Նախորդ շաբաթ թերթիս սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էինք Շիշլիի հայոց գերեզմանատան մէջ տեղադրուած շիրմաքարի մը, որուն վրայ քանդակուած էր. Նատիա Քրիսեփ անունը, աւելցնելով թէ ան թուրք ազգայնական մըն է։ Շիրմաքարին վրայ փորագրուած էր նաեւ Թուրք ազգայնական կուսակցութիւնը խորհրդանշող երեք մահիկներ եւ կուսակցութեան անուան կրճատումը։ Այս լուրի հրապարակումէն ետք Նատիա Քրիսեփի որդին Արաս Քրիսեփ խմբագրատուն այցելեց եւ բացատրութիւններ տուաւ կատարուածին մասին։ «Ամէն ինչ սկսաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ գտնուող մտաւորականներու թաղին մեծ հօրս անունին գրուելու պահանջով։ Գերեզմանի վարչութիւնը արհամարհանքով վարուեցաւ ինծի դէմ, որմէ ետք որոշեցի մօրս գերեզմանը այսպէս սարքել։ Թէ մայրս եւ թէ ես մաս կը կազմենք Ազգայնական կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղին։ Մօտ ապագային Գորշ գայլի արձան մըն ալ պիտի տեղաւորեմ մօրս շիրիմին վրայ։ Եթէ յանկարծ որեւէ ձեւով մը վնասուի մեր շիրմաքարը ես յայտարարեմ, որ իրենց դէմ ոչ թէ զիս, այլ մենք կը գտնեն»։
Արաս Քրիսեփ այս ըսելէ ետք աւելցուց, որ կուսակցութիւնն ալ կը զօրակցի իր այս արդար պայքարին։
Միւս կողմէ նախորդ շաբաթ հարցը ուղղած էինք Պատրիարքարանի իշխանութիւններուն, որոնցմէ ստացանք «Պատրիարքարանը շիրմաքարերուն չի կրնար միջամտել, մենք կը սպասենք թէ մեր ժողովուրդը գիտակից ըլլայ գերեզմաններու պահանջած յարգանքին եւ կարգ ու կանոնին»։