Պատմական հողամշակման տարածքները կենդանի գրադարաններ են

Մարդկութեան զարգացումը տեղի տուաւ երկրագունդի ջեռուցման, կլիմայի փոփոխութեան նման խիստ կենսական խնդիրներու, որոնք կը շարունակեն մեր կեանքին սպառնալ իրենց հաւանական հետեւանքներով։ Միւս կողմէ մարդկային միտքը կը փորձէ բնութեան, այլ կենդանութեան եւ համաշխարհային մարդկութեան միատեղ գոյատեւելու դրութիւնները որոնել։ Անատոլուի խորքերուն մերթ մի քիչ հեռու, մերթ մի քիչ բարձրադիր հողամշակման տարածքներ կան, որոնք իրենց մէջ կը պահեն արդի հասարակութեան կարգ մը խնդիրներուն լուծումները։

Հրանդ Տինք հիմնարկը եւ «Բնութիւն» միութիւնը միասնաբար կ՚ուսումնասիրեն պատմական հողամշակման տարածքներու հազարամեայ յիշողութեան հետքերը։

Հրանդ Տինք հիմնարկը Անատոլուի մշակութային ժառանգը յայտնաբերելու եւ վերակենդանացնելու միջոցները պրպտած պահուն ուսումնասիրեց նաեւ Ատանա եւ Տիվրիղիի մերձակայ պատմական հողամշակման տարածքները։ «Բնութիւն» միութեան հետ կատարուած այս աշխատութիւններէն դուրս եկաւ հողամշակման բազմահազար տարիներու պատմութիւնը։

«Բնութիւն» միութեան նախագահ Կիւվէն Էքենի հետ այս պատմական տարածքներուն, պատմածներուն համար խօսեցանք «Ակօս»ի համար։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Ի՞նչ կը նշանա­­­­կէ «պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքներ» բա­­­­ցատ­­­­րութիւ­­­­նը։

Երկրի վրայ մարդ արա­­­­րածին իբր բնու­­­­թեան մէկ մաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը գոր­­­­ծած եւ միաժա­­­­մանակ իր կա­­­­րիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հո­­­­գացած վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կ՚ակ­­­­նարկենք պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքներ ըսե­­­­լով։ Այս տե­­­­սակ տա­­­­րածքնե­­­­րուն կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պինք Անա­­­­տոլո­­­­ւի, հա­­­­րաւա­­­­յին Ամե­­­­րիկա­­­­յի, Ափ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կէի եւ տա­­­­կաւին զա­­­­նազան երկրա­­­­մասե­­­­րու վրայ։ Այստեղ մեր հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պած ար­­­­տադրու­­­­թեան եղա­­­­նակը բա­­­­ւական տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւններ կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ հո­­­­ղամ­­­­շակման ներ­­­­կայ դրու­­­­թիւննե­­­­րէն։ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յիս հո­­­­ղամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­մը կը կա­­­­տարենք սե­­­­փական կամ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքի պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նող տա­­­­րածու­­­­թեան մը վրայ։ Իսկ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան ար­­­­տադրու­­­­թեան տա­­­­րածքնե­­­­րը այս տե­­­­սակ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նումներ չէին ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար։ Անոնք կը հե­­­­տեւէին բնու­­­­թեան պար­­­­տադրած կամ թե­­­­լադ­­­­րած սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նումնե­­­­րուն։ Ար­­­­դէն անոր հա­­­­մար է, որ արտ կամ հո­­­­ղամաս բա­­­­ռի տեղ կը նա­­­­խընտրենք տա­­­­րածք եզ­­­­րը։ Ար­­­­տադրու­­­­թիւնը գիւ­­­­ղի մը բո­­­­լոր բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն գոր­­­­ծակցու­­­­թեամբ կը կա­­­­տարո­­­­ւէր։ Բնու­­­­թեան բո­­­­լոր կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի էակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար, ոչ թէ այդտե­­­­ղի տէ­­­­րը, այլ որե­­­­ւէ կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի էակի մը, ծա­­­­ռի մը, թռչու­­­­նի մը նման մարդն ալ կը գո­­­­յատե­­­­ւէր իր կեան­­­­քը։ Կ՚ար­­­­տադրէր իրեն պի­­­­տանի սնունդը, հա­­­­ցահա­­­­տիկը։

