Հայ գիրերու գիւտը փառաբանուեցաւ Տատեանի մէջ

3Նոյեմբեր Շա­­բաթ օր Պա­­քըր­­գիւղի Տա­տեան վար­­ժա­­­րանի «Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ» սրա­­հին մէջ Ս. Թարգման­­չաց տօ­­նի առ­­թիւ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ եր­­կու ձեռ­­նարկներ։ Թա­­ղի հո­­գեւոր հո­­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­­զունեան Հայ գի­­րերու գիւ­­տին եւ հա­­յոց այ­­բուբե­­նին մա­­սին տե­­սողա­­կան ճոխ առար­­կա­­­ներով բա­­նախօ­­սու­­թիւն մը կա­­տարեց։

Մինչ բա­­նախօ­­սու­­թեան սկիզ­­բը տնօ­­րէնու­­հի Ալիս Պայ­­րամ ող­­ջոյնի խօսք ուղղեց ներ­­կա­­­ներուն։ Ապա Տէր Տրդատ հայ­­րը պատ­­մեց Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի կեան­­քը, ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը եւ գոր­­ծե­­­րը։ Ան յատ­­կա­­­պէս անդրա­­դար­­ձաւ Մաշ­­տո­­­ցի հայ գրե­­րու պա­­կասու­­թիւնը ինչպէս վառ կեր­­պով զգա­­լու մա­­սին։ Ապա պատ­­մեց եթէ հայ գրե­­րու գիւ­­տը չըլ­­լար ին­­չեր պա­­կաս կը մնար հայ ինքնա­­պահ­­պա­­­նու­­թեան պայ­­քա­­­րին մէջ։ Քա­­հանայ հայ­­րը կ՚անդրա­­դառ­­նար նաեւ գի­­րերու ստեղծման եւ Սուրբ գիր­­քի թարգմա­­նու­­թեան պատ­­մութիւննե­­րուն։

Այս բա­­նախօ­­սու­­թեան առըն­­թեր վար­­ժա­­­րանին «Արէտ եւ Մո­­նիք Եր­­կա­­­նեան» սրա­­հին մէջ բա­­ցուե­­ցաւ արո­­ւես­­տա­­­գէտու­­հի Մա­­րի Թա­­փու­­ճո­­­ւի ման­­րանկար­­չա­­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը։ Նոյն ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մաս կազ­­մե­­­ցին նաեւ իր սա­­ներու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րէն նմուշներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