Ողջոյն Արա Կիւլէրի աստուածահաճոյ կեանքին ու գործին

21 Հոկտեմբեր շաբաթ ցերեկին Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ թրքերէն լեզուով դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան։ Նկատի ունենալով դամբանականի խորիմաստ ու գրական յատկութիւնը, ուզեցինք թարգմանել եւ ամբողջութեամբ ներկայացնել «Ակօս»ի ընթերցողներուն։ 

«Ինչ որ կ՚ընէք՝ ըրէք սրտանց, իբրեւ թէ Տիրոջ համար կ՚ընէք»

(Կողոսէցիներ 3։23)

 

Աստուածաշունչի այս պատ­­­գա­­­­­­­մը կը յոր­­­դո­­­­­­­րէ կա­­­տարած գոր­­­ծին էու­­­թեամբ փա­­­րիլ։ Մարդ արա­­­րածի կան­­­քի ամ­­­փո­­­­­­­փու­­­մը անոր բնազ­­­դը կը նկա­­­րագ­­­րէ։ Մեզ ձե­­­ւաւո­­­րողը կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թեան օրօք ըրած­­­ներնիս եւ ընե­­­լու եղա­­­նակն է։ Մարդ իր ար­­­տադրած­­­նե­­­­­­­րով եւ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րով գո­­­յու­­­թիւն կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ։ Մա­­­հուան պա­­­հը դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նի պահն է նաեւ։ Յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան կար­­­գը ան­­­հա­­­­­­­տի կեան­­­քի մարդկանց կող­­­մէ քննար­­­կո­­­­­­­ւած դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նի մը կը վե­­­րածո­­­ւի։ Բո­­­լոր թաղ­­­ման ծէ­­­սերուն մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը ան­­­ձայն անշշուկ ներ­­­քուստ այդ դատաս­­­տա­­­­­­­նը կը կա­­­տարեն։ Ի՞նչ էր հան­­­գուցեալի կեան­­­քի ար­­­ժէ­­­­­­­քը։ Իրաւ ալ սա դա­­­գաղին մէջ հանգչող Արա Կիւ­­­լէ­­­­­­­րի 90-ամեայ կեան­­­քը ի՞նչ կը նշա­­­նակէ, բայց եկէք թօ­­­թափենք ան­­­ձայնու­­­թիւնը եւ բարձրա­­­ձայն կա­­­տարենք այս դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նը։