Ար­­­­դի հո­­­­ղամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­մին մէջ հո­­­­ղամա­­­­սին բո­­­­լոր բու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնը կը ջնջենք մեր աճե­­­­ցու­­­­ցած բոյ­­­­սին ծաղ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­լուն առիթ կու տանք։ Մինչդեռ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքնե­­­­րուն մէջ այդ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քը վրձի­­­­նի փոք­­­­րիկ հա­­­­րուած մըն է միայն։ Միւս բո­­­­լոր կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նինե­­­­րը շրջա­­­­նակը որ­­­­քան որ կը փո­­­­խեն մարդն ալ այնքան կը փո­­­­խէր միայն։

Հո­­­­ղամ­­­­շակման սկզբնա­­­­կան շրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մին­­­­չեւ օրս հա­­­­զարա­­­­ւոր տա­­­­րիներ այս աւան­­­­դութիւ­­­­նով ար­­­­տադրու­­­­թիւն կա­­­­տարո­­­­ւած վայ­­­­րեր կան։ Ահա այդ վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մենք պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքներ կ՚ըսենք։ Անա­­­­տոլո­­­­ւի լեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դաշ­­­­տի վրայ այդ տա­­­­րածքնե­­­­րու գո­­­­յու­­­­թիւնը նկա­­­­տելով որո­­­­շեցինք ու­­­­սումնա­­­­սիրել։

 

Իսկ այդ տա­­­­րածքնե­­­­րէն ի՞նչ տե­­­­սակ գի­­­­տելիք­­­­ներ կը յայտնա­­­­բերէք եւ ո՞ւր են այդ տա­­­­րածքնե­­­­րը։

Անա­­­­տոլո­­­­ւի մէջ մին­­­­չեւ հինգ կամ վեց դար առաջ հո­­­­ղամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­մը այս եղա­­­­նակով կը կա­­­­տարո­­­­ւէր։ Իսկ այ­­­­սօր միայն այդ եղա­­­­նակին եւ անոր թե­­­­լադ­­­­րած կեն­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­ղին կա­­­­րեւո­­­­րու­­­­թիւն ըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յող շրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ եւ ար­­­­դի ճար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րագի­­­­տու­­­­թեան ընդձե­­­­ռած պայ­­­­մաննե­­­­րէն զուրկ ան­­­­կիւննե­­­­րու վրայ կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պինք։ Այս ար­­­­տադրու­­­­թիւնը իր հետ կը պա­­­­հան­­­­ջէ տար­­­­բեր կազմ մը։ Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նէն կա­­­­ռավա­­­­րուող, բռնա­­­­տիրա­­­­կան եւ ճնշու­­­­մի մատ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան տեղ պէտք է աւե­­­­լի տար­­­­բեր հա­­­­մայնքա­­­­յին կա­­­­ռոյց մը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ։

