ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Ջաւախքի հայերը կը հաւատային տեսիլքներու, երբ մարդու մարմինը անշարժ կը մնար, իսկ հոգին կը թեւածէր դրախտ, դժոխք եւ այլ՝ մարմնին անհասանելի աշխարհներ, ապա նորէն կը դառնար իւր տեղը։
Ահաւասիկ բզաւետցի մէկը կը պատմէր իր համագիւղացու հետ պատահած այդպիսի դէպք մը։
Օր մը աս մարդը Դիվինի հետ, որ իրենց գիւղի Պօղոսի հայրն էր եւ տեմիրճի՝ դարբին եղած էր, որսի կ՚երթայ։ Ապուլու լերան լանջին եղնիկ մը կը զարկին։ Մօտիկ կ՚երթան, բայց բան մը չեն գտներ։ Երկար դէսուդէն կ՚ընկնեն, սակայն իրենց որսը չեն կրնար գտնել։
Վերջը քոռ ու փոշման տուն կը դառնան։ Քանի մը օր անց մեմ՛ ա մէ օրմ՛ Դիվինը հիւնտցաւ։ Ոչ ոք գիտեր պատճառը։ Բայց Դիվինը քսանչորս ժամ մեռելի պէս ընկած էր մահճակալին, միայն սիրտը տքտըքար կը։
«Վախեցանք թը մեռնի կը։ Մէկալ օրը պիրտան-պիրա էլաւ նստաւ, արթղ խնդլներուս էղանք», - կը պատմէ աս բզաւետցին։
Դիվինն ալ կը դառնայ թէ. «Անա թը, ախպար, հէչ մէմ՛ չէք հարցնէ թէ ինչ էղաւ»։ Էհ, գիւղացիք ալ հարցուցին. «Ի՞նչ»։
Դիվինը «մեղայ քեզի Աստուած» կ՚ըսէ, կը խաչակնքուի.
«Է՜, ախպար, ի՞նչ է, մէմ՛ պատմէ տեսնինք»։
Եւ Դիվինը պատմեց։ Ասաց.
- Երէկ չէ առջի օրն օր մարալը կպուցինք ի՞նչ է, ըշտը ինծի տարան անտեղ, չորս բոլորս աշեմ տեսնիմ օր մէ ղոճա պաղմ՛, չայիր չիման.
Դիվինը այդ մեծ այգու չորս կողմերը որ կը նայէ, արեւելքում աթոռ մը կը տեսնէ, աթոռը ոսկեձոյլ, աթոռի վրայ ալ մարդ մը նստած՝ ճերմակ մօրուքով։
Այս մարդը Դիվինին որ կը տեսնէ, կը հարցուցի թէ իր մարալին զարկողը արդեօք նա՞ է։ Դիվինն ալ չէր խաբեր, կը խոստովանէ որ ինքն էր։
Այդ ատեն սպիտակամօրուս մարդը Դիվինին ցոյց տուեց կճուճները եւ ըսաւ որ Դիվինը նայէ տեսնէ՝ ինչ կայ այդ կճուճներու մէջ։
Դիվինը նայեց, տեսաւ անհաշուելի թուով կճուճներ կան շարուած, որի մէջը ձեռքը տարաւ, թեփ գտաւ, որի մէջ՝ շատ, որի մէջ՝ քիչ, որի մէջ՝ կիսով չափ։ Մէկն ալ կար՝ բուռ մը թեփ մնացեր էր։
Մարդն ասաց. «Գիտե՞ս, ատոնք օր կան՝ մարթուս էօմրն (կեանք) են, ում թէփն օր պարպի, ան մեռնի կը, այտի մէ բուռմ ՚ մնացածը քուկըդ է, տարի մը ետեւ պարպի կը, ինչի քիչմ՛ նա հոգիդ միտքդ չես բերէ, ու կ՚երթաս ուրիշին թիւվանք կը նետես»։
Դիվինը սա որ կը լսէ, անմիջապէս կը զարթնէ։ Ահա, կ՚ըսէ, ինձ տարի մը մնացեր է։
Բայց գիւղացիք չեն հաւատայ, մարդ է, հիւնդցեր է, ցնորք տեսած է կ՚ըսեն։
Սակայն տարին կը բոլորէ, եւ Դիվինը հոգին կ՚աւանդէ՝ այդ դէպքէն ուղիղ տարի մը յետոյ։ Այդ օրէն ի վեր գիւղացիք սուրբ կը համարեն եղնիկի ընկած տեղը եւ ամէն տարի գարնանը ուխտի կ՚երթան այնտեղ։
Կ՚ըսեն նաեւ թէ գիւղի մեծ տէրտէրի հարսը, ով նոյնպէս տեսիլքներ կ՚ունենայ, միշտ լոյս կը տեսնէ այդ տեղը, ուր եղնիկը ընկած էր։ Այս պարագան գիւղացոց համար աւելի զօրաւոր կը դարձնէ ուխտատեղին։