Թուրքիոյ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագահ Ռե­­­ճեփ Թայ­­­յիպ Էր­­­տո­­­­­­­ղան ող­­­բա­­­­­­­ցեալին հա­­­մար ցա­­­ւակ­­­ցա­­­­­­­գիր մը հրա­­­պարա­­­կեց։ Նոյ­­­նը ըրաւ Թուրքիոյ խորհրդա­­­րանի նա­­­խագահ Պի­­­նալի Եըլ­­­տը­­­­­­­րըմ։ Բազ­­­մա­­­­­­­թիւն նա­­­խարար­­­ներ եւ պե­­­տական աւա­­­գանին հե­­­տեւե­­­ցան իրենց։ Մա­­­մու­­­լի եւ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն գրե­­­թէ մէ­­­կը չմնաց որ իր յու­­­զումը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տած չըլ­­­լայ։ Մա­­­հուան բօ­­­թը բո­­­լոր թեր­­­թե­­­­­­­րուն գլխա­­­ւոր խո­­­րագի­­­րը դար­­­ձաւ։ Իր ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րը եւ ներդրու­­­մը կը խօ­­­սուի ամե­­­նու­­­րէք։ Լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րը մի առ մի օրա­­­կար­­­գի կու գան։ Հե­­­ռուստաեգ­­­րաննե­­­րու մէջ իր յի­­­շատա­­­կը փա­­­ռաբա­­­նող հա­­­ղոր­­­դումներ կը սփռո­­­ւին։ Ահա այս տա­­­ճարն ալ ամ­­­բողջու­­­թեամբ լե­­­ցուն է։ Բո­­­լորը հոս են, հա­­­յը, յոյ­­­նը, ասո­­­րին, քաղ­­­դէացին, հրեան, թուրքը, քիւրտը, արա­­­բը, ալ­­­պա­­­­­­­նացին, վրա­­­ցին, լեզ­­­կին, համ­­­շէնցին, պոշ­­­նա­­­­­­­քը, Թուրքիոյ խճան­­­կա­­­­­­­րը կազ­­­մով բո­­­լոր երանգնե­­­րը հոս են։ Ահա հոս է պե­­­տական աւա­­­գանին։ Հիւ­­­պա­­­­­­­տոս­­­ներ, քա­­­ղաքա­­­պետ­­­ներ, արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­ներ, եր­­­գիչներ, գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րով լե­­­ցուն է տա­­­ճարը։ Պէ­­­յօղ­­­լու թա­­­ղի խա­­­նութպան­­­նե­­­­­­­րը, զինք ռահ­­­վի­­­­­­­րայ հա­­­մարող երի­­­տասարդ լու­­­սանկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը եւ բո­­­լորը ահա հոս են յար­­­գանքի վեր­­­ջին տուրքը մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Այս առ­­­թիւ խո­­­րին շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը յայտնենք բո­­­լորին։ Պա­­­տուած են մեզ եւ մեծ վար­­­պե­­­­­­­տը։ Մենք ալ հոս ենք ան­­­շուշտ։ Իր հա­­­րազատ ժո­­­ղովուրդը։ Մեր հա­­­մայնքի բո­­­լոր մար­­­միննե­­­րը, վար­­­չա­­­­­­­կան խոր­­­հուրդնե­­­րը, կի­­­ները, երգչա­­­խումբեր, դպրոց­­­ներ, միու­­­թիւններ, ու­­­սուցիչ­­­ներ, ու­­­սա­­­­­­­նող­­­ներ, հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ, հո­­­գեւոր խոր­­­հուրդի ան­­­դամնե­­­րը ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս հա­­­մակիր­­­նե­­­­­­­րու սրտցաւ բա­­­նակ մը պատ­­­րաստ ենք այս կար­­­գին։ Կ՚աղօ­­­թենք եւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընդհա­­­նուր փո­­­խանորդ Արամ արք. եպսկ. Աթէ­­­շեանի անու­­­նով իր մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն, հա­­­մակիր­­­նե­­­­­­­րուն եւ ամ­­­բողջ Թուրքիոյ մեր ցա­­­ւակ­­­ցութիւննե­­­րը կը յղենք։

Ո՞վ էր Արա Կիւ­­­լէր։ Ի՞նչ ըրած, ինչպէ՞ս ըրած էր։ Ի՞նչ էր ար­­­ժէ­­­­­­­քը մե­­­զի հա­­­մար եւ մարդկու­­­թեան հա­­­մար։ Երկրէ ներս կամ երկրէ դուրս ինչպէ՞ս տի­­­րացաւ այս համ­­­բա­­­­­­­ւին։ Ին­­­չո՞ւ հա­­­մար ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ այսքան շատ մրցա­­­նակի, մե­­­տայ­­­լի եւ գո­­­վասան­­­քի։ Իր դա­­­գաղը շրջա­­­պատող սա մթնո­­­լոր­­­տը ինչպէ՞ս այսքան փայ­­­լուն դար­­­ձաւ։

