ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ
2011-ի վերջերը կամ 2012-ի առաջին ամիսներն էին։ Սուրիոյ մէջ քաղաքական բարեփոխութեան պահանջքով սկսած ժողովրդական ապստամբութիւնը պետութեան կողմէ ճնշուած էր բռնութեամբ եւ հետզհետէ կը վերածուէր տհաճ պատերազմի մը։ Հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ ստիպուած սկսած էին բախչիլ դէպի հիւսիս, թողլով իրենց տուները, արտերը, գիւղերը, թաղերը։ Անոնք իրենց ետին թողած Հալէպը, Ճերապլուսը, Միւնպիչը, Ռաքքան, Տէր Զօրը՝ ապաստանած էին Թուրքիոյ հարաւը գտնուող ճամբարները, ոմանք ալ հասած էին Անտիոք, Քիլիս, Այնթապ, Ուրֆա, Մարտին, Ատանա եւ նման քաղաքներ, նոյնիսկ մինչեւ Իզմիր ու Պոլիս։ Սուրիոյ ողբերգութեան հետզհետէ ծաւալումը երբ կը դիտէի, յիշած էի հարիւր տարի առաջ պատահած գաղթականական այլ ալիք մը։ Պատահարները ինծի յիշեցուցած էին Ա. Աշխարհամարտը, տեղահանութիւնը, ճամբարները եւ հիւսիսէն հարաւ աքսորուած օսմանեան հայերու եւ ասորիներու դէմ իրագործուած կոտորածները։ Յիշած էի ընտանիքս, որ Այնթեապէն բաժնուելու հարկադրանքին տակ մնալով ապաստանած էր Տէր Զօր եւ ապա հաստատուած Հալէպ։
Հակառակ հարիւր տարուայ հեռաւորութեան եւ որպէս համածիր առկայ տարբերութիւններուն, իմ մտածողութեանս մէջ կապ մը կայ այս երկու իրադարձութիւններու միջեւ։ Երկուքի հասարակած կէտը հասարակ քաղաքացի հանդիսացող ժողովուրդներն էին, որոնք փախուստ կու տային պետական բռնութենէն։ Պետութիւնը իր հպատակներուն (հոն ուր ժողովուրդները չունին քաղաքական իրաւունքներ, քաղաքացի բառը անբաւարար կը մնայ) մէկ մասին նկատմամբ կ՚իրագործէր ազգային- կրօնական խտրականութիւն։ 1915-ի զանգուածային բռնութեամբ քանդուած էր Օսմանեան պետութեան մէջ գործող հիմնարար սկզբունքները, որոնք կը շարունակուէին դարերէ ի վեր։ Անոնք որոնք քանդեցին այս կառոյցը, գաղտնապահ խումբ մը գաղափարախօսներ էին, որոնք թրքական ընդարձակ կայսրութիւն մը կ՚երազէին ու կը վախնային իրենց ձեռքինը կորսնցնելէ։ Տեսական ամբողջ յայտարարութեանց ետին կար կառավարելու եւ անհատապէս հարստանալու կիրքը։ Անոնք գրաւեցին իրենց զոհերուն ունեցուածքը։ 2011-ի զանգուածային բռնութեան նպատակը պահպանել էր Էսատ ընտանիքի իշխանութիւնը, որ 1970-էն ի վեր կ՚իշխէ եւ կը խոստանայ միացնել արաբական աշխարհը, սակայն կը քանդէ Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութիւնը։
Եթէ հարցնէք թէ ի՞նչ կապ կայ 1915-ի տաք ամիսներուն Սուրիոյ անապատին վրայ դէպի հարաւ քայլող աքսորականներուն եւ 2012-ին ռումբերու տարափէն փախչելով դէպի հիւսիս ընթացող փախստականներու միջեւ՝ ձեզի կը պատասխանեմ թէ «այո կապ մը ըլլալու է»։ Բայց որպէս պատմաբան իմ պատասխանս պիտի ըլլայ՝ չեմ գիտեր։ Մենք որպէս պատմաբան այս հարցումը չհարցուցինք։
