Աղաղակենք՝ «Օսման Քաւալա առանձին չէ»

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

 

«Լման տա­­­րի մը եղած է Օս­­­ման Քա­­­ւալա­­­յի ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թիւնը։ Մեծ ամօթ մըն է, որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ։ Ալ աւե­­­լի մեծ ամօթ է, այս անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան դէմ հա­­­մապա­­­տաս­­­խան հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան մը բա­­­ցակա­­­յու­­­թիւնը։ Թե­­­րեւս այս ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը կա­­­րելի է անակնկա­­­լի տե­­­ղի տո­­­ւած շո­­­կային իրա­­­վիճա­­­կով բա­­­ցատ­­­րել։ Թե­­­րեւս Օս­­­ման Քա­­­ւալան ձեր­­­բա­­­­­­­կալող մտայ­­­նութիւնն ալ ճիշդ այս տպա­­­ւորու­­­թիւնը ցան­­­կա­­­­­­­ցած է։

«Օս­­­ման Քա­­­ւալան ան­­­գամ ձեր­­­բա­­­­­­­կալե­­­ցին» միտ­­­քը կրնայ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը ամ­­­բողջո­­­վին ան­­­դա­­­­­­­մալոյծ դարձնել։

«Օս­­­ման Քա­­­ւալա ան­­­տէր չէ» կար­­­գա­­­­­­­խօսով բո­­­ղոքի թոյլ փոր­­­ձեր կը լսուին։ Իսկ միւս կող­­­մէ Օս­­­ման Քա­­­ւալա կը մնայ ան­­­տէ­­­­­­­րու­­­թեան մէջ։

Բնա­­­կան է, քա­­­նի որ ան ո՛չ իր կող­­­քին կե­­­ցող եկե­­­ղեցի մը ու­­­նի կամ մզկիթ մը, ո՛չ կու­­­սակցու­­­թիւն մը կամ ակումբ մը։

Այս երե­­­ւոյ­­­թը կը յի­­­շեց­­­նէ Սե­­­ւան Նշա­­­նեանին առանց երկրէ ներս կամ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գետ­­­նի ար­­­ժա­­­­­­­նի զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը տես­­­նե­­­­­­­լու երեք տա­­­րի բան­­­տարկո­­­ւած մնա­­­լու պատ­­­կե­­­­­­­րը։

Կա­­­րելի է ըսել, որ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րու եր­­­կու կրքոտ ըն­­­կերնե­­­րը նոյն ճա­­­կատա­­­գիրը կը բաժ­­­նեն։

Ոմանք զինք կը նկա­­­րագ­­­րեն «ֆի­­­լանթրո­­­փիստ» եզ­­­րով։ Բա­­­ռի ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւնը կու գայ յու­­­նա­­­­­­­րէնէ եւ կը նշա­­­նակէ մարդ արա­­­րածի հան­­­դէպ սէ­­­րը։ Ար­­­դի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն այս բա­­­ռը կը բա­­­ցատ­­­րո­­­­­­­ւի ան­­­հա­­­­­­­տի մը իր կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը օտա­­­րի մը օգ­­­նա­­­­­­­կան ըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­մար կա­­­մաւոր կեր­­­պով տրա­­­մադ­­­րե­­­­­­­լուն։

Օս­­­ման Քա­­­ւալա երկրի ամե­­­նաբարձր մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կով անո­­­ւանո­­­ւեցաւ տե­­­ղացի Սո­­­րոս։

Նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի կրկնա­­­պատ­­­կե­­­­­­­րը Հունգա­­­րիոյ նա­­­խագահ Օր­­­պանն է, որ նոյնպէս կը սի­­­րէ Սո­­­րոսը հա­­­լածել։ Հունգա­­­րիոյ 1930-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն յա­­­տուկ ֆա­­­շակա­­­նու­­­թիւնը վե­­­րակեն­­­դա­­­­­­­նացած է։

Բաց հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մա­­­սին խօ­­­սիլը ան­­­գամ սկսած է յան­­­ցանք հա­­­մարո­­­ւիլ։

Հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը հա­­­լածե­­­լու հա­­­մար Էր­­­տո­­­­­­­ղանի բա­­­րեկա­­­մը՝ Օր­­­պան նոր օրի­­­նագիծ մը ան­­­գամ պատ­­­րաստած է։ Այս չա­­­րագոր­­­ծութեան պատ­­­րո­­­­­­­ւակն ալ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն օգ­­­նա­­­­­­­կան ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը բա­­­ցատ­­­րո­­­­­­­ւի։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Հունգա­­­րիոյ մէջ հա­­­կասե­­­միթ քա­­­րոզ­­­չութիւնն ալ հա­­­սած է իր ամե­­­նաբարձր մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կին։

Ըստ երե­­­ւոյ­­­թի պե­­­տերը չեն ախոր­­­ժիր հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րէ։ Ալիեւն ալ չէ սի­­­րած անոնք։ Մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պաշտպան­­­ներ կամ բան­­­տարկո­­­ւեցան կամ ալ ստի­­­պուե­­­ցան երկրէն հե­­­ռանա­­­լու։

Նոյնն է Փու­­­թի­­­­­­­նի պա­­­րագան կամ Վե­­­նեզո­­­ւել­­­լա­­­­­­­յի նա­­­խագա­­­հի։

Ինչ լաւ է Ատ­­­նան Քա­­­շըք­­­ճըի նող­­­կա­­­­­­­լի արե­­­ւան­­­գամ դէմ ձայն բարձրաց­­­նել։

