Առարկութիւններ 2023-ի տեսլականի փաստաթուղթին

Թուրքիոյ Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­­մէ- պատ­­րաստո­­ւած «2023-ի տես­­լա­­­կանի փաս­­տա­­­թուղթ»ը երկրի կրթա­­կան հա­­մակար­­գի վրայ կա­­րեւոր փո­­փոխու­­թիւններ կ՚առա­­ջար­­կէ։ 23 Հոկ­­տեմբե­­րին հրա­­պարա­­կուած փաս­­տա­­­թուղթը փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու պատ­­կա­­­նող դպրոց­­նե­­­րու հա­­մար առա­­ջարկ մը չներ­­կա­­­յաց­­նէր։ ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ Թու­­մա Չե­­լիք եւ Կա­­րօ Փայ­­լան այս առա­­ջարկնե­­րը քննա­­դատե­­ցին երկրի բնակ­­չութեան տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը նկա­­տի չու­­նե­­­նալ­­նուն պատ­­ճա­­­ռաւ։

Կրթա­­կան նա­­խարա­­րու­­թեան փաս­­տա­­­թուղթը թէ ուսման ծրագ­­րի, թէ դա­­սապահ­­նե­­­րու եւ թէ դպրոց­­նե­­­րու վե­­րակա­­ռուցման առու­­մով կա­­րեւոր փո­­փոխու­­թիւններ կը նա­­խատե­­սէ։

Փաս­­տա­­­թուղթի հրա­­պարա­­կու­­մէն ետք ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան Մար­­տի­­­նի պատ­­գա­­­մաւոր Թու­­մա Չե­­լիք փոք­­րա­­­մաս­­նութեան դպրոց­­նե­­­րու խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին մամ­­լոյ ժո­­ղով մը գու­­մա­­­րեց Խորհրդա­­րանի մէջ։ Ժո­­ղովին Չե­­լիքին կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէին նոյն կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ Քե­­մալ Փե­­քէօզ, Քե­­մալ Պիւլպիւլ եւ Զէյ­­նել Էօզեն։

Ժո­­ղովի ըն­­թացքին Թու­­մա Չե­­լիք նշեց որ այս փաս­­տա­­­թուղթը նկա­­տի չէ առած երկրի բնակ­­չութեան տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը։ «Թուրքիոյ հիմ­­նադրու­­թե­­­նէն այս կողմ ուսման հա­­մակար­­գը ձե­­ւաւո­­րուած է երկրի բնակ­­չութիւ­­նը միատարր տես­­նող հաս­­կա­­­ցողու­­թեան մը շուրջ»։ Չե­­լիք շա­­րու­­նա­­­կեց ըսե­­լով «Լո­­զանի դաշ­­նագրով երաշ­­խա­­­ւորո­­ւած է փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոց­­նե­­­րու գո­­յու­­թիւնը։ Հոն նշո­­ւած է, որ երկրի փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը իրա­­ւունք ու­­նին իրենց ապ­­րած քա­­ղաք­­նե­­­րու կամ գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ դպրոց­­ներ հիմ­­նե­­­լու եւ իրենց մայ­­րե­­­նի լե­­զուով ու­­սում ջամ­­բե­­­լու հա­­մար։ Պե­­տու­­թիւնը պար­­տա­­­կան է այս գոր­­ծընթա­­ցին աջակ­­ցե­­­լու եւ քա­­ղաքա­­պետա­­կան կամ պե­­տական պիւտճէէն ալ այս դպրոց­­նե­­­րու ծախ­­սե­­­րուն սա­­տարե­­լու։ Մենք որ­­պէս Թուրքիոյ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան պատ­­կա­­­նող քա­­ղաքա­­ցիներ կը կա­­տարենք մեր պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը, բայց չենք ար­­ժա­­­նանար կրթա­­կան հա­­մակար­­գի մէջ մեր ար­­դար իրա­­ւունքնե­­րուն։ Կա­­րեւո­­րագոյն խնդիր­­նե­­­րէն մէ­­կը փոք­­րա­­­մաս­­նութեան դպրոց­­նե­­­րուն յա­­տուկ դպրո­­ցի սահ­­մա­­­նու­­մով ըն­­կա­­­լուիլն է։ Մինչդեռ անոնք կը տար­­բե­­­րին շահ ապա­­հովե­­լու հա­­մար հիմ­­նո­­­ւած յա­­տուկ դպրոց­­նե­­­րէ։ Ու­­րեմն նա­­խարա­­րու­­թիւնը ստի­­պուած է փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոց­­նե­­­րուն յա­­տուկ կա­­նոնա­­գիր պատ­­րաստե­­լու»։