Մարք Թո­­­ւէին կ՚ըսէ, թէ կեան­­­քը եր­­­կու կա­­­րեւոր օր ու­­­նի։ Առա­­­ջինը ծնած օրդ է, իսկ երկրոր­­­դը ին­­­չո՞ւ ծնած ըլ­­­լա­­­­­­­լուդ գիւ­­­տը ըրած օրդ։ Արա Կիւ­­­լէր այն բախ­­­տա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րէն էր, որ շատ շուտ գի­­­տակ­­­ցած էր ին­­­չու ծնած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն։ Եր­­­կար ժա­­­մանակ չվատ­­­նեց իր կեան­­­քի աս­­­պա­­­­­­­րէզը ճշդե­­­լու հա­­­մար։ Տա­­­կաւին ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րէն գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցաւ, թէ ծնած է լու­­­սանկա­­­րիչ դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար, ար­­­դա­­­­­­­րեւ իր բո­­­լոր էու­­­թեամբ փա­­­րեցաւ այդ աս­­­պա­­­­­­­րէզին։ Ան 90-ամեայ կաղ­­­նի մըն էր եւ բո­­­լորդ գի­­­տէք, թէ կաղ­­­նի­­­­­­­ները չեն խոնար­­­հիր։ Կան մար­­­դիկ, որոնք իրենց ձեռ­­­քին կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան ցուպ մը եւ ուր որ դպչին կայ­­­ծեր կը ծա­­­գի կը գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­նայ չորս դին։ Ոմանց հա­­­մար միայն գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նալը բա­­­ւարար չէ։ Անոնք պէտք է ճա­­­ռագայ­­­թեն, լու­­­սա­­­­­­­ւորեն շուրջբո­­­լորը։ Այնպէս փա­­­րած են որ իրենց նո­­­ւիրո­­­ւած գոր­­­ծին, այդ նո­­­ւիրու­­­մով կ՚այ­­­րին եւ բո­­­ցերով կը լու­­­սա­­­­­­­ւորեն իրենց շուրջբո­­­լորը։ Ան որ­­­սորդ մըն էր, որ տե­­­սախ­­­ցի­­­­­­­կը ձե­­­ռին կրնար ժա­­­մերով սպա­­­սել իր որ­­­սը գտնե­­­լու հա­­­մար։ Ան լոյ­­­սի եւ ստո­­­ւերի որ­­­սորդ էր։

Ընտրեց աս­­­պա­­­­­­­րէզ մը եւ այդ աս­­­պա­­­­­­­րէզը բարձրա­­­ցուց գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի, առանց այդ առու­­­մով յա­­­ւակ­­­նութիւն մը ու­­­նե­­­­­­­նալու։ Կեան­­­քին մին­­­չեւ վերջ պնդեց, թէ իր ըրա­­­ծը արո­­­ւեստ մը չէ։ Բայց իր ար­­­տադրա­­­ծը տես­­­նողնե­­­րը եր­­­բեք հա­­­մակար­­­ծիք չե­­­ղան։ Այդ լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րը ամ­­­բողջո­­­վին գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի բնոյ­­­թով օժ­­­տո­­­­­­­ւած էին։ իսկ ինք տա­­­րուած էր այդ նկար­­­նե­­­­­­­րով պատ­­­մութիւն կեր­­­տե­­­­­­­լու։

Իս­­­թանպու­­­լի սի­­­րահար մըն էր Արա Կիւ­­­լէր։ Եահեա Քե­­­մալի դի­­­տած բո­­­լոր բար­­­ձունքնե­­­րէն ինք ալ դի­­­տած էր այս քա­­­ղաքը։ Օր­­­հան Վե­­­լիին փակ աչ­­­քե­­­­­­­րով լսած քա­­­ղաքը իր հետ ալ խօ­­­սած էր։ Մա­­­նու­­­կի մը խո­­­շոր բա­­­ցուած հե­­­տաքրքիր աչ­­­քե­­­­­­­րով դի­­­տեց քա­­­ղաքը։ Միշտ փոր­­­ձեց այդ տե­­­սածին կա­­­խար­­­դանքը ձեռք բե­­­րել։ Ան Պո­­­լիսի մտա­­­ւորա­­­կանն էր։ Լաւ ու­­­սում ստա­­­ցած օտար լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րուն տի­­­րապե­­­տող եւ ժա­­­մանա­­­կակից մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թեան հետ շփում կազ­­­մող մար­­­դա­­­­­­­սէր քա­­­ղաքա­­­ցի մը։ Ան մէկ կող­­­մէն հայ էր, մէկ կող­­­մէն թուրք։ Մէկ կող­­­մէն քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ էր, մէկ կող­­­մէն մահ­­­մե­­­­­­­տական։ Մէկ ոտ­­­քը Թուրքիա էր, միւս ոտ­­­քը աշ­­­խարհի բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րուն։ Թա­­­գաւո­­­րական պա­­­լատ­­­նե­­­­­­­րէ, աղ­­­քատնե­­­րու հիւ­­­ղակնե­­­րուն, հոն­­­կէ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի օր­­­րաննե­­­րուն սա­­­ւառ­­­նեց ամ­­­բողջ կեան­­­քի ըն­­­թացքին։ Այդ բո­­­լորի խաչ­­­մե­­­­­­­րուկնե­­­րուն էր այս խիստ հե­­­տաքրքրա­­­կան, այս խիստ շա­­­հեկան մար­­­դը։ Սրունքնե­­­րը բա­­­ցած էր կա­­­րկինի մը նման, մէկ ոտ­­­քով միշտ մխրճո­­­ւելով հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրին, ծննդա­­­վայր քա­­­ղաքին եւ ի՞նչու չէ թա­­­ղամա­­­սին՝ Փե­­­րային։ Ան այս երկրի ժպտա­­­դէմ խառ­­­նուրդն էր։ Մեծ մարդկանց, հա­­­րուստնե­­­րու սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րը միշտ բաց եղան իր առ­­­ջեւ, բայց ան նա­­­խընտրեց հա­­­մեստնե­­­րու մի­­­ջավայ­­­րը։ Ան կ՚ու­­­զէր աշ­­­խարհը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րել եւ փո­­­խան­­­ցել մեզ։ Գի­­­տէր թէ ամ­­­բողջ պատ­­­մութիւ­­­նը կեր­­­տողնե­­­րը հա­­­մեստ մար­­­դիկ են։ Ինչպէս, որ տիեզեր­­­քը ադոմ­­­նե­­­­­­­րու միացումն է։ Արա Կիւ­­­լէր շատ կա­­­նուխ անդրա­­­դար­­­ձած էր այս գաղտնի­­­քին։ Աննշան ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու նշա­­­նակու­­­թիւնը շատ շուտ նկա­­­տած։ Տե­­­սախ­­­ցի­­­­­­­կի մը ոսպնեակէն ան­­­կողմնա­­­կալ կեր­­­պով որ­­­սո­­­­­­­ւած պատ­­­մութեան փսոր մըն էր իր իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր լու­­­սանկա­­­րը։

