ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաւիտենական են Պոլսոյ յատկութիւնները ԺԷ

ԺԷդա­­րու Պոլ­­սոյ պատ­­մութեան կա­­րեւո­­րագոյն պատ­­միչն է Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճիեանը։ Իս­­թանպու­­լի պատ­­մութեան մա­­սին իր գիր­­քը Կեդ­­րո­­­նակա­­նի եր­­բեմնի տնօ­­րէն Հրանդ Տէր Անդրէասեանի կող­­մէ վերստին խմբագ­­րո­­­ւած եւ հրա­­տարա­­կուած է Իս­­թանպու­­լի հա­­մալ­­սա­­­րանի մա­­տենա­­շարէն։ 1952-ի այդ հրա­­տարա­­կու­­թեան յա­­ջոր­­դած է, ու­­րիշ շատ կա­­րեւոր պատ­­մա­­­բան մը՝ Գէորգ Փա­­մուքճեան, որ կրկին ան­­գամ խմբագ­­րե­­­լով այս ան­­գամ գիր­­քը հրա­­տարա­­կած է «Էրեն» հրա­­տարակ­­չութեան մա­­տենա­­շարէն, 1973-ին։ Այս հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը տե­­ղի տո­­ւած են ժա­­մանա­­կակից սե­­րունդի հե­­տաքրքրու­­թեան։ Բնա­­կան երե­­ւոյթ մը, քա­­նի Քէօմիւրճիեան շատ վառ պատ­­կե­­­րացու­­մով փո­­խան­­ցած է քա­­ղաքի յատ­­կանշա­­կան ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։

Ինչպէս, որ Պա­­րոնեանի «Ատամ­­նա­­­բոյժն Արե­­ւելեան» թատ­­րերգու­­թիւնը տե­­ղի տո­­ւած էր, այդ պատ­­մա­­­կան գոր­­ծին վե­­րաբե­­մադ­­րութեան այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնն ալ այժմ տե­­ղի կու տայ Քէօմիւրճիեանի ոտ­­նա­­­հետ­­քե­­­րով վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի մը ստեղծման։ Վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի հե­­ղինակ­­նե­­­րը մտա­­դիր են Քէօմիւրճիեանի հե­­տեւե­­լով ներ­­կայ պատ­­կերնե­­րու մէ­­ջէն յայտնա­­բերել ան­­ցեալը։ Իսկ ան­­ցեալ ըսո­­ւածը բա­­ցի քա­­րերու, շէն­­քե­­­րու պատ­­մութե­­նէն, իր հետ կը բե­­րէ նաեւ ամ­­բողջ շրջա­­նի մը ապ­­րումնե­­րը։ Այս երե­­ւոյթն է, որ շատ աւե­­լի հա­­ղոր­­դա­­­կան կը դարձնէ գրա­­կանու­­թիւնը։ Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճիեան իր պատ­­մածնե­­րով այժմու սե­­րունդնե­­րուն հա­­մար ալ ահա­­գին միտ­­քեր ու խոր­­հուրդներ կը փո­­խան­­ցէ։ Սա­­կայն Քէօմիւրճիեանի պա­­տու­­մին հա­­մազօր ար­­ժէք ու­­նի նաեւ Հրանդ Տէր Անդրէասեանի յա­­ռաջա­­բանի իմաս­­տով գրած նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը։ Ան կը ծա­­նօթաց­­նէ Քէօիւրճիեանի կեն­­սագրու­­թիւնը, անդրա­­դառ­­նա­­­լով նաեւ ժա­­մանա­­կի ընդհա­­նուր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին։ Այդտեղ կը հան­­դի­­­պինք այնպի­­սի նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րու, որոնք միան­­գա­­­մայն ընդմիշտ կը կոր­­ծա­­­նեն մեր այն տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը, որոնց մատ­­նո­­­ւած էինք ըն­­թերցե­­լով Պա­­րոնեանի թատ­­րերգու­­թիւննե­­րը։ Խեղճ միամ­­տութեամբ տա­­րուած էինք խոր­­հե­­­լու, թէ անցնող 100-150 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ոչ մէկ բան փո­­խուած է մեր ըն­­կե­­­րային կեան­­քի մէջ։ Չէինք անդրա­­դար­­ձած, որ կը սխա­­լինք։ Չա­­փազանց կը սխա­­լինք այդ ան­­փո­­­փոխ ժա­­մանա­­կը միայն 100-150 տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով դի­­տելու ատեն։ Ո՛չ Քէօմիւրճիեանի պատ­­մածնե­­րը կ՚ապա­­ցու­­ցեն թէ շատ աւե­­լի եր­­կար ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը տե­­ւողու­­թեամբ բո­­լոր թե­­րի յատ­­կութիւննե­­րը նոյ­­նութեամբ պա­­հուած, պահ­­պա­­­նուած են մեր ըն­­կե­­­րային կեան­­քի մէջ եւ հա­­սած ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։ Օրի­­նակի հա­­մար Հրանդ Տէր Անդրէասեան ԺԷ. դա­­րը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար կը գոր­­ծա­­­ծէ «Պոլ­­սա­­­հայ պատ­­մութեան մութ շրջա­­նը» բա­­ռը։ Այդ մու­­թը կը նկա­­րագ­­րէ հո­­գեւո­­րական դա­­սու այ­­լա­­­սերու­­մով։ «Հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը այնքան չա­­րագործ էին, որ կա­­շառ­­քով, սու­­տով եւ կեղ­­ծի­­­քով կա­­րելի էր մին­­չեւ պատ­­րիար­­քա­­­կան աթոռ բարձրա­­նալ»։ Ո՞վ կրնայ հա­­մար­­ձա­­­կիլ պնդե­­լու, թէ այստեղ նշո­­ւածը մեր պատ­­մութեան դժբախտ ժա­­մանակ­­ներն էին, որոնք եկան ու ան­­ցան եւ հի­­մա ամէն ինչ խիստ օրի­­նական է ու ար­­դար։

Ո՛չ։ Եր­­բե՛ք ու եր­­բեք չէ աւար­­տած այս խա­­ւար դա­­րաշրջա­­նը եւ մենք այ­­սօր եւս դա­­տապար­­տո­­­ւած կը մնանք այդ նոյն ան­­բա­­­րոյ ըն­­թացքին։ Եթէ մի քիչ յո­­ռետես ըլ­­լանք կրնանք հա­­մոզո­­ւիլ, որ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի յոր­­ջորջու­­մով «մի­­ջազ­­գա­­­յին պոռ­­նիկ»ի համ­­բաւ վա­­յելող այս քա­­ղաքը տա­­կաւին շատ սե­­րունդներ կրնայ զար­­մանքի մատ­­նել իր այս յատ­­կութիւ­­նով եւ ու­­նա­­­կութեամբ։

 

pakrates@yahoo.com