Ներկայացուցիչներու տան մէջ երեք հայեր

ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան 435 եւ ծերակոյտի 35 թափուր աթոռներու համար միջանկեալ ընտրութիւն։ Ամերիկայի հայ ազգային կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ ընտրութիւններու աւարտին երեք հայ պատգամաւորներ ընտրուած են Ներկայացուցիչներու տան։ Աննա Աստուածատուրեան Թուրքոտտ 1980-ականներուն Պաքուէն փախած հայերէն է եւ ընտրուած է Ուեստընպուրկի քաղաքական խորհուրդին։ Ներկայացուցիչներու տան նոր անդամ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Անթոնի Պրինտիսի հայկական ծագում ունի։ Իր նախնիները եկած են Մարտինէն։ 1915-ին ապաստանած են Հալէպ։ Բացի այդ Աննա Էշհօօ եւ Ճեքի Սփէյէր եւս դեմոկրատներու ցանկէն ընտրուած անուններ են։ Բացի հայ ծագում ունեցոմղ այս անուններէ, Հայ ազգային քոնկրէսի զօրակցած ուրիշ թեքնածուներ եւս ընտրուեցան։ Անոնց կարգին են Պօպ Մենենտեզ, Տէյվիթ Վալատաօ եւ Ճոն Եարմուտ։

Մինչ այդ Դեմոկրատական կուսակցութեան շարքերէն երկու մահմետական թեկնածուներ Ռաշիտա Թլաիպ եւ Իլհան Օմար ընտրուեցան, որպէս Միշիկընի եւ Մինեսոտա նահանգներու պատգամաւորներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