Գա­­­լով Արա Կիւ­­­լէ­­­­­­­րի, որ­­­պէս մարդ յատ­­­կութեան նշենք թէ կա­­­րելի չէ շեղ քա­­­նակով մը ու­­­ղիղ գիծ ձեռքբե­­­րել։ Նոյնպէս շեղ մար­­­դէ մը ու­­­ղիղ կեանք դուրս բե­­­րել կա­­­րելի չէ։ Միայն ու­­­ղիղ մար­­­դիկ է, որ պի­­­տի կրնան ու­­­ղիղ գոր­­­ծել։ Արա Կիւ­­­լէր ու­­­ղիղ մարդ էր։ Հե­­­տեւա­­­բար ու­­­ղիղ ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ եւ յա­­­ջողու­­­թիւնով պսա­­­կուած եր­­­կար կեան­­­քը իր ու­­­ղիղ գոր­­­ծին, ու­­­ղիղ վաս­­­տա­­­­­­­կին պար­­­գե­­­­­­­ւը դար­­­ձաւ։

Մարդկանց անուննե­­­րը եւ ազ­­­գա­­­­­­­նուննե­­­րը ար­­­դեօք նշա­­­նակու­­­թիւն մը ու­­­նի՞ն իրենց կեան­­­քին վրայ։ Եթէ ու­­­նին Արա Կիւ­­­լէ­­­­­­­րի անուն ազ­­­գա­­­­­­­նու­­­նը կրնանք գաղտնա­­­գիր մը հա­­­մարել, քա­­­նի որ իր կեան­­­քը ան­­­ցաւ որո­­­նելով եւ ժպտա­­­լով։ Զինք մօ­­­տէն ճանչցող­­­ներ պի­­­տի վկա­­­յեն այս հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մին, քա­­­նի որ ան իրաւ ալ միշտ ժպի­­­տով էր եւ միշտ փնտռտու­­­քի մէջ։ Յու­­­նաց մեծ փի­­­լիսո­­­փայ Արիս­­­թոթալես դա­­­սաւան­­­դե­­­­­­­լու պա­­­հուն յան­­­կարծ կը դառ­­­նար աշա­­­կերտնե­­­րէն մէ­­­կուն եւ հարց կու տար. «Հասկցա՞ր»։ Երբ աշա­­­կեր­­­տը դրա­­­կան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէր, այս ան­­­գամ Արիս­­­թօն կ՚առար­­­կէր ըսե­­­լով, որ «Դէմ­­­քիդ վրայ հասկցած ըլ­­­լալդ ապա­­­ցու­­­ցող ոչ մէկ նշոյլ»։ Իսկ ո՞ր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւնն է որ պի­­­տի ապա­­­ցու­­­ցէ աշա­­­կեր­­­տին հասկցած ըլ­­­լա­­­­­­­լը՝ ժպի­­­տը ան­­­շուշտ։ Արիս­­­թոթալես վրայ կը բե­­­րէ. «Հասկցո­­­ղը կը ժպտի» ըսե­­­լով։ Մեր վար­­­պե­­­­­­­տը վա­­­ղուց իմա­­­ցած էր, որ կեան­­­քը կրկէ­­­սի նման է։ Անընդհատ նոր խաղ մը եւ ծաղ­­­րա­­­­­­­ծու­­­ներ ամե­­­նու­­­րէք։ Այդ էր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ միշտ կը ժպտէր։ Ժպի­­­տը ան­­­պա­­­­­­­կաս էր իր դէմ­­­քէն։

