա­­­նան, աշ­­­խարհին վե­­­րեւէն կը նա­­­յին, մէ՜կ ալ՝ վար կ՚իջ­­­նեն, աշ­­­խա՜րհը անոնց կը դի­­­տէ։

Սա­­­սունցի­­­ները իրենց ցա­­­ւին դար­­­ման գտնե­­­լով, հրդե­­­հուած ար­­­տե­­­­­­­րուն սի­­­րոյ ջուր լցնե­­­լով՝ վերստին ծաղ­­­կե­­­­­­­ցան, նո­­­րէն ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին իրենց կեան­­­քը։ Երեկ միայն Սա­­­սու­­­նի մէջ կը պա­­­րէին, իսկ հի­­­մա՝ աշ­­­խարհի բո­­­լոր ծա­­­գերուն։ Դեռ անոնք շատ երա­­­զանքներ, գա­­­ղափար­­­ներ ու­­­նին՝ իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու։ Աշ­­­խարհը հիացած է անոնցմով, անոնք ալ՝ իրենց պա­­­պերով։ Հա­­­լա՜լ է քեզ, Սա­­­սո՜ւն, հա­­­լա՜լ է քեզ գո­­­յաց­­­րած հո­­­ղին ու քա­­­րին։ Հա­­­լա՜լ է քեզ ծնած ու սնած մայ­­­րե­­­­­­­րին եւ հայ­­­րե­­­­­­­րին։ Հա­­­լա՜լ է քո բա­­­ցած ծաղ­­­կին ու բող­­­բո­­­­­­­ջին։

Վա­­­րագոյրն կ՚իջ­­­նէ՜

Վա­­­րագոյրն կ՚իջ­­­նէ՜։ Կիւմրե­­­ցինե­­­րը յոտնկայս կը ծա­­­փահա­­­րեն բեմ կանգնած իրենց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն։ Ծա­­­փահա­­­րու­­­թի՜ւն, ծա­­­փահա­­­րու­­­թի՜ւն, ծա­­­փահա­­­րու­­­թի՜ւն։ Ծա­­­փահա­­­րու­­­թիւններն կ՚ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գեն Արա­­­րատ։ Ծա­­­փահա­­­րու­­­թիւննե­­­րը կ՚անցնին Մա­­­սիս, կը հաս­­­նին ու կը տա­­­րածո­­­ւին Սա­­­սուն։ Կիւմրին յոտնկայս է։ Աշ­­­խարհն ալ ոտ­­­քի կանգնած է։

Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը բեմ կը բարձրա­­­նայ։ Ձեռ­­­քե­­­­­­­րը չեն բա­­­ւարա­­­րուիր. սրտե­­­րը ու հո­­­գինե­­­րը կը ծա­­­փահա­­­րեն անոր։

Ապա Հեր­­­ման Խնդի­­­րեա՜նը բեմ կու գայ։

Դահ­­­լիճ ու բեմ կանգնած­­­նե­­­­­­­րը, Կիւմրի քա­­­ղաքը յոտնկա՜յս կը ծա­­­փահա­­­րէ անոր։

Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թի՜ւն քեզ, Հեր­­­մա՛ն։

Քո՜ շնոր­­­հիւ ապ­­­րե­­­­­­­ցանք այս երե­­­կոն, Սա­­­սու­­­նը, Աշ­­­նակ գիւ­­­ղը։ Քո՜ շնոր­­­հիւ վե­­­րապ­­­րե­­­­­­­ցանք մեր ան­­­ցեալն ու ներ­­­կան։ Քո՜ շնոր­­­հիւ վերստին Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթ դար­­­ձանք։

Հեր­­­մանն կը սկսի խօ­­­սիլ.

Կիւմրե­­­ցինե­­­րը անոր կը լսեն յար­­­գանքով, սի­­­րով եւ երախ­­­տի­­­­­­­քով։ Հեր­­­մա­­­­­­­նը կը գրկէ Կիւմրին, իսկ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը անոր կը սեղ­­­մէ իր կրծքին։

«Ան­­­ցեալի նշա­­­նաւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը եղող Լե­­­նինա­­­կանը եւ իր բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը պէտք է ան­­­պայման տես­­­նէին այս երե­­­կոյ ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը։ Ձեր բո­­­լորի վարձքը՝ կա­­­տար։ Այս երե­­­կոյ դար­­­ձեալ բախտ ու­­­նե­­­­­­­ցայ վա­­­յելել Հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ «թրէն փրկո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու» թե­­­մանե­­­րով բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գրքե­­­րի հե­­­ղինակ՝ գեր­­­մա­­­­­­­նաբ­­­նակ թուրք լրագ­­­րող Քե­­­մալ Եալ­­­չը­­­­­­­նի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը։ Ան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու ար­­­ժա­­­­­­­նացած է տար­­­բեր կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւննե­­­րու եւ հայ­­­կա­­­­­­­կան մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին միու­­­թիւննե­­­րու կող­­­մէ։ Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թի՛ւն քեզ, Քե­­­մա՜լ, այս երե­­­կոյին ներ­­­կայ գտնո­­­ւելու հա­­­մար»։

