ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դպրոցը իր հոգերով

Կեան­քի ան­խուսա­փելի պար­տադրածն է, այնքան արա­գըն­թացք կը հո­սի, որ մենք կը դժո­ւարա­նանք այդ հո­սան­քէն դուրս գալ եւ շատ էական ու կեն­սա­կան խնդիր­նե­րու վրայ ար­ժա­նի կեր­պով խորհրդա­ծել։

Այդ խնդիր­նե­րը շատ ան­գամ յան­կարծա­կի կեր­պով օրա­կար­գի կու գան եւ փո­խանակ ար­ժա­նաւոր կեր­պով քննար­կո­ւելու բա­նավէ­ճի մը մթնո­լորտին մէջ կը ծամծմո­ւին եւ կարճ ժա­մանա­կի մէջ ալ օրա­կար­գէ դուրս կու գան։

Այս տե­սակի խնդիր­նե­րէն մէկն է Թուրքիոյ հայ հա­մայնքին պատ­կա­նող ուսման հաս­տա­տու­թիւննե­րը։ Շատ ան­գամ այնպէս կը տա­րուինք, թէ Այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են պատ­մութեան ամե­նահին շրջան­նե­րէ ի վեր եւ յա­ւիտե­նական են։ Կար­ծես թէ ինքնա­բերա­բար կրնան գոր­ծել առանց ջան­քի մը։

Բո­լորս գի­տենք թէ իրո­ղու­թիւնը ամ­բողջո­վին տար­բեր է։ Մեր քա­ղաքի իւ­րա­քան­չիւր վար­ժա­րան ու­նի իր հիմ­նադրու­թեան տե­ղի տո­ւող պա­հան­ջարկը եւ մին­չեւ օրս ալ իր առա­քելու­թիւնը կը տա­նի շնոր­հիւ նո­ւիրեալ գոր­ծիչնե­րու։ Այդ նո­ւիրեալ գոր­ծիչնե­րը կրնան յայտնո­ւիլ խնա­մակա­լի մը, թա­ղակա­նի մը,ու­սուցի­չի մը, բա­րերա­րի մը նոյ­նիսկ ին­չու չէ տնտե­սի մը կեր­պարնե­րով։ Բո­լորն ալ իրենց ներդրու­մով ոտ­քի կը պա­հեն դպրո­ցը։

Պահ կու գայ երբ անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը եւ բո­լորը միասին յայտնո­ւին պա­րապու­թեան մը մէջ։ Հարց կու տան մէկզմիւ­սի թէ ի՞նչ կ՚ընեն։ Ին­չի՞ կը ծա­ռաէ իրենց աշ­խա­տու­թիւնը։ Ծա­ռայու­թիւն մը, որ կը մա­տու­ցեն որո՞ւ հա­մար պի­տանի է։ Ցա­ւալի է այն իրո­ղու­թիւնը, որ ներ­կայ դրու­թեան մէջ վե­րեւ նշո­ւած բո­լոր տար­րե­րը մերթ ընդ մերթ կը յայտնո­ւին։այս պա­րապու­թեան պայ­մաննե­րուն։ Խիստ մա­շեց­նող երե­ւոյթ մըն է բո­լորին հա­մար։

Ո՛չ միայն հայ դպրո­ցը այլ առ­հա­սարակ ու­սում կո­չուած հաս­կա­ցողու­թիւնը սկսած է իր իմաս­տը կորսնցնել։ Ու­սումը, գրա­ճանա­չու­թիւնը, թո­ւաբա­նու­թեան հիմ­նա­կան հա­շիւ­նե­րու իմա­ցու­թիւնը զար­գա­ցում կը նշա­նակէր նա­խապէս։ Մար­դիկ դպրոց եր­թա­լով կը լու­սա­ւորո­ւէին։ Ու­սումը կը բարձրաց­նէր անոնց կեն­սա­մակար­դա­կը։ Այ­սօր ակնկա­լու­թիւննե­րը բո­լորո­վին փո­խուած են։ Ամե­նաբարձր ԲՈՒՀ-ի վկա­յակա­նը շատ աւե­լի նո­ւազ նշա­նակու­թիւն ու­նի բաղ­դատմամբ իշ­խող կու­սակցու­թեան վե­րի խա­ւերէն մէ­կուն ան­հա­տական այ­ցե­քար­տին։ Կրնաս ըն­դունո­ւիլ ցան­կա­լի աշ­խա­տան­քի մը այդ այ­ցե­քար­տի շնոր­հիւ։

Իրաւ ալ մար­դիկ նա­խապէս կրթու­թիւնը դի­տած էին ոչ թէ գի­տու­թիւն կու­տա­կելու, այլ դրամ կու­տա­կելու մի­ջոց ըլ­լա­լով։ Նոյ­նիսկ ամե­նայա­ջող գոր­ծի մար­դը հա­մոզո­ւած էր, թէ իր զա­ւակը ու­սում ստա­նալով աւե­լի լաւ դիր­քի պի­տի տի­րանայ։ Սա­կայն կեան­քի փոր­ձը հա­կառա­կը պար­զեց։

Մա­նաւանդ մեր նման եր­կիրնե­րու մէջ տգի­տու­թիւնը շատ աւե­լի ար­ժէ­քաւոր յատ­կութիւն է, քան ու­սա­նած, լու­սա­ւորո­ւած, մտա­ծելու յատ­կութիւն ու­նե­ցող, ան­հա­տակա­նու­թիւն ու­նե­ցող մէ­կը։ Առանց հե­ռու եր­թա­լու դի­տելով շուրջ բո­լորը կա­րելի է այս հա­մոզու­մը հաս­տա­տել։ Ամե­նաբարձր աթոռ­նե­րը զբա­ղեց­նողնե­րը ամե­նամի­ջակ­ներն են։ Բայց անոնք շատ լաւ գի­տեն խա­ղին կա­նոնը։ Գի­տեն թէ որու կող­քին պէտք է կե­նան։ Գի­տեն թէ երբ պէտք է լռեն կամ խօ­սին։ Գի­տեն թէ իշ­խո­ղին դէմ գլուխ ցցե­լը վտան­գա­ւոր է։ Հա­մոզո­ւած են թէ ճա­կատա­բաց պայ­քա­րելու տեղ շատ աւե­լի ապա­հով է ոեւէ մէ­կու ետե­ւէն գործ դարձնել։

Ակա­մայ կը տա­րուինք այս բո­լորը մտա­ծելու, երբ օրա­կար­գի կու գայ հայ դպրո­ցի մատ­նո­ւած ճգնա­ժամը։ Դպրոց՝ որուն սա­ները կը յա­ճախէն ոչ թէ նա­խասի­րու­թեամբ, այլ ինքնա­բերա­բար։ Դպրոց՝ որուն ու­սուցի­չը այդ պաշ­տօ­նին կո­չուած ոչ թէ նա­խասի­րու­թեամբ, այլ ան­գործու­թեան հե­տեւան­քով։ Այս պայ­մաններու մէջ շատ նիւթեր ունինք դպրոցներու մասին խօսելու, որոնք պիտի թողունք մեր յաջորդ յօդուածներուն։

 

pakrates@yahoo.com