Պէյքոզ այս տարի եւս կը սատարէ համայնքային վարժարաններուն



Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը վերջերս տիրացած կալուածի հասոյթի տոկոսէն գոյացած գումարի %40-ը պիտի տրամադրէ համայնքի ինը կրթական հաստատութիւններուն։ Իսկ մնացեալ 60 տոկոսը պիտի խնայուի մայր գումարի արժէքը պահպանելու համար։ Այս մասին 16 Հոկտեմբեր երեքշաբթի օր Կետիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ ժողով մը գումարուեցաւ, որուն նախագահեց Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Ժողովին ներկայ էին բացի Պէյքոզի թաղական խորհուրդի անդամներէն եւ խորհրդատուներէն Սահակեան, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Պէզճեան, Եշիւլգիւղ, Տատեան, Գալֆայեան, Լեւոն Վարդուհեան, Կեդրոնական եւ Մերամեթճեան դպրոցներու ներկայացուցիչները։

Ժողովի աւարտին որոշուեցաւ 19 Հոկտեմբերին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց այցելել եւ ժողովի արդիւնքները փոխանցել հոգաբարձութեան ու նաեւ Պատրիարքարանին։

 


 


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