Իսկ ար­­­դեօք Արա Կիւ­­­լէր հա­­­ւատա­­­ցեա՞լ էր։ Մե­­­րօրեայ կա­­­րեւո­­­րագոյն խնդիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է մարդկանց հա­­­ւատա­­­ցեալ ձե­­­ւանա­­­լով հան­­­դերձ հա­­­ւատ­­­քի էու­­­թիւնը ան­­­տե­­­­­­­սելը։ Կրօն­­­քի էու­­­թիւնը բա­­­րեսիրտ, բա­­­րեգութ մար­­­դու կեր­­­պա­­­­­­­րին յայտնու­­­թիւնով կա­­­րելի է բա­­­ցատ­­­րել։ Հա­­­ւատ­­­քի թե­­­լադ­­­րա­­­­­­­ծը Աս­­­տուծոյ հաս­­­նե­­­­­­­լու մար­­­մա­­­­­­­ջին մէջ մարդկու­­­թե­­­­­­­նէ չհե­­­ռանալն է։ Արա Կիւ­­­լէր 90 տա­­­րի առաջ այս տա­­­ճարին մէջ մկրտո­­­ւած էր։ Կտա­­­կած էր, որ յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թիւնն ալ կա­­­տարո­­­ւի նոյն եկե­­­ղեցին։ Ան յա­­­ճախ կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լէր այս եկե­­­ղեցին եւ առանց ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու մէջ մխրճո­­­ւելու իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցած էր իր հա­­­ւատ­­­քին պա­­­հան­­­ջած փի­­­լիսո­­­փայու­­­թիւնը։ Սէրն էր այդ փի­­­լիսո­­­փայու­­­թիւնը։ Սի­­­րել զԱս­­­տո­­­­­­­ւած եւ սի­­­րել հա­­­րեւա­­­նը։ Ու­­­րի­­­­­­­շին ընել այն ինչ, որ պի­­­տի ցան­­­կաս թէ քեզ ընէ։ Արա Կիւ­­­լէր ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ այդ բո­­­լորը։ Իսկ ար­­­դեօք հա­­­ւատա­­­ցեա՞լ էր։ Եթէ հա­­­ւատք ըսո­­­ւածը Աս­­­տուծոյ ստեղ­­­ծած կեան­­­քը փա­­­ռաբա­­­նել է, այո՛։ Ան կեան­­­քի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր ծալք, իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւ­­­նը ար­­­ժե­­­­­­­ւորեց եւ աշ­­­խա­­­­­­­տեցաւ կեանք կո­­­չուած հրաշ­­­քին գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու։ Եթէ հա­­­ւատա­­­ցեալ ըլ­­­լալ կը պա­­­հան­­­ջէ մար­­­դը հասկնալ, մար­­­դը բարձրաց­­­նել, Արա Կիւ­­­լէր ան­­­շուշտ, որ հա­­­ւատա­­­ցեալ էր մեր բո­­­լորէն աւե­­­լի։ Եթէ առանց ու­­­րի­­­­­­­շին վնա­­­սելու կեան­­­քը հարստաց­­­նելն է հա­­­ւատ­­­քը, եթէ գիտ­­­ցա­­­­­­­ծը մա­­­նու­­­կի մը միամ­­­տութեամբ փո­­­խան­­­ցել է, եթէ նիւ­­­թա­­­­­­­կան ար­­­ժէքնե­­­րու առանց կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւն տա­­­լու իր գոր­­­ծը լա­­­ւագոյն կեր­­­պով կա­­­տարելն է հա­­­ւատ­­­քին թե­­­լադ­­­րա­­­­­­­ծը՝ Արա Կիւ­­­լէր հա­­­ւատա­­­ցեալ էր բա­­­ռին բուն իմաս­­­տով։