Այս հրաշք երե­­­կոն վա­­­յելե­­­լու հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւնը ինձ եւս ըն­­­ձե­­­­­­­ռելու հա­­­մար ես ալ քեզ շնոր­­­հա­­­­­­­կալ եմ, իմ սի­­­րելի՜ հայ եղ­­­բայր։

«Յար­­­գե­­­­­­­լի ժո­­­ղովուրդ, յու­­­սամ՝ բո­­­լորդ ալ գոհ մնա­­­ցած էք։ Շնոր­­­հա­­­­­­­ւորե­­­լով պա­­­րախմբի բո­­­լոր ան­­­դամնե­­­րուն՝ անոնց յա­­­ջողու­­­թիւն կը մաղ­­­թեմ յա­­­ռաջի­­­կայ բո­­­լոր ծրագ­­­րե­­­­­­­րուն։ Միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը յայտնեմ սի­­­րելի Մա­­­ժակին, որ այս երե­­­կոյի հա­­­մար մէկ ամ­­­սո­­­­­­­ւայ մէջ եր­­­կու ան­­­գամ ան­­­ցել է ով­­­կիանո­­­սը եւ Գա­­­նատա­­­յէն հա­­­սած Հա­­­յաս­­­տան։ Վարձքդ՝ կա­­­տար, Մա­­­ժակ։ Դար­­­ձեալ բո­­­լորին յա­­­ջողու­­­թիւն կը մաղ­­­թեմ։

Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն»։

Այս պարն աւարտ չու­­­նի՜

Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանն ու իր տի­­­կինը՝ Արե­­­գը, բե­­­մադ­­­րութեան բո­­­լոր մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն, հիւ­­­րե­­­­­­­րուն եւ «Թռչու­­­նեան տուն» ման­­­կա­­­­­­­տուն-կրթա­­­համա­­­լիրի երա­­­խանե­­­րուն հրա­­­ւիրե­­­ցին ճաշ­­­կե­­­­­­­րոյ­­­թի։ 280 հո­­­գանոց սրա­­­հը լցո­­­ւեց։ Ամե­­­նուր մաս-մա­­­քուր է, ամէն բան՝ դա­­­սաւո­­­րուած։

Սրբա­­­զան Գա­­­րեգին Պեք­­­ճեանը, Հեր­­­ման եւ Արեգ Խնդի­­­րեան­­­նե­­­­­­­րը, Շի­­­րակի փոխ­­­մարզպետ Սոֆ­­­յա Յով­­­սէ­­­­­­­փեանը, Վար­­­դան սրբա­­­զանը, Մե­­­լինէ Անու­­­մեանը, Մա­­­ժակ Թո­­­շիկեանը, պա­­­րու­­­սոյցներ Ար­­­ման Ջուլհա­­­կեանը եւ Արիկ Ասա­­­տու­­­րեանը, տնօ­­­րէն Գրի­­­գոր Խա­­­չատ­­­րեանը՝ բո­­­լորս կողք կող­­­քի ենք։ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րը» բե­­­մադ­­­րութեան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան տակ ենք։ Մեր գա­­­ւաթ­­­նե­­­­­­­րը կը բարձրաց­­­նենք Կիւմրիի մէջ բե­­­մադ­­­րութեան ցու­­­ցադրու­­­թիւնը հո­­­վանա­­­ւորած Հեր­­­ման եւ Արեգ Խնդի­­­րեան­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար։ Մի ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի երա­­­նու­­­թիւն եւ անկրկնե­­­լի ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն կ՚ապ­­­րինք։

Որոշ ժա­­­մանակ անց կը սկսի «Թռչու­­­նեան տուն» ման­­­կա­­­­­­­տան սա­­­ներու ծրա­­­գիրը։ Անոնց պա­­­րախումբը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ զա­­­նազան ժո­­­ղովրդա­­­կան պա­­­րեր։ Ոչ թէ կը պա­­­րեն, այլ՝ կ՚ապ­­­րին անոնցմով ու մեզ ալ կ՚ապ­­­րեցնեն։ Անոնք բո­­­լորն ալ շատ լաւ պատ­­­րաստո­­­ւած են։ Սրա­­­հը կը խան­­­դա­­­­­­­վառո­­­ւի. մար­­­դիկ հիաց­­­մունքով անոնց դի­­­տելով՝ կը մոռ­­­նան ու­­­տե­­­­­­­լիքի մա­­­սին։ «Սա­­­սունցի­­­ների պա­­­րին» կը փո­­­խարի­­­նէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի զա­­­նազան շրջան­­­նե­­­­­­­րու ժո­­­ղովրդա­­­կան պա­­­րերը։ Բո­­­լորով կը սկսինք քո­­­չարի պա­­­րել։ Ես ալ չեմ կրնար տեղս նստիլ։ Կը միանամ պա­­­տանի­­­ներուն։ Մե­­­լինէն ալ կը սկսի պա­­­րել։ Այ­­­լեւս յայտնի չէ՝ ով է հայ, ով՝ թուրք։ Մեր լե­­­զուն տար­­­բեր է, իսկ սիր­­­տը՝ մէկ։ Կը դժո­­­ւարա­­­նամ պա­­­տանի­­­ներու հետ հա­­­մաքայլ պա­­­րել։