Աւե­­­­լին՝ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքնե­­­­րուն մէջ գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հսկայ կու­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կում մը կայ։ Որ­­­­քան որ տա­­­­կաւին գրա­­­­ւոր աղ­­­­բիւրնե­­­­րու մէջ տեղ չէ գտած, ար­­­­տադրու­­­­թիւնը վերստին գնա­­­­հատե­­­­լու ծա­­­­ռայող հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան եւ կա­­­­րեւոր գի­­­­տելիք­­­­ներ են ասոնք։ Մի այլ բա­­­­ցատ­­­­րութիւ­­­­նով կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի գրա­­­­դարան­­­­ներ։ Մենք այ­­­­սօր կը խօ­­­­սինք կլի­­­­մայի փո­­­­փոխու­­­­թեան յար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րուե­­­­լու մա­­­­սին։ Այդ ուղղու­­­­թիւնով մեր ան­­­­ճար մնա­­­­ցած երե­­­­ւոյթնե­­­­րու դէմ լու­­­­ծումներ կան այդ տա­­­­րածքնե­­­­րու վրայ։ Թէեւ ոչ այսքան արա­­­­գօրէն, բայց կլի­­­­ման ամ­­­­բողջ պատ­­­­մութեան ըն­­­­թացքին ալ փո­­­­փոխու­­­­թիւններ ապ­­­­րած է։ Այստեղ գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծուած կա­­­­նոն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տաձե­­­­ւերը, հունտե­­­­րը, ծա­­­­ռերը հա­­­­մակեր­­­­պած են կլի­­­­մայի ալե­­­­կոծումնե­­­­րուն։ Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքնե­­­­րը սե­­­­ղանի վրայ ծրագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւած այ­­­­լընտրան­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յին բա­­­­ներ չեն։ Այլ մե­­­­զէ առա­­­­ջուայ սե­­­­րունդնե­­­­րուն կեան­­­­քի փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թեամբ փաս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան գան­­­­ձեր։ Այդ փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թեան տի­­­­րապե­­­­տելու հա­­­­մար պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր ենք ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­մար հե­­­­տազօ­­­­տու­­­­թիւններ կա­­­­տարե­­­­լու։

Մեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տած կա­­­­րեւոր իրո­­­­ղու­­­­թիւննե­­­­րէն մէ­­­­կը կնոջ դե­­­­րակա­­­­տարու­­­եան կա­­­­րեւո­­­­րու­­­­թիւնն է։ Նոյ­­­­նիսկ կա­­­­րելի է այստեղ կա­­­­տարո­­­­ւած գոր­­­­ծը կո­­­­չել կի­­­­ներու հո­­­­ղագոր­­­­ծութիւն։ Փո­­­­խարէ­­­­նը այ­­­­սօր հո­­­­ղագոր­­­­ծութիւ­­­­նը ճար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րագի­­­­տական գոր­­­­ծիքնե­­­­րու, կա­­­­լուա­­­­ծաթուղթե­­­­րով ստու­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նումնե­­­­րու եւ ըն­­­­դանրա­­­­պէս արա­­­­կան դի­­­­մագիծ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նող ոլոր­­­­տի մը վե­­­­րածո­­­­ւած է։ Այս աւան­­­­դութիւ­­­­նը ար­­­­դէն մե­­­­ծաւ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սամբ կոր­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է եւ մենք միայն հա­­­­տու­­­­կենտ օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն եւ հետ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պինք զա­­­­նազան վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու վրայ։ Այս դրու­­­­թիւնով ամ­­­­բողջ արտ մը հա­­­­զար եւ կող­­­­քի արտն ալ ձի­­­­թենեաց պար­­­­տէզ չէր, ընդ հա­­­­կառա­­­­կը, ձի­­­­թենիին ստո­­­­րոտին հա­­­­զար ալ կ՚աճեց­­­­նէին ցո­­­­րեն ալ։ Այ­­­­սօր այս երե­­­­ւոյ­­­­թին հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պիլը շատ դժո­­­­ւար է։

 

Ի՞նչ տե­­­­սակ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւն մը տա­­­­րիք Հրանդ Տինք հիմ­­­­նարկին հետ։ Ին­­­­չե՞ր յայտնա­­­­բերե­­­­ցիք Ատա­­­­նայի եւ Տիվ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­ղիի շրջա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։

Հրանդ Տինք հիմ­­­­նարկը այս տա­­­­րածաշրջա­­­­նին վրայ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւններ կը տա­­­­նէր։ Մեր զա­­­­նազան հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պումնե­­­­րուն գի­­­­տելիք­­­­ներ կը փո­­­­խանա­­­­կէինք իրա­­­­րու։ Տիվ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­ղիի եւ Ատա­­­­նայի մէջ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքներ կա­­­­յին եւ անոնց ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւնն ալ նա­­­­խագի­­­­ծի մէկ մաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը դար­­­­ձաւ։ Կարգ մը վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ քա­­­­նի մը ան­­­­ձեր, իսկ կարգ մը վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ ալ քա­­­­նի մը ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­ներ գի­­­­տակ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­բար կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէին այս հին դրու­­­­թիւնը։ Սո­­­­վորա­­­­կան ան­­­­ցորդը կը դժո­­­­ւարա­­­­նայ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքնե­­­­րը ար­­­­դի եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով մշա­­­­կուած ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րէն կամ հո­­­­ղամա­­­­սերէն զա­­­­նազա­­­­նելու։ Բայց մենք որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ կը դի­­­­տէինք գիտակցաբար, ուր որ եր­­­­թանք կը նկա­­­­տէինք այդ տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը։