Ալ­­­պերթ Քա­­­միլ ըսած էր, թէ «Մա­­­հը մար­­­դու ապ­­­րած ամե­­­նահ­­­րա­­­­­­­շալի ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւնն է»։

Ու­­­րեմն Արա Կիւ­­­լէ­­­­­­­րի ալ մե­­­ծագոյն ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւնը ճիշդ հի­­­մա է, որ կը սկսի։ Ան կ՚ու­­­ղարկենք յա­­­ւիտե­­­նու­­­թեան։ Գի­­­տենք որ կը սի­­­րէր ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւնը։ Իր աս­­­պա­­­­­­­րէզը այդպէս կը պա­­­հան­­­ջէր։ Խոր ձո­­­րերը դի­­­տեց այս աշ­­­խարհին։ Խիտ ան­­­տառնե­­­րու մէջ մո­­­լորե­­­ցաւ, անա­­­պատ­­­ներ ան­­­ցաւ եւ ան­­­ծայրա­­­ծիր ով­­­կիանոս­­­ներ։ Յայտնա­­­բերեց հնա­­­դարեան քա­­­ղաք­­­ներ։ Հի­­­մա տա­­­րուած է մահ կո­­­չեալ այդ սեւ խա­­­ւարի գաղտնի­­­քը գտնե­­­լու։ Ով գի­­­տէ, որ­­­քան շատ կը փա­­­փաքէր լու­­­սանկար­­­չա­­­­­­­կան գոր­­­ծի­­­­­­­քը իր հետ ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Ինչ լաւ կ՚ըլ­­­լար եթէ Դրախ­­­տի ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րը իր ոսպնեակէն տես­­­նէինք։ Անամպ ժպտա­­­ցող ոգի­­­ները ար­­­դեօք ին­­­չի՞ նման են։ Ինչպէ՞ս է անոնց հրե­­­ղէն կար­­­գե­­­­­­­րը։ Կամ հրեշ­­­տակնե­­­րու թե­­­ւերու փայ­­­լա­­­­­­­տակու­­­մը։ Հա­­­ւանա­­­բար իր գա­­­ցած տեղն ալ Իս­­­թանպու­­­լի չափ գե­­­ղեցիկ քա­­­ղաք­­­ներ գտնո­­­ւին։ Դուք ի՞նչ կը կար­­­ծէք։ Միայն աշ­­­խարհի վրայ է, որ կեանք կա՞յ։ Կը կար­­­ծէք, թէ Աս­­­տուծոյ ստեղ­­­ծած գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը սահ­­­մա­­­­­­­նուած է միայն այս աշ­­­խարհո՞վ։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի մէջ աւե­­­տուած է. «Աչ­­­քին չտե­­­սած, ական­­­ջին չլսած հրա­­­շալիք­­­նե­­­­­­­րը Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­սէր­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար պա­­­հուած է»։ Բա­­­րի մար­­­դիկ պի­­­տի ար­­­ժա­­­­­­­նանան այդ բո­­­լորին։

Երթդ բա­­­րի մեծ վար­­­պետ։ Մենք, քեզ սի­­­րող­­­ներ հոս ենք։ Քեզ ճանչցող կամ չճանչցող բո­­­լորս։ Հա­­­յեացքնիս քե­­­զի ուղղած կը խո­­­նար­­­հինք յի­­­շատա­­­կիդ առ­­­ջեւ։ Ամ­­­բողջ երկրով մէկ կ՚ող­­­ջունենք քեզ, երախ­­­տիք կը յայտնենք մե­­­զի թո­­­ղած մեծ վաս­­­տա­­­­­­­կիդ հա­­­մար։ Իզուր չես ապ­­­րած։ Քեզ­­­մով լու­­­սա­­­­­­­ւորո­­­ւեցանք, քեզ­­­մով գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­ցանք։ Աս­­­տո­­­­­­­ւած ողոր­­­մէ հոգ­­­ւոյդ, լոյ­­­սե­­­­­­­րու մէջ ննջէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