Շունչս կտրո­­­ւելով՝ տեղս կը նստիմ։ Քիչ մը կը հանգստա­­­նամ։

«Քե­­­լէ՛ լաօ, քե­­­լէ՛ եր­­­թանք մըր էր­­­գիր»։ Մե­­­լինէն կը թարգմա­­­նէ եր­­­գի խօս­­­քե­­­­­­­րը։

Երի­­­տասարդնե­­­րէն մէ­­­կը կը մօ­­­տենայ եւ ինձ պա­­­րի կը հրա­­­ւիրէ։

Դե՜հ, եկէք միասին գնա՜նք մեր եր­­­կիր։

Հեր­­­մա­­­­­­­նի եւ Մա­­­ժակի հետ միասին կը դի­­­տեմ պա­­­տանի­­­ներուն։ Բո­­­լորն ալ շնոր­­­հա­­­­­­­լի են։

Տղա­­­ները կրա­­­կի՜ կտոր են, աղ­­­ջիկնե­­­րը՝ լուսնի՜։ Հեր­­­մա­­­­­­­նը անոնց բո­­­լորին հայրն է, իսկ «Թռչու­­­նեան տուն» ման­­­կա­­­­­­­տան բո­­­լոր երա­­­խանե­­­րը՝ անոր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը։ Հեր­­­մա­­­­­­­նը նա­­­յելով պա­­­րող, պա­­­րելէն չկշտա­­­ցող, անընդհատ թռվռալ ցան­­­կա­­­­­­­ցող մա­­­նուկնե­­­րուն ու պա­­­տանի­­­ներուն՝ կը մտա­­­ծէ. «Որ­­­քա՜ն մեծ­­­ցած են իմ բա­­­լիկ­­­նե­­­­­­­րը»։ Եւ երա­­­նու­­­թիւն կ՚ապ­­­րի։

Պա­­­րող­­­նե­­­­­­­րու մէ­­­ջէն 10-12 տա­­­րեկան մի երա­­­խայ կը մօ­­­տենայ Հեր­­­մա­­­­­­­նին ու կը խնդրէ. «Ես կ՚ու­­­զեմ պատ­­­րաստուիլ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան ըն­­­դունո­­­ւելու հա­­­մար։ Ինձ հա­­­մակար­­­գիչ կը գնե՞ս»։ Անու­­­նը կը հարցնեմ։ Կ՚ըսէ՝ «Սերժ»։

Հեր­­­մա­­­­­­­նը գո­­­րովան­­­քով կը շո­­­յէ անոր գլու­­­խը ու կ՚ըսէ. «Ի հար­­­կէ կը գնեմ։ Դուն աշ­­­խա­­­­­­­տէ։ Մնա­­­ցածը ես կ՚ընեմ»։

«Թռչու­­­նեան տան» սա­­­ները երե­­­կոյ­­­թի վեր­­­ջին եր­­­գը կը նո­­­ւիրեն Հեր­­­ման Խնդի­­­րեանին։

2018 թ. Հոկ­­­տեմբե­­­րի 13-ը Հեր­­­մա­­­­­­­նի շնոր­­­հիւ ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի կը դառ­­­նայ մեզ հա­­­մար։

Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթն ալ մեր շար­­­քե­­­­­­­րուն էր, շուրջպար բռնած էր մեզ հետ։ «Դե՜հ, երի­­­տասարդներ, դե՜հ, ըն­­­կերներ, դե՜հ բա­­­րեկամ­­­ներ» ըսե­­­լով՝ կը խան­­­դա­­­­­­­վառէր բո­­­լորիս ու կ՚աւե­­­լաց­­­նէր. «Դեռ շա՜տ երա­­­զանքներ ու­­­նենք՝ իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու»։

Մէկ կար, մէկ ալ ան­­­հե­­­­­­­տացաւ։ Մեր սրտե­­­րը խան­­­դա­­­­­­­վառո­­­ւեցան։ Մեր ձեռ­­­քե­­­­­­­րուն ուժ եկաւ, իսկ սրտե­­­րուն՝ ապ­­­րե­­­­­­­լու կամք։ Արա­­­րատի դէմ­­­քը կը ժպտար երա­նու­թենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