Իսթանպուլի մայր քաղաքապետարանի թելադրանքով Շիշլիի քաղաքապետարանը փոխած է Սամանեոլու փողոցի անուանումը «Հրանդ Տինք» փողոց եւ Ըշըք փողոցի անուանումն ալ «Ուղուր Մումճու» փողոց ըլլալով։
Նախորդ ամիս քաղաքապետարանը այս երկու փողոցներու անուններուն համար անուանափոխութիւն առաջարկած էր, պատճառաբանելով որ անոնք կը յիշեցնեն Ֆեթհուլլահ Կիւլենի աղանդին պատկանող հաստատութիւնները։ Նախապէս զանազան անգամներ դիմում կատարուած էր Շիշլի թաղին փողոցներէն մէկուն Հրանդ Տինքի անունով յիշուելուն համար։ Այդ դիմումները մերժուած էին կարգ մը ծիծաղելի պատճառաբանութիւններով։ Այս մասին առաջին դիմումը կատարուած էր 2010 թուին Հրանդ Տինքի սպաննուած անկիւնին գտնուող Շաֆաք փողոցի անուանափոխութեամբ։ 2014-ին այս անգամ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու նման առաջարկ մը բերած էր եւ այդ առաջարկը օրակարգի իսկ չէր բերուած։ 2016-ին դարձեալ Հանրապետական երեսփոխաններ՝ Սեզկին Թանրըքուլու, Վելի Աղպապա եւ Էօզկիւր Էօզէլ այս մասին դիմում կատարած էին եւ այդ դիմումն ալ մնացած էր անպատասխան։
Հրանդ Տինքի անունով այգիներ կան Մերսին քաղաքի Աքտենիզ թաղամասի, Տիյարպեքիրի Քայափընար գաւառի եւ Մալաթիոյ մէջ իր ծնած տան փողոցին վրայ։