Առէք արդի Միջին Արեւելքի, նոյնիսկ Ա. Աշխարհամարտի ընդհանուր պատմութիւնը ներկայացնող գիրք մը։ Հազիւ թէ 1915-ի Ցեղասպանութեան անդրադարձի մը հանդիպիք։ Հազիւ թէ հանդիպիք հայերու, ասորիներու եւ յոյներու պատմութեան- կարծէք այս երեք ժողովուրդը Միջին արեւելքցի չեն… Յոյները քշուած են Եւրոպա, հայերը՝ Կովկաս, իսկ ասորիները մոռցուած են բոլորովին։ Խնդրոյ առարկայ տարածաշրջանին մէջ, արաբներէն եւ թուրքերէն շատ աւելի առաջ, իրենց գոյութիւնը շարունակող այդ ժողովուրդները, աւելի ճիշդ Միջին Արեւելքի քաղաքակրթութիւնը այսօր ոչ միայն աքսորուած են այդ տարածքէն, այլ նոյնիսկ այդ տարածքներու ընդհանրական յիշողութենէն։
Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին պատահածները, հարիւր տարի ետք այսօր կը շարունակուին Միջին Արեւելքի մէջ։ Անցած է հարիւր տարի, Միջին Արեւելքի մէջ չէ վերջացած «Մեծ» պատերազմը։ Նկատի ունիմ այն, որ պատերազմը, զանգուածային բռնութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը յատուկ չէ Միջին Արեւելքին կամ իսլամական հաւաքականութիւններուն։ Նման պնդումները ցոյց կու տան միայն նման կարծիք ունեցողներուն տգիտութիւնը։ Ամենասարսափելի պատերազմները, ամենասարսափելի տմարդի գործողութիւնները, Ա. Աշխարհամարտը, Բ. Աշխարհամարտը, Եւրոպայի հրեաներուն ջնջումը, գաղութատիրական կարգ մը պատերազմներ եւ գաղութացուած ժողովուրդներու նկատմամբ ոճիրները գործն էին Եւրոպացի, գաղութատէր կայսրութիւններու, այսինքն խորհրդարանական ժողովրդավարութեան եւ շուկայական տնտեսութեան հիմնուած արդի քաղաքակրթութեան հիմքին գտնուող հաւաքականութիւններուն։
Պատմութիւնը ճակատագիր չէ։ Ստիպուած չէ ինքզինք կրկնելու։ Մարդիկ կրնան դասեր քաղել անցեալի փորձառութենէն եւ կրնան զանոնք սրբագրել ապագային։ Մինչդեռ այս առումով մեծ տարբերութիւն մը կայ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի միջեւ։ Եւրոպացիները գիտեն իրենց պատմութիւնը։ Մենք Միջին Արեւելքի մէջ կ՚ուրանանք պատմութիւնը։ Եւրոպացիները դասեր կը քաղեն իրենց անցեալէն, անյաջողութիւններէն, աղէտներէն։ Մենք Միջին Արեւելքի մէջ աղէտները կ՚ընկալենք որպէս առասպելային, աննման յաջողութիւններ ու զանոնք կը տօնախմբենք։
Օսմանեան հայերու նկատմամբ ցեղասպանութիւն մը իրագործուած ըլլալը ակադեմական շրջանակներու կողմէ միայն վերջին 15 տարիներուն է, որ ընդունելի եղաւ։ Այս կէտը կարելի եղաւ հասնիլ գրեթէ կէս դար տեւած գրաքննութեան եւ մոռացման ու որպէս շարունակութիւն յառաջացած տասնամեակներ շարունակուող պաշտօնական ուրացումի աւարտին։ Այս ուրացումի աղբիւրը միայն Թուրքիոյ պետութիւնը չէ (այլապէս դիւրին կ՚ըլլար դիմադրել), միեւնոյն ժամանակ երրորդ կողմերն էին, որոնք կարելի կը դարձնէին լռութիւնը եւ ուրացումը՝ Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ այլուր ցուցաբերած իրենց անտարբերութեամբ։ Որպէս արդիւնք ստեղծեցինք արդի Միջին Արեւելքի պատմագրութիւն մը, որ կը պարունակեն թերի գիտելիքներ, սխալ կարծիքներ եւ սեւ ծակեր։ Պատմութիւնը առանց գիտնալու ինչպէ՞ս կրնանք դասեր քաղել անկէ։
Կրնանք ուրանալ մեր պատմութիւնը, կրնանք սուտ խօսիլ մեր անցեալի մասին։ Սակայն միայն մենք մեզ խաբած կ՚ըլլանք