Բայց ո՞վ պի­­­տի հա­­­ւատայ, քա­­­նի որ բո­­­լորս գի­­­տենք թէ ինչ տե­­­սակ կեղ­­­ծա­­­­­­­ւորու­­­թիւն մըն է այդ դա­­­ւադ­­­րա­­­­­­­կան ոճի­­­րին դէմ խօ­­­սիլը երբ երկրի մէջ այդ տե­­­սակի ոտնձգու­­­թիւննե­­­րու բազ­­­մա­­­­­­­թիւ օրի­­­նակ­­­ներ կ՚ապ­­­րո­­­­­­­ւի։

Թող մէ­­­կը խնդրեմ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ սա հար­­­ցումը։ Օս­­­ման Քա­­­ւալան տա­­­րի մըն է բան­­­տի մէջ պա­­­հող մտայ­­­նութեան եւ Սաու­­­տի Արա­­­բիոյ դես­­­պա­­­­­­­նատան մէջ Քա­­­շըք­­­չըի ան­­­հե­­­­­­­տաց­­­ման մի­­­ջեւ ի՞նչ տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն կայ։

Մի­­­թէ «Ես կրնամ, բայց դուն ո՛չ» ըսե՞լ կ՚ու­­­զեն։

Կամ ալ «Բայց մենք չենք սպա­­­նած» պի­­­տի ըսե՞ն։

Ի՞նչ է այս եր­­­կու անըն­­­դունե­­­լինե­­­րու տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Յի­­­շենք՝ զօր­­­ավար Էվ­­­րեն ալ ան­­­ցեալին «Ի՞նչ այ­­­սինքն չկա­­­խենք ու սնու­­­ցե՞նք» հար­­­ցուցած էր։ Եր­­­կու օր առաջ Սո­­­րոսի Նիւ Եոր­­­քի բնա­­­կարա­­­նի պայ­­­թուցիկ ծրար մը ղրկո­­­ւած էր։ «Թո­­­ւիթը­­­րի» մի­­­ջոցաւ Սոր­­­սի հետ զբա­­­ղող­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ Թրամբն է։ Սո­­­րոսի «Բաց հա­­­սարա­­­կու­­­թիւն» հիմ­­­նադրա­­­մի բան­­­բեր Լո­­­րա Սիլվր պայ­­­թուցիկ սար­­­քի առա­­­քու­­­մէն ետք, այս պա­­­տահար­­­նե­­­­­­­րը մեկ­­­նա­­­­­­­բանեց «Երկրի թու­­­նա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաքա­­­կան մի­­­ջավայ­­­րին» վե­­­րագ­­­րե­­­­­­­լով։ «ԱՄՆ-ի եւ աշ­­­խարհի զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րու մէջ քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը մատ­­­նո­­­­­­­ւած է ատե­­­լու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մի ճնշու­­­մին։ Այս ծայ­­­րա­­­­­­­յեղու­­­թիւնը կը խրա­­­խու­­­սէ նաեւ բռնու­­­թիւնը։ Նման սու­­­տի եւ վար­­­չա­­­­­­­կան հա­­­մակար­­­գի բռնա­­­տիրու­­­թեան դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւելու երե­­­ւոյ­­­թին մէջ միայն կար­­­ծիք յայտնե­­­լը ան­­­գամ մա­­­հուան սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­ներ ստա­­­նալու հա­­­մար բա­­­ւարար կը հա­­­մարո­­­ւի»։

Եթէ վե­­­րադառ­­­նանք Օս­­­ման Քա­­­ւալա­­­յի խնդրին, ան­­­գամ մը եւս պի­­­տի անդրա­­­դառ­­­նանք Քա­­­ւալան պաշտպա­­­նելու հա­­­մար ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ ար­­­շա­­­­­­­ւի մը բա­­­ցակա­­­յու­­­թեան երե­­­ւոյ­­­թին։ Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար այս տա­­­րի Հրանդ Տին­­­քի մրցա­­­նակա­­­տու­­­չութեան առ­­­թիւ ան յի­­­շուե­­­ցաւ «Լոյ­­­սեր»ու ցան­­­կին մէջ։

Ինչպէս ըսինք վե­­­րեւ դիւ­­­րին չէ Օս­­­ման Քա­­­ւալան որոշ կա­­­ղապա­­­րի մը մէջ տե­­­ղադ­­­րել։ Ան ոչ լրագ­­­րող է, ոչ հրա­­­տարա­­­կիչ, ոչ գրող, բայց վեր­­­ջին երե­­­սուն տա­­­րինե­­­րուն ան­­­հա­­­­­­­մար հրա­­­տարակ­­­չութեան պար­­­բե­­­­­­­րական­­­նե­­­­­­­րուն, հան­­­րա­­­­­­­գիտա­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան նպաս­­­տած անձ մը։ Առանց որե­­­ւէ ակնկա­­­լու­­­թեան զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մին ճամ­­­բայ բա­­­ցող մէ­­­կը։ Իսկ որ­­­պէս մտա­­­ւորա­­­կան կը գե­­­րազան­­­ցէ մեզ­­­մէ շա­­­տերուն։ Մեր ալ մաս կազ­­­մած բո­­­լոր այդ խմբակ­­­ցութիւննե­­­րը պար­­­տին շատ աւե­­­լի ուշգին ձայն բարձրաց­­­նել այս կա­­­րեւոր գոր­­­ծի­­­­­­­չին աջակ­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Այս առ­­­թիւ պարտք կը հա­­­մարեմ շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնել Քո­­­րի Կութստա­­­տի եւ Օս­­­ման Օք­­­քա­­­­­­­նի, որոնք այս մա­­­սին ահա­­­զանգ հնչե­­­ցու­­­ցին բո­­­լորիս հաշ­­­ւոյն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