Մտքի հարթակը 12 Նոյեմբեր 2018 երկուշաբթի Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ ժողով մը կը գումարէ նիւթ ունենալով փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու չիրականացած ընտրութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է կառավարութիւնը նոր կանոնագրի մը պատրաստուելու պատճառաբանութեամբ արգելք կը հանդիսանայ հաստատութիւններու վարչութեան ընտրութիւններուն։
Ժողովը պիտի վարեն Սեւան Չաւուշեան եւ Գրիգոր Սահակօղլու։ Իսկ ելոյթ պիտի ունենան իրաւապաշտպաններ Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Ռիթա Էնտեր։ «Փոքրամասնութիւններուն ամենաարդար իրաւունքն է իր հաստատութիւններու վարիչները ընտրելը։ Այդ իրաւունքէն զրկուած ենք երկար տարիներէ ի վեր։ Անելէն դուրս գալու համար կազմակերպած ենք խորհրդակցական ժողով մը, որուն համար կը խնդրենք բոլոր հետաքրքրուողներու մասնակցութիւնը» կ՚ըսուի Մտքի հարթակի յայտարարութեան մէջ։