Երազներու մասին

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Հինէն հայ ժողովուրդը մեծ տեղ կու տար երազ­­­նե­­­­­­­րուն եւ տե­­­սիլքնե­­­րուն։ Ջա­­­ւախ­­­քում կա­­­նայք սո­­­վորու­­­թիւն ու­­­նէին առ­­­տու կա­­­նուխ արթննա­­­լու ետք ան­­­մի­­­­­­­ջապէս պատ­­­մել իրենց երազ­­­նե­­­­­­­րը եւ բա­­­ցատ­­­րութիւններ փնտռել։

Յա­­­տուկ երա­­­զահան­­­ներ չու­­­նէին, քա­­­նի որ մեծ մա­­­սը գրա­­­ճանաչ չէր։ Սա­­­կայն որոշ քա­­­հանա­­­ներ իրենց ձեռ­­­քը «Հա­­­ւախօս» կո­­­չուած երա­­­զացոյ­­­ցը կ՚ու­­­նե­­­­­­­նային, որ­­­մէ կը բա­­­ցատ­­­րէին երա­­­զը։

Ժո­­­ղովուրդն իր իմա­­­ցած ձե­­­ւով, փոր­­­ձով կ՚ու­­­զէր բա­­­ցատ­­­րել երա­­­զը։ Այսպէս եթէ մէ­­­կը երա­­­զում մահ տես­­­նէր, ու­­­րեմն նշան է եր­­­կար կեան­­­քի, իսկ եթէ ատամ կը քա­­­շեն երա­­­զում, ազ­­­գա­­­­­­­կանի մա­­­հը կը գու­­­շա­­­­­­­կեն, հա­­­ցը հարստու­­­թիւն է, փո­­­ղը՝ ցաւ, ջու­­­րը՝ բա­­­րու­­­թիւն եւ այսպէս շա­­­րու­­­նակ։

Կա­­­յին նաեւ յա­­­տուկ պա­­­ռաւ­­­ներ՝ այդ գոր­­­ծին հմուտ։ Ոմանք ալ կը հպար­­­տա­­­­­­­նային իրենց բախ­­­տա­­­­­­­գու­­­շակ երազ­­­նե­­­­­­­րով, կ՚ըսէին թէ իրենց երա­­­զը «չա­­­տալ» է, նոյն օրը կը կա­­­տարո­­­ւի։

Երազ­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցով ան­­­գամ կը սի­­­րահա­­­րուէին եւ կ՚ամուսնա­­­նային։ Յի­­­շենք Ս. Սարգսի գի­­­շերո­­­ւայ աղի բլի­­­թը, որը կը ճա­­­շակէին չա­­­մուսնա­­­ցած աղ­­­ջիկ տղա­­­քը։ Ում իրենց երա­­­զում տես­­­նէին, ան ալ ու­­­րեմն պի­­­տի ըլ­­­լար իրենց հարսնա­­­ցուն կամ փե­­­սացուն։

Ապա երի­­­տասարդնե­­­րը կը յայտնէին այդ մա­­­սին իրենց ծնո­­­ղացը, ծնողքն ալ նրանց չէին շտա­­­պեց­­­նի ամուսնաց­­­նել, այլ կը սպա­­­սէին մին­­­չեւ յայտնո­­­ւի նրանց երա­­­զին բա­­­ժին հա­­­սածը։

Ջա­­­ւախ­­­քում կը հա­­­ւատա­­­յին որ Աս­­­տո­­­­­­­ւածու­­­թիւնը կամ սրբերն իրենց կամ­­­քը մարդկանց կը յայտնեն վեր­­­ջիննե­­­րիս երե­­­ւալով նրանց իսկ երազ­­­նե­­­­­­­րում։ Սրբե­­­րը կը յայտնո­­­ւին կամ իրենց բնա­­­կան կամ սպի­­­տակա­­­մօրուս ծե­­­րու­­­նու կեր­­­պա­­­­­­­րան­­­քով։ Կը հա­­­ւատա­­­յին նաեւ, որ երազ­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցով սրբե­­­րը կրնան մար­­­դուն այս կամ այն շնորհքին ար­­­ժա­­­­­­­նի դարձնել։

