17 Հոկտեմբերի գիշերուայ ժամերուն կայծակի մը արագութեամբ տարածուեցաւ մահուան բօթը պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի։ 90-ամեայ Կիւլէր վերջերս կը դարմանուէր հիւանդանոցի մէջ եւ բժիշկներուն փոխանցած տեղեկութեան համաձայն ան մահը կնքեց սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով։ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը կատարուեցաւ 20 Հոկտեմբեր շաբաթ, իր իսկ մկրտուած Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Նախքան եկեղեցական թաղման կարգը յատուկ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ աշխատանոցի եւ այսօր իր անունը կրող սրճարանին առջեւ։ Այս արարողութեան մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ նախարարներ, Հանրապետութեան նախագահի բանբերը եւ բազմաթիւ համակիրներ։ Ապա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան կարգը, որուն ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արարողութեան կը հանդիսապետէր Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն արտասանած դամբանականը կարելի է կարդալ հայերէն էջերու վրայ։
Դամբանականին մէջ Մաշալեան սրբազան կը նշէր, թէ Արա Կիւլէր ներշնչման մեծ աղբիւր է կրտսեր սերունդի հայ լուսանկարիչներու համար։ Այս թիւի մէջ կ՚ուզենք տեղ տալ բոլոր այն անուններուն որոնք երախտիքով կը յիշեն լուսանկարի մեծ վարպետը։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ՀՀ Նախագահ
Խորը կսկիծով իմացայ, որ կեանքից հեռացել է մեր ժամանակաշրջանի ամենախոշոր տարեգիրներից մէկը՝ Արա Կիւլէրը։
Նրա լուսանկարները սովորական պատկերներ չեն, որ մեխանիկական սարքը որսում է իր անտարբեր ու սառը աչքով, այլ արուեստագէտի տաք ու թափանցող հայեացքի սեւեռում աշխարհի, իրերի ու մարդկանց վրայ, որ անտեսանելին դարձնում է տեսանելի եւ անցողիկը՝ յաւերժական։
Խորապէս սգում եմ այդ մեծ մարդու կորուստը եւ իմ խորին ցաւակցութիւնը յայտնում նրա ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ նրա բազմահազար երկրպագուներին Հայաստանում, Թուրքիայում եւ աշխարհի բոլոր անկիւններում։
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
ՀՀ Վարչապետի պաշտօնակատար
Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքի 90-րդ տարում իր մահկանացուն է կնքել պոլսահայ մեծ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Տասնամեակներ շարունակ նրա խորաթափանց աչքը տեսել եւ արձանագրել է պատկերներ, որոնք նոր մակարդակի բարձրացրին համաշխարհային լուսանկարչական արուեստը։
Իմ ցաւակցութիւնն եմ յայտնում մեծ արուեստագէտի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ նրա ստեղծագործութեան բազմահազար երկրպագուներին Հայաստանում, Թուրքիայում եւ ողջ աշխարհում։
ԱՆԻ ՉԵԼԻՔ ԱՐԵՒԵԱՆ
Պատմագիր էր Արա Կիւլէր, որուն գրիչը լուսանկարչկան գործիքը եղաւ։ Իր ոսպնեակով արար աշխարհ ճանչցաւ Թուրքիան եւ Թուրքիան ալ ճանչցաւ ամբողջ աշխարհը։ Իր կարեւորագոյն յատկութիւնը տեսանկիւնն էր։ Տեսնելու կարողութիւնը։ Մեծ եռանդով ու սէրով նկարեց։ Կեանքի վերջին հանգրուաններուն բախտը ունեցաւ իրեն ձօնուած թանգարանը տեսնելու։ Երջանիկ մեկնեցաւ այս աշխարհէն։ Ինծի համար մեծ արժանիք էր իր զրոյցը։
