Նախապէս ծանօթացուցած էինք Հրանդ Տինք հիմնարկի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան արգասիքը հանդիսացող եռահատորի մասին։ Այդ երեք հատորներու մէջ հիմնարկի մասնագէտները ծաւալուն աշխատանք տարած էին Սեբաստիոյ, Ատանայի եւ Կեսարիոյ երբեմնի Էվերեք, այժմու Տեւելի գաւառի պատմամշակութային հարստութիւնը երեւան հանելու համար։ Այժմ Սեբաստիոյ ձօնուած գիրքը ասուլիսի մը կաղապարին մէջ կը ներկայացուի Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ 2 Նոյեմբեր ուրբաթ երեկոյ։
Միջոցառման ատենախօսներն են՝ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու եւ Հրանդ Տինք հիմնարկի կազմեն Վահագն Քէշիշեան։