«Կանուխ է եղելութիւնը յստակացնելու համար»

Պատուելի Պրանսընի Ամերիկա դառնալէն ետք տոլարի սակագինը իջաւ 6 ԹԼ-ի սահմանէն։ Սակայն տակաւին խնդրական է յառաջիկայ օրերու տնտեսական միջավայրը։ Միւս կողմէ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ եւ Ամերկեան կեդրոնական պանքի միջեւ ալ լարուածութիւն մը կը նկատուի։ Շանթ Մանուկեան տարադրամի ապագայ զարգացումի մասին ակնկալութիւնները մեկնաբանեց «Ակօս»ի համար։

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ մերթ տո­­լարի սա­­կագ­­նի բարձրաց­­ման, մերթ ալ սա­­կարա­­նի հա­­շուե­­ցու­­ցակնե­­րուն ար­­ժեզրկման հա­­մար մե­­ղադ­­րա­­­կան յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ կ՚ու­­նե­­­նայ Կեդ­­րո­­­նական պան­­քի հաս­­ցէին։ Այս մե­­ղադ­­րանքնե­­րը ան­­պա­­­տաս­­խան կը մնան, Կեդ­­րո­­­նական պան­­քը կը խու­­սա­­­փի բա­­նավէ­­ճի մտնե­­լէ, բայց դրա­­մական շու­­կա­­­ները կ՚ու­­նե­­­նան փոքր ինչ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւններ։ Սա­­կայն ոչ ոք կը սպա­­սէ, թէ Թրամբ պի­­տի մի­­ջամ­­տէ Կեդ­­րո­­­նական պան­­քի որո­­շումնե­­րուն։ Նման մի­­ջամ­­տութիւ­­նը շատ սուղ կրնայ ար­­ժել։ Հե­­տեւա­­բար կը սպա­­սուի, թէ եթէ շատ լուրջ դան­­դա­­­ղացում մը տե­­ղի չու­­նե­­­նայ Դեկ­­տեմբեր ամ­­սուն տո­­կոս­­նե­­­րը կրկին բարձրա­­նան եւ նոյն ըն­­թացքը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի 2019-ին եւս։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի սղա­­ճը Կեդ­­րո­­­նական դրա­­մատան եւ շու­­կա­­­ներու են­­թադրա­­ծէն աւե­­լի բարձր պի­­տի ըլ­­լայ, որու հե­­տեւան­­քով տո­­կոս­­ներն ալ հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով պի­­տի բարձրա­­նան։ Դար­­ձեալ շատ հա­­ւանա­­կան է, որ ներ­­կայ ան­­հանգստու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ մի­­ջան­­կեալ ընտրու­­թիւննե­­րու, այ­­սինքն 9 Նո­­յեմ­­բե­­­րի տե­­ւողու­­թեամբ։ Տե­­մոք­­րա­­­թական­­նե­­­րու յաղ­­թա­­­նակով դուրս գա­­լու պա­­րագա­­յին նոյ­­նիսկ օրա­­կար­­գի պի­­տի գայ Թրամ­­բի պաշ­­տօ­­­նան­­կութիւ­­նը։ Եթէ Ծե­­րակոյ­­տը տե­­մոք­­րա­­­թական­­նե­­­րուն չանցնի, այն ատեն պաշ­­տօ­­­նան­­կութեան խնդիր թէեւ չի մնար, բայց Թրամբ չի կրնար նաեւ իր կամ­­քը կի­­րար­­կել եւ կրնայ հրա­­ժարե­­լու ստի­­պուիլ։ Այս հա­­ւանա­­կանու­­թիւննե­­րու մէջ բնա­­կանա­­բար որոշ չա­­փով կ՚ան­­տե­­­սուին տնտե­­սական աղիւ­­սակնե­­րը իրենց տե­­ղը զի­­ջելով քա­­ղաքա­­կան տո­­ւեալ­­նե­­­րու։

Աւե­­լի յո­­ռետես եմ Եւ­­րո­­­պական շու­­կա­­­ներու առու­­մով, քա­­նի որ 2009 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած բարձրաց­­ման գոր­­ծօ­­­նը հա­­սած է իր վեր­­ջա­­­կէտին։ Կրնանք վար­­կե­­­րու բարձրա­­ցում եւ տո­­լարի գե­­րակշռու­­թիւն մը տեսնել։

Պա­­տուե­­լի Պրան­­սը­­­նի ազատ ար­­ձա­­­կուե­­լով Թուրքիոյ ուղղո­­ւած քա­­ղաքա­­կան ռիս­­քե­­­րէն մէ­­կը վե­­րացած է։ ԱՄՆ-ի հետ քա­­ղաքա­­կան շփումնե­­րու բա­­րելա­­ւու­­մը պի­­տի նպաս­­տէ նաեւ տնտե­­սական գոր­­ծընթա­­ցին։ Բայց ան­­դին կայ տա­­կաւին Պարսկաս­­տա­­­նի դէմ շրջա­­փակու­­մի խնդի­­րը, որ կը խոս­­տա­­­նայ նոր գլխա­­ցաւ մը Թուրքիա- ԱՄՆ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ։ Քա­­ղաքա­­կան ու աշ­­խարհագ­­րա­­­կան սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու վե­­րացու­­մով տո­­լարը քիչ մը եւս կրնայ նա­­հան­­ջել Թրքա­­կան լի­­րայի դի­­մաց։ Բայց միւս կող­­մէ Թուրքիա ու­­նի իր տնտե­­սական ճգնա­­ժամե­­րու պատ­­կե­­­րը, որոնց գլխա­­ւորն է սղա­­ճը։ Այս բո­­լորը գու­­մա­­­րելով կրնանք ըսել, որ անո­­րոշու­­թիւնը որոշ չա­­փով վե­­րացած է, բայց ամէն ինչ յստա­­կաց­­նե­­­լու հա­­մար դեռ շատ կանուխ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