ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ճեմալ Քաշըքճը՝ պետական ահաբեկչութեան զոհ


Միշտ չէ, որ երկրի իր սե­­փական նե­­րու­­ժով կը ծա­­գին ամ­­բողջ օրա­­կար­­գը ցնցող զար­­գա­­­ցումնե­­րը։ Եր­­բեմն այդ բնոյ­­թի դէպ­­քե­­­րը կը պա­­տահին երկրի ներ­­քին խնդիր­­նե­­­րէն դուրս բո­­լորո­­վին տար­­բեր զար­­գա­­­ցումնե­­րու բե­­րու­­մով։ Այս տե­­սակի օրի­­նակ մը եղաւ «Ուա­­շինկթըն փոսթ» թեր­­թի աշ­­խա­­­տակից Ճե­­մալ Քա­­շըք­­ճըի սպա­­նու­­թիւնը։ Շա­­բաթէ մը ի վեր Թուրքիոյ մա­­մու­­լը կը քննար­­կէ այս խնդի­­րը եւ կը փոր­­ձէ հասկնալ այս դէպ­­քին տե­­ղի տո­­ւող գոր­­ծօննե­­րը։ Որ­­քան ալ դէպ­­քը կը դի­­տուի ան­­հա­­­ւատա­­լի պա­­տահար մը ըլ­­լա­­­լով, իրա­­կանու­­թեան մէջ զար­­մանքի առար­­կայ շատ քիչ բան կայ այս պա­­տահա­­ծի մէջ։ Վեր­­ջա­­­պէս բո­­լոր այն պե­­տու­­թիւննե­­րը որոնք վե­­հաժո­­ղով­­ներ, գա­­գաթա­­ժողով­­ներ, մի­­ջազ­­գա­­­յին բա­­նախօ­­սու­­թիւններ կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն ահա­­բեկ­­չութեան դէմ պայ­­քա­­­րի նպա­­տակով, իրա­­կանու­­թեան մէջ իրենք են գլխա­­ւոր ահա­­բեկիչ­­նե­­­րը։ Այս դէպ­­քը այս պարզ իրո­­ղու­­թեան ցո­­լացումն է միայն եւ ոչ աւե­­լին։ Դէպ­­քին խայ­­տա­­­ռակու­­թիւնը հոն է, թէ Սաու­­տա­­­կան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը չեն կրցած այս ոճի­­րը իր պատ­­շա­­­ճու­­թիւնով քօ­­ղար­­կել։ Ար­­դա­­­րեւ ամէն օր այս նիւ­­թի մա­­սին ժա­­մերով մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ ընող զա­­նազան վեր­­լուծա­­բան­­ներ ալ կը ծի­­ծաղեն սաու­­տեացի­­ներու ան­­ճա­­­րակու­­թեան։ Ոճ­­րա­­­գոր­­ծութեան անըն­­դունե­­լիու­­թիւնը ոչ մէ­­կուն հոգն է։ Իրենց հա­­մար զար­­մա­­­նալի թո­­ւացո­­ղը, այն է թէ ինչպէս պե­­տու­­թեան գոր­­ծա­­­կալ­­նե­­­րը այսքան ան­­խո­­­հեմ կը գտնո­­ւին։ Նոյ­­նիսկ ոմանք կը բա­­ցատ­­րեն նման ոճի­­րի մը շատ աւե­­լի տրա­­մաբա­­նական գոր­­ծադրու­­թեան եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Օրի­­նակ­­ներ կը բե­­րեն տար­­բեր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն գոր­­ծո­­­ւած նման բնոյ­­թի ոճիր­­նե­­­րէն։ Օրի­­նակ­­ներ կը թո­­ւեն ռու­­սե­­­րուն Թուրքիոյ մէջ չեչ­­նիացի ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը չէ­­զոքաց­­նե­­­լու, կամ Պարսկաս­­տա­­­նի նոյնպէս իրեն հա­­մար ան­­պա­­­տեհ հա­­մարած­­նե­­­րը մաք­­րա­­­գոր­­ծե­­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րէն։

Այս բո­­լորը դի­­տելով կը տես­­նենք, որ պե­­տական ահա­­բեկ­­չութեան մա­­սին խօ­­սելով մենք բա­­ցառիկ գիւտ մը չենք ըրած։ Ոչ մէ­­կը կաս­­կած ու­­նի պե­­տու­­թիւննե­­րու այդ տե­­սակի յատ­­կութեան մա­­սին։ Բայց բո­­լորը գիտ­­նա­­­լով հան­­դերձ իրենցմէ ոչ մէ­­կը պի­­տի փոր­­ձէ այս նիւ­­թը պե­­տական ահա­­բեկ­­չութիւն ըլ­­լա­­­լով դի­­տել։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան անու­­նով ան­­գամ մը եւս շեշ­­տենք՝ ահա­­բեկ­­չութիւ­­նը պե­­տական գոր­­ծե­­­լաոճ է։ Պե­­տու­­թիւններն են, որ հարկ եղած պա­­րագա­­յին կը դի­­մեն մար­­դասպա­­նու­­թեան։ Բայց իրա­­րու հետ շփումնե­­րու ժա­­մանակ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս կը ժխտեն այս իրո­­ղու­­թիւնը եւ կը ձե­­ւաց­­նեն, թէ միջ­­պե­­­տական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ կամ պե­­տու­­թիւննե­­րուն ան­­հատնե­­րու հետ ու­­նե­­­ցած յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ ամէն ինչ կ՚ըն­­դա­­­նայ օրի­­նակա­­նու­­թեան սահ­­մաննե­­րով։

Դի­­տելով սաու­­տիացի լրագ­­րո­­­ղի ոճի­­րը, ամե­­նայն հանգստու­­թեամբ կրնանք ըսել, թէ ցան­­կա­­­ցած ահա­­բեկ­­չա­­­կան խումբ շատ աւե­­լի ան­­մեղ է, ցան­­կա­­­ցած պե­­տական հա­­մակար­­գի հետ բաղ­­դա­­­տուած։

Աշ­­խարհի վրայ մարդկու­­թեան փրկու­­թիւնը պի­­տի հաս­­տա­­­տուի այս իրո­­ղու­­թեան գի­­տակ­­ցումով։ Մին­­չեւ այդ իզուր պի­­տի սպա­­սենք Նա­­յիրի Յու­­նա­­­նեանի 19 տա­­րիներ առաջ գոր­­ծած ոճի­­րին յստա­­կացու­­մը։ Այս պա­­հուն միայն սա պի­­տի գիտ­­նանք, թէ Քե­­նետիի սպա­­նու­­թեան նման Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի նա­­խագա­­հի, վար­­չա­­­պետի եւ ու­­թը պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու մա­­հը պե­­տական մա­­կար­­դա­­­կով գոր­­ծադրո­­ւած ոճի­­րի մը հե­­տեւանք է եւ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ առեղ­­ծո­­­ւած մնալ։

 

pakrates@yahoo.com