Մեծ զա­­­­նազա­­­­նու­­­­թիւն մը կայ։ Կա­­­­յուն չէ այլ շար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կում մըն է այս։ Ժա­­­­մանա­­­­կի թե­­­­լադ­­­­րութեամբ զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հեռ կրնայ տեղ փո­­­­խել։ Այստեղ անձրեւն է ար­­­­դիւնքին վրայ ազ­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ղը։ Յե­­­­տոյ հո­­­­ղի մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կին հետ կա­­­­պուած բեր­­­­քի արա­­­­տու­­­­թիւնը եւս նկա­­­­տեցինք։ Օրի­­­­նակի հա­­­­մար խա­­­­ղողը Անա­­­­տոլո­­­­ւի մէջ շատ հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան բերք մըն է։ Բարձր տե­­­­ղերը կ՚աճի։ Գի­­­­տենք որ այ­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­ներու մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը քան­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է։ Գի­­­­նիի մշա­­­­կոյթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ ժո­­­­ղովուրդնե­­­­րու հե­­­­ռանա­­­­լով ար­­­­դիւնա­­­­բերու­­­­թեան մեծ նա­­­­հանջ մը ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է։ Այդ ար­­­­դիւնա­­­­բերու­­­­թիւնը բա­­­­ւական հոգ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տանջ է եւ մարմնա­­­­կան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քի կը կա­­­­րօտի։ Բա­­­­ցի մշա­­­­կոյ­­­­թի եւ հա­­­­ւատ­­­­քի վե­­­­րաբե­­­­րեալ փո­­­­փոխու­­­­թիւննե­­­­րէ քիչ մըն ալ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քի փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւն պա­­­­հան­­­­ջող բերք մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լուն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ այ­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­ները բաղ­­­­դատմամբ ձի­­­­թենի­­­­ներու շատ աւե­­­­լի արագ ան­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տացան։ Հի­­­­մա նախ­­­­կին այ­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­ներուն տեղ ցո­­­­րեն կը մշա­­­­կուի։