Առ­­­հա­­­­­­­սարակ, բո­­­լոր այնպի­­­սի կա­­­խարդնե­­­րը, ովք են գա­­­րի ցա­­­կող­­­նե­­­­­­­րը, փիլ­­­թա թա­­­փող­­­նե­­­­­­­րը, նետ դնող­­­նե­­­­­­­րը, կը պատ­­­մեն, որ իրենց շնորհքը երա­­­զում սրբի կող­­­մէ տո­­­ւած է։ Կը հա­­­ւատաց­­­նեն իբր երա­­­զում այ­­­սինչ սուրբը կամ Մա­­­րիամը Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծինը իրենց երե­­­ւացել է եւ այս ինչ թով­­­չութեամբ պա­­­րապե­­­լու իրա­­­ւունք է շնոր­­­հել։

Կը պատ­­­մեն թէ Յա­­­կոբ պատ­­­րիար­­­քը շատ անուս եւ բթա­­­միտ մարդ եղած էր։ Օր մը մայր տա­­­ճարում աղօ­­­թելիս, հէնց եկե­­­ղեցու մէ­­­ջը քուն կը մտնի։ Երա­­­զում նրան այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան կու գայ Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծինը։ Սուրբ Կոյ­­­սը նրան մի բա­­­ժակ կու տայ ըմ­­­պե­­­­­­­լու, որ­­­մէ Յա­­­կոբ պատ­­­րիար­­­քը իմաս­­­տութիւն կը ստա­­­նայ։

Նաեւ կը պատ­­­մեն որ Գան­­­ձա­­­­­­­յէն Աթո­­­յենց Մի­­­նասը երա­­­խայ ժա­­­մանակ վրա­­­ցուց մի գիւ­­­ղում ծա­­­ռայե­­­լուց կ՚ըլ­­­լար, սա­­­կայն վրա­­­ցերէն չէր գիտ­­­նար։ Այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռով Մի­­­նասը շատ սխալ­­­ներ կը գոր­­­ծէր եւ ծեծ կ՚ու­­­տէր։

Օր մը այդ ամէ­­­նի հա­­­մար նա կը ձգէ իւր ծա­­­ռայու­­­թիւնը եւ պահ մտնե­­­լով եկե­­­ղեցու մէ­­­ջը՝ այնտեղ ծա­­­ծուկ կը գի­­­շերէ, որ­­­պէսզի յա­­­ջորդ առա­­­ւօտ եր­­­թայ իրենց տուն։

Գի­­­շերը երա­­­զում Մի­­­նասը Սուրբ Կա­­­րապե­­­տին կը տես­­­նէ, ով իրեն կ՚ըսէ. « Մի՛ վա­­­խենա, օղո՛ւլ, մի՛ վա­­­խենա, առ իսի կո­­­րեկը կէ՛, լե­­­զուն սոր­­­վիս կը»։

Մի­­­նասը երեք բուռ կո­­­րեկ կ՚ու­­­տէ, առա­­­ւօտ արթնա­­­նալով կը հասկնայ, որ վրա­­­ցերէն խօ­­­սել գի­­­տի։ Գիւղ կը դառ­­­նայ եւ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր ծա­­­ռայու­­­թիւնը։

Կը հա­­­ւատա­­­յին նաեւ տե­­­սիլքնե­­­րուն, իբր մար­­­դու մար­­­մինն ան­­­շարժ կը մնար, իսկ հո­­­գին կ՚ել­­­նէր ու կը թա­­­փառէր դրախ­­­տում, դժոխ­­­քում եւ այլ տե­­­ղեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