ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սիրեմ ձեր համերաշխութիւնը

Ազգային փոքրամասնութեան մը համար մե­ծագոյն վտանգն է ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան վե­րացու­մը։ Եթէ ոչ ուղղա­կի վե­րացու­մի, բայց նա­հան­ջի, մա­շուե­լու, տկա­րանա­լու բազ­մա­թիւ երե­ւոյթներ կը յայտնուին թրքա­հայ հա­մայնքի հաշ­ւոյն։ Ոչ միայն մեր երկրի, այլ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րու մէջ պե­տու­թիւննե­րը կը ցան­կան այդ գի­տակ­ցութեան նո­ւազու­մը։ Կը դժո­ւարաց­նեն ազ­գա­յին դպրոց­նե­րու աշ­խա­տաձե­ւը։ Բազ­մա­թիւ դժո­ւարու­թիւններ կը յա­րու­ցա­նեն մայ­րե­նիի ու­սուցման ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար եւ վերջ ի վեր­ջոյ այս բո­լորը կը ներ­կա­յաց­նեն ապ­րո­ւած երկրի պայ­մաննե­րուն կա­տարեալ կեր­պով հա­մակեր­պե­լու, այսպէ­սով ալ օտա­րու­թեան չմատ­նո­ւելու պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ։ Ձե­ւով մը կա­րելի է այս բո­լորը ազ­գա­կոր­ծան աշ­խա­տու­թիւններ հա­մարել։ Բայց ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան ամ­րութեան պա­րագա­յին այդ գոր­ծօննե­րը չեն տար ակնկա­լուած ար­դիւնքը եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը, հոգ չէ թէ այս ան­գամ ու­ժին կա­րեւո­րագոյն մէկ մա­սը վատ­նէ գո­յատեւ­ման հա­մար։ Սա­կայն մեր­թընդմերթ այդ չար միտ­քը եւս կ՚ար­ձա­նագ­րէ յա­ջողու­թիւններ, որոնք կրնան ան­հա­ւատա­լի թո­ւիլ, բայց եւ դառ­նալ իրո­ղու­թիւն։

Այս շա­բաթ այդ տե­սակի դէպ­քի մը ակա­նատե­սը կ՚ըլ­լանք, երբ զար­մանքով կը տես­նենք շիր­մա­քար մը Շիշ­լիի հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ։ Ի՞նչ է այդ շիր­մա­քարը այսքան զար­մա­նալի դարձնող պատ­ճա­ռը։ Ան որ շիր­մա­քարի վրայ կը կար­դանք հա­յերու կող­մէ գոր­ծա­ծուած անուն մը՝ Նա­տիա եւ ան­մի­ջապէս ստո­րոտը քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թեան մը խորհրդան­շա­նը եւ անո­ւան կրճա­տու­մը՝ «Ազ­գա­յին շար­ժում կու­սակցու­թիւն»։ Այդ կու­սակցու­թիւնը երկրի քա­ղաքա­կան դաշ­տին վրայ ծա­նօթ է իր հա­յատեաց քա­ղաքա­կանու­թեամբ։ Ու­րեմն ինչպէ՞ս բա­ցատ­րել հա­յու մը այդ կու­սակցու­թեան հա­մակիր ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը։ Խոս­տո­վանինք, որ սա բա­ցառիկ երե­ւոյթ մը չէ, նա­խապէս ալ գտնո­ւած են հա­յեր, որոնք այդ ազ­գայնա­մոլ կու­սակցու­թեան նկատ­մամբ հա­մակ­րանք ու­նե­նան։ Նոյ­նիսկ կու­սակցու­թեան անու­նը ճշդո­ղը հայ մը եղած է, մօտ ան­ցեալին ու­րիշ հայ մը երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու ներ­կա­յացած է այդ նոյն կու­սակցու­թե­նէն եւ տա­կաւին զար­մա­նալին նոյն ինքն կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դիր Ալ­փասլան Թիւրքեշ հայ որբ մը եղած է, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին կորսնցնե­լով իր հայ­րը։

Այս բո­լորը ծա­նօթ էին, բայց մենք առա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պինք հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ նման ամօ­թալի ոտնձգու­թեան։ Ճիշդ ալ ոտնձգու­թեան առ­թիւ օրա­կար­գի կու գայ ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան խնդի­րը։ Վերջ ի վեր­ջոյ ան­հատներ կրնան մո­լորիլ, կրնան շո­ւարիլ եւ կրնան հե­տեւիլ ան­հա­ւատա­լի ձաբռտուքնե­րու, բայց հաս­տա­տու­թիւն կո­չուա­ծը պար­տա­ւոր է որոշ գի­տակ­ցութիւն մը պա­հելու, երբ մա­նաւանդ հաս­տա­տու­թիւն ըսե­լով կ՚ակ­նարկենք եկե­ղեցիի մը պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան յանձնո­ւած գե­րեզ­մա­նի մը մա­սին։

Ինչ ցա­ւալի է, որ հոս եւս չենք զար­մա­նար, քա­նին որ գի­տենք թէ այդ նոյն գե­րեզ­մա­նի պա­տաս­խա­նատու­նե­րը մօտ ան­ցեալին քա­ղաքա­կան ան­պա­տեհու­թիւն տե­սած էին գե­րեզ­մա­նատան մէջ Կո­միտաս վար­դա­պետի հա­մար ար­ձա­նի մը տե­ղադ­րումէն։ Իրենց դժկա­մու­թիւնով կրկին տա­շուած էր պա­տուան­դա­նի գրու­թիւնը եւ պատ­րաստո­ւած ար­ձանն ալ փո­խադ­րո­ւած էր աշ­խա­տանո­ցի մը պար­տէ­զը։

Ան­շուշտ որ մեր ազ­գա­յին մա­մու­լը, եր­բեք ու եր­բեք չի հե­տաքրքրո­ւիր նման գայ­թակղու­թիւննե­րով եւ այս խայ­տա­ռակ ըն­թացքնե­րը կը մնան քօ­ղար­կո­ւած։

Նիւ­թը փո­խան­ցո­ւած է Պատ­րիար­քա­րան, ուր եւս տի­րած է քար լռու­թիւն եւ աւե­լին Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապե­տը յայտնած է, թէ չեն կրնար մի­ջամ­տել ան­հատնե­րու գե­րեզ­մա­նատան մէջ իրենց շի­րիմ­նե­րը բա­րեզար­դե­լու գոր­ծին։

Վստահ եմ որ, եթէ այս հա­մայնքը ու­նե­նայ այդ շիր­մա­քարը կոր­ծա­նելու տրա­մադ­րութիւն, շատ աւե­լի մեծ պի­տի ըլ­լայ այդ արար­քը մե­ղադ­րողնե­րը յա­նուն հա­մայնքի հա­մերաշ­խութեան։

 

pakrates@yahoo.com