Հա­­­­յոց Անա­­­­տոլո­­­­ւէն հե­­­­ռանա­­­­լը շատ կա­­­­րեւոր ընդհա­­­­տում մը պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռած է։ Հա­­­­յերը այս աւան­­­­դութիւ­­­­նը փո­­­­խան­­­­ցած էին իրենց նա­­­­խոր­­­­դող ժո­­­­ղովուրդնե­­­­րէն։ Պահ մը խոր­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­ցէք, որ այդ բո­­­­լորը վե­­­­րացած ըլ­­­­լան քա­­­­նի մը տա­­­­րուայ ըն­­­­թացքին։ Շատ լայն տա­­­­րածքնե­­­­րու վրայ հա­­­­զարա­­­­ւոր տա­­­­րինե­­­­րէ ի վեր շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուած մշա­­­­կոյ­­­­թը յան­­­­կարծա­­­­կի կեր­­­­պով վե­­­­րացած ըլ­­­­լայ։ Երե­­­­ւոյ­­­­թը միւս ժո­­­­ղովուրդնե­­­­րու հաշ­­­­ւոյն ալ նման է։ Բնակ­­­­չութեան փո­­­­խանա­­­­կու­­­­մով ալ նոյն բա­­­­ները ապ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցան։ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան շրջա­­­­նի երկրորդ կի­­­­սուն գա­­­­ւառէն դէ­­­­պի մեծ քաղաք գաղթն ալ նման հե­­­­տեւանքնե­­­­րու պատ­­­­ճառ դար­­­­ձաւ։ Իսկ վեր­­­­ջին տա­­­­րինե­­­­րուն ջերմաե­­­­լեկտրա­­­­կան կա­­­­յան­­­­ներն ալ կա­­­­ռու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են այս տա­­­­րածքնե­­­­րու վրայ։ Իրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ այստեղ քան­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­լու յա­­­­րատե­­­­ւու­­­­թիւն մը կայ։ Անա­­­­տոլու բո­­­­լոր այս հանգրո­­­­ւան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ալ աւե­­­­լի անա­­­­պատի կը վե­­­­րածո­­­­ւի։ Աշ­­­­խարհագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան այս հա­­­­տուա­­­­ծը, որ խա­­­­ղողի հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքը կա­­­­րելի է հա­­­­մարել այ­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւ­­­­նը բո­­­­լորո­­­­վին կորսնցուց։ Գրե­­­­թէ ոչինչ մնաց խա­­­­ղողի յի­­­­շողու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րացու­­­­ցէք, որ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր քա­­­­ղաք իր ու­­­­րոյն խա­­­­ղողի մշա­­­­կոյ­­­­թը ու­­­­նէր։ Նոյ­­­­նիսկ մա­­­­կերե­­­­սային ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւննե­­­­րով կա­­­­րելի է ահա­­­­գին բան յայտնա­­­­բերել։ Բայց մենք այդ ալ չենք ըներ։

Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին տա­­­­րածքնե­­­­րը մեզ՝ այս հո­­­­ղերու այժմու բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­մար եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը ճանչնա­­­­լու վեր­­­­ջին փաս­­­­տերն են։ Վեր­­­­ջին են եւ շատ քիչ, բայց կան։ Մենք այդ մնա­­­­ցածէն հե­­­­տեւե­­­­լով կրնանք բնու­­­­թեան հետ հա­­­­մերաշխ գո­­­­յատե­­­­ւելու եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սոր­­­­վիլ։

 

Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նել այդ տա­­­­րածքնե­­­­րը, այս մա­­­­սին ռազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­վարու­­­­թիւն մը ու­­­­նի՞նք։

Աշ­­­­խարհի վրայ այս կա­­­­րեւոր եղե­­­­լու­­­­թեան անդրա­­­­դար­­­­ձողներ կան, բայց Թուրքիոյ մէջ նման աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւն տա­­­­կաւին սկզբման փու­­­­լին է։ Մեր միու­­­­թիւնը այս ուղղու­­­­թեամբ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տող միակն է։ Հո­­­­ղամ­­­­շակման ժա­­­­ռան­­­­գի տա­­­­րածքնե­­­­րը կը տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րին մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ժա­­­­ռանգնե­­­­րէ։ Անոնք տա­­­­կաւին կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի են։ Եփե­­­­սոսի հնա­­­­դարեան շի­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րուն նա­­­­յելով կրնանք յու­­­­զումնե­­­­րու մատ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւիլ, բայց պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան հո­­­­ղամ­­­­շակման տա­­­­րածքնե­­­­րը աւե­­­­լին կը պա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն։ Անոնք կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի գրա­­­­դարան­­­­ներ են, որոնց մէջ մար­­­­դիկ կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն ար­­­­տադրել հին սո­­­­վորու­­­­թիւննե­­­­րու հա­­­­մաձայն։ Պէտք է այդ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քին յա­­­­րատե­­­­ւու­­­­թեան հա­­­­մար օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կել իրենց։ Գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լու են, որ մարդկու­­­­թեան հա­­­­մար ար­­­­ժէ­­­­­­­­­­­­­­­քաւոր եւ կա­­­­րեւոր գործ մը կը կա­­­­տարեն։ Այս իրո­­­­ղու­­­­թիւնը պէտք է նկա­­­­տէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ հո­­­­ղամ­­­­շակման նիւ­­­­թով զբա­­­­ղող հա­­­­սարա­կական կազ­մա­կերպութիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