Թու­­մա Չե­­լիք նաեւ անդրա­­դար­­ձաւ ասո­­րի հա­­մայնքի դպրոց մը չու­­նե­­­նալու երե­­ւոյ­­թին։ «Ասո­­րինե­­րը Իս­­թանպու­­լի մէջ հա­­զիւ դա­­տարա­­նին զի­­րենք փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն ըլ­­լա­­­լով հաս­­տա­­­տելէն ետք 2012 թո­­ւին յա­­ջողե­­ցան ման­­կա­­­պար­­տէզ մը բա­­նալու։ Ասո­­րի հա­­մայնքը տա­­կաւին զուրկ է նա­­խակրթա­­րան մը ու­­նե­­­նալէ։ Պե­­տու­­թիւնը պար­­տա­­­ւոր է ասո­­րինե­­րուն դպրոց մը ու­­նե­­­նալուն հա­­մար պէտք եղած դրու­­թիւննե­­րը ըն­­ծա­­­յելու եւ պե­­տու­­թեան պիւտճէէն բա­­ժին յատ­­կացնե­­լու»։

Չե­­լիք մամ­­լոյ ժո­­ղովի բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան զու­­գա­­­հեռ պաշ­­տօ­­­նական հար­­ցումնա­­գիր մըն ալ փո­­խան­­ցեց Կրթու­­թեան նա­­խարար Զի­­յա Սել­­չուքին։

Թուրքիոյ խորհրդա­­րանի Փլա­­նի եւ պիւտճէի յանձնա­­խումբին մէջ ալ 7 Նո­­յեմ­­բե­­­րին օրա­­կար­­գի նիւթն էր Կրթու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թեան տա­­րեկան պիւտճէն։ Այս ժո­­ղովին նա­­խարար Զի­­յա Սել­­չուք լու­­սա­­­բանու­­թիւններ ըրաւ յանձնա­­խումբի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն մա­­սին։ Այս ժո­­ղովի ըն­­թացքին ալ ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան Տի­­յար­­պե­­­քիրի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան քննա­­դատու­­թիւններ ուղղեց 2023-ի տես­­լա­­­կանի փաս­­տա­­­թուղթին դէմ։ Փայ­­լան նշեց թէ եր­­կար տա­­րիներ իբ­­րեւ վար­­չա­­­կան պաշ­­տօ­­­նավա­­րած է փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոց­­նե­­­րուն մէջ եւ նշած է, որ այս փաս­­տա­­­թուղթը բա­­ւակա­­նին ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան չէ։

«Ձեր ելոյ­­թի ըն­­թացքին գոր­­ծա­­­ծեցիք «մեր ցե­­ղակից­­նե­­­րը» եզ­­րը։ Ես հայ եմ եւ Թուրքիա բազ­­մազգի եր­­կիր մըն է։ Թուրքիան ո՛չ թէ ցե­­ղակից­­ներ, այլ քա­­ղաքա­­ցիներ, հայ­­րե­­­նակից­­ներ կ՚ու­­նե­­­նայ։ Նշե­­ցիք որ թրքե­­րէնի եւ արա­­բերէ­­նի տի­­րապե­­տող ու­­սուցիչ­­նե­­­րու կա­­րիք ու­­նիք։ Իրա­­ւացի էք 3,5 մի­­լիոն սու­­րիացի եւ թե­­րեւս 5 մի­­լիոնի հաս­­նող արաբ հայ­­րե­­­նակից­­ներ կան։ Պէտք է իրենց մայ­­րե­­­նիով ու­­սում ստա­­նան։ Այս երե­­ւոյ­­թը միշտ վա­­խազ­­դու բան մը ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յացու­­ցին։ Ես հայ­­կա­­­կան դպրո­­ցի մէջ ու­­սա­­­նած եմ։ Իմ դա­­սարա­­նի մէջ միայն հա­­յախօ­­սու­­թիւն կար։ Նա­­խակրթա­­րանի տա­­րինե­­րուն ծա­­նօթա­­ցայ թրքե­­րէնի ալ եւ լաւ կը տի­­րապե­­տեմ երկրի լե­­զուին ալ։ Ու­­րեմն հա­­յերէն գիտ­­նալս թրքե­­րէն խօ­­սելուս ար­­գելք մը չէ եղած։ Երկլե­­զու ըլ­­լա­­­լով ես հա­­մերաշխ եմ բո­­լոր լե­­զու­­նե­­­րու հետ։ Մայ­­րե­­­նի լե­­զուով ու­­սուցու­­մը նա­­խընտրող տես­­լա­­­կան մը մեծ թափ կու տայ երկրի զար­­գացման։ Ձեր պատ­­րաստած փաս­­տա­­­թուղթին մէջ երա­­խանե­­րը հա­­մատեղ ապ­րե­լու խրա­խու­սող հաս­կա­ցողու­թեան մը փո­խարէն կը տի­րապե­տէ խե­ղաթիւ­րո­ւած պատ­մութեան մը քա­րոզ­չութիւ­նը։ Մեզ ոչ թէ իրա­րու օտա­րաց­նող, այլ իրա­րու մօ­տեց­նող, միաց­նող մեր­ձե­ցու­մի մը կա­րօտը ու­նինք…»։

Այս առ­թիւ նա­խարար Սել­չուք նշեց նաեւ, որ յա­տուկ դպրոց­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւած նիւ­թա­կան նպաստն ալ յա­ռաջիկայ տարիներուն աստիճանաբար պիտի վերացուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