Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ետք վերջին ապրողներէն Սիրվարդ Քիւրտեան, 27 Հոկտեմբերին հրաժեշտ կու տայ կեանքին Թորոնթօ-Գանատայի մէջ։ Քիւրտեան 106 տարեկան էր։
Սիրվարդ Քիրիշճեան Քիւրտեան ծնած է 1912-ին, Էրզուրումի մէջ, որպէս զաւակը Եղիշէ Քիրիշճեան-Եփրաքսի ընտանիքին։ Վեց զաւակներէն ամէնէն կրտսերն էր, երեք եղբայրները մահացած էին հիւանդութեան պատճառով։ 1915-ին ըլլալով երեք տարեկան, մոր եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միասին բռնի ելած էին ճամբայ դէպի Մուսուլ։ Երեխաներէն մէկը մահացած էր ճամբուն վրայ։
Պատերազմէն ետք Սիրվարդին մայրը կ՚որոշէ փոխադրուիլ Հալէպ։ Սովի մէջ խորտակուած քաղաքին մէջ, սնուելու համար Սիրվարդը կը տեղադրուի զանազան որբանոցներու մէջ։ Մեծ քոյրը փոքրիկ Սիրվարդին համոզած է, ըսելով «մեր մաման մահացաւ, այդ պատճառով ստիպուած ենք որբանոցին մէջ մնալ»։ Այստեղ կաթոլիկ դառնալու վիճակին մէջ յայտնուած է։ Մայրը իմանալով այս իրողութիւնը, որբանոցէն կ՚առնէ։ Յաճախած է Կիլիկեան Վարժարանը։ Մեծ քոյրը Արաքսին կը մահանայ 23 տարեկան հասակին, այսպիսով Սիրվարդ կը մնայ Եփրաքսիին միակ ողջ զաւակը։ 15 տարեկան հասակին կ՚ամուսնանայ ուրիշ Էրզուրումցի որբի մը, Խաչիկ Քիւրտեանին հետ։
Այդ տարիներուն նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուելու համար Խաչիկ Քիւրտեանը սորուած էր թրաքթէօր վարել, սակայն տարբեր պատճառներով չեն կրցած տեղափոխուիլ։ Խաչիկ Քիւրտեան մասնագիտութիւնը կը շարունակէ որպէս բեռնակառքի վարիչ Սուրիոյ մէջ, յաճախ անապատներուն մէջ երթեւեկելով։ Ընտանեկան պիւտճէյին սատար կանգնելու համար Սիվրարդ շուղ գործած է եւ ասեղնագործութիւն ըրած է, այս ասպարէզին մէջ Հալէպի մէջ յայտնի դարձած է։ Ամոլը աշխարհ բերած է չորս զաւակ։ 1960-ներուն Պէյրութ փոխադրուած են, Խաչիկ Քիւրտեան 1974-ին այստեղ կորսնցուցած է կեանքը։ Սիրվարդ Քիւրտեան, ընտանիքին հետ միասին 1991-ին կը հաստատուի Թորոնթօ, Գանատա։
Սիրվարդ Քիրիշճեան Քիւրտեան մինչեւ 102 տարեկան, Գանատայի եւ Հայաստանի եկեղեցիներուն համար շարունակեց ասեղնագործութիւն ընել։ 102 տարեկանին ապրած շրջանի պատասխանատու քահանայ մը զինք այցելած ժամանակ կը հարցնէ թէ եթէ դարձեալ աշխարհ գար, ինչ կ՚ուզէր։ Սիվարդ Քիւրտեան պատասխանած է՝ «Կ՚ուզեմ մանկութիւն մը ունենալ, երբեք չկրցայ ունենալ» պատասխանը կու տայ։
Սիվրարդ Քիրիշճեան Քիւրտեանին համար Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ թաղման արարութիւն կազմակերպուած է։ Յուղարկաւորութեան մեծաքանակ մասնակցութիւն եղած է։