Լոյսերու մէջ ննջէ սիրելի Արա։
ՏԱՅՔ ՄԻՐԻՃԱՆԵԱՆ
Հազիւ բոլորին չափ կը ճանչնայի զինք։ Որքան լաւ կը նկարէր մեզի համար այդքան սիրելի Պոլիսը։ Իր գիրքերով կ՚այցելէի աշխատանոց, որպէսզի մակագրէ։ Ճիհանկիրի մէջ գտնուող ճաշարանս այցելելով սկսած էր մեր ծանօթութիւնը։ Առաջին ծանօթութենէն անմիջապէս շաբաթ մը անց Տաճատ ռէիսի լուսանկարով եկաւ «Ճաշ»։ Պատի նկարներէն մէկը վերցուց եւ տեղը այս նոր նկարը կախեց, ապա ըսաւ. «Հիմա երկու բաժակ գինի լեցուր, որ այս նկարին պատմութիւնը պատմեմ»։ Ահա այդ օր մենք ընկերացած էինք։ Շատ ջերմօրէն կապուած էր կեանքին։ Իր հետ շատ գեղեցկութիւններ կիսեցի։ Միշտ ուշադիր էր շուրջբոլորի նկատմամբ, հետաքրքիր։ Գեղեցիկ ամէն բանի նկատմամբ ուշիմ էր։ Կը սիրէր նարտի խաղալ։ Գեղեցիկ ապրումներ վայելեցի իր հետ։ Բախտաւոր եմ։ Ան իմ Արա Կիւլէրն էր, Արա տայտայս, Արա աղբարս։
ԱՆԹՈՒԱՆ ԱԿՈՒՃԵԱՆ
Լուսանկարիչ մը «վարպետ» կոչումին կը բարձրանայ ո՛չ թէ իր նկարներով, այլ ասպարէզի մէջ անցած ճանապարհով։ Արա Կիւլէր արդարացուց այդ կոչումը, քանի որ մարդոց ներաշխարհի գեղեցկութիւնը կրցաւ նկարել։ Իմ բարեկամ Օսման Քաւալա, երբ ցուցահանդէսիս համար իրմէ օգնութիւն ուզեց փափաքեցաւ նախ գործերս տեսնել։ Գիտէր ուրիշներուն լուսանկարածները վարպետի յատուկ մեծ սիրտով գնահատել։ Ապա ընկերացանք իր հետ։ Միշտ վայելեցի իր աջակցութիւնը։ Պարտական եմ իրեն։ Ան այն բանաստեղծներու շարքէն էր, որ իր բոցավառուող աչքերով պիտի ապրի մեր սրտերուն, բոլոր միւս անմահներու նման։
ՄՈՆԻՔ ԷՐԿԱՆ
Լսելով իր մահուան բօթը խորապէս ցնցուած եմ։ Մեծ սիրտ ունէր, կատակասէր էր եւ բարեգութ։ Ասոնք իր անհատական յատկութիւններն էին։ Խիստօրէն հաւատարիմ էր իր ծնած, մեծցած երկրին։ Բազմաթիւ յիշատակներ ունիմ իր հետ կիսած։ Անունը շատ լսած էի, բայց անձամբ ծանօթանալս կը զուգադիպի 2007 թուականին։ Ստանձնած էի Թոփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան դպրոցի պատասխանատուութիւնը։ Դպրոցը փակուելու շեմին հասած էր։ Այդ պարտականութիւնը ստանձնեցի, բայց դպրոցը նիւթական մեծ դժուարութեան հետ դէմհանդիման էր։ Անմիջապէս Արա Կիւլէրը յիշեցի։ Արդեօք խնդրեմ ինծի 40 լուսանկարներ կը նուիրէ՞ր։ Ծանր մտահոգութեան մէջ գացի «Արա քաֆէ»։ Մտահոգութիւնս կրնաք հասկնալ։ Կը վախնայի հակառակ պատասխան մը ստանալէ։ Բարեբախտաբար ընդհակառակը պատահեցաւ, ժպիտով դիմաւորեց զիս։ Երբ երկար տատամսումներէ ետք պարզեցի միտքս սիրով համակերպեցաւ։ Այսպէսով առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի հովանաւորութեամբ Պատրիարքարանի մէջ։ Ցուցահանդէսին ինք ալ եկաւ տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Այսպէս ծանօթացայ նաեւ իր կողակիցին հետ։
Ապա նոյն խնդրանքը ներկայացուցի այս անգամ Դպրեվանքի համար։ Նոյնպէս ընդունեց խնդրանքս։ Անգամ մը, երբ կը զրուցէինք դարձեալ սրճարանին մէջ իր մտերիմ ոճով. «Աղջիկ վեր տուն ելիր եւ նկարներս տեսիր» ըսած էր։ Տարին քանի մը անգամ իր օգնականին պարոն Ֆաթիհի ընկերակցութեամբ կ՚այցելէր մեր բնակարանը։ Համաշխարհային համբաւի տէր Արա Կիւլէր թրքահայութեան պարծանքն է։ Պետութիւնն ալ գնահատած է իր արժէքը եւ մեծ արարողութիւն մը կազմակերպած իրեն համար։