Երեք տարուայ ընդհատումէ ետք իրականացաւ Տիյարպեքիրի գիրքի փառատօնը, որուն այս տարուայ պատուոյ հիւրն էր գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան։ Նոյն օրերուն «Արաս» հրատարակչատունն ալ ամբողջական հատորի մը մէջ մէկտեղեց Մարկոսեանի գրականութիւնը՝ «Ֆլլանամէ» խորագրին տակ։ Փառօտանին յաջորդող օրերուն Տիյարպեքիրի մէջ տեղի ունեցաւ «Բաղդատական գրականութեան օրեր» միջոցառումը, որու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Ժամանակ, վայր, Մարկոսեան» խորագրով ասուլիս մը։ Նաեւ յատուկ երեկոյթով մը նշուեցաւ վաստակաւոր գրողի 80-ամեակը։
Պոլիս վերադարձին այս անցուդարձներու շուրջ զրուցեցինք Մարկոսեանի հետ, որուն մեր առաջին հարցումը եղաւ «Գիրքի փառատօնի պատուոյ հիւրն էիք, ձեր գրական վաստակը վերհրատարակուեցաւ առանձին հատորով մը եւ այս բոլորը զուգադիպեցաւ 80-ամեակին։ Ինչե՞ր կը զգաք»։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ- Խոստովանիմ որ ինծի համար ալ անակնկալ էր։ «Արաս» երթալուս միշտ կը հարցնէի, թէ նոր ի՞նչ գիրքի վրայ կ՚աշխատին, պետական գաղտնիքի մը նման կը թաքցնէին ինձմէ։ Գիրքը հազիւ տպարանէն գալէն ետք տեսայ եւ շատ հաւնեցայ։ Ամբողջական հատոր մը ըլլալը արժէքաւոր էր անշուշտ։ Տիյարպեքիրի գիրքի փառատօնին զիս պատուոյ հիւր հռչակեցին։ Անշուշտ որ, այդ ալ արժէքաւոր էր, բայց պարտիմ ըսելու թէ իմ քաղաքի մէջ հիւրի վերաբերումի արժանանալը քիչ մը վիրաւորական էր ինծի համար։ Այս զգացումս հոն եւս պարզեցի, բայց անշուշտ շատ գոհ եմ ցուցաբերուած ջերմ հետաքրքրութենէն։ «Արաս»ի տաղաւարը Տիյարպեքիրի գիրքի փառատօնի ընթացքին միշտ ուշադրութեան կեդրոն եղած է։ Կազմակերպիչներու փոխանցած տեղեկութիւնով փառատօնի այցելողներու թիւը 110 հազարի շուրջ է։ Եթէ նկատի առնենք կրկին այցելողները կամ աշխատողներուն ելք ու մուտքը անդին կ՚ունենանք 100 հազարի նման թիւ մը, որ իսկապէս հսկայական է։ Քիչ մը գովազդի պէս կրնայ թուիլ, բայց իրողութիւն է ու պէտք է ըսեմ գիրքերը մակագրել ուզողներուն գոյացուցած հերթը այնքան բազմութիւն էր, որ յաճախ մեր տղաքը կը ստիպուէին ժողովուրդը կարգի մէջ պահելու։
Քանի որ նիւթը հոս հասաւ կ՚ուզեմ հարցնել հետեւեալը, վերջերս Թուրքիոյ մէջ զգալի հետաքրքրութիւն մը կայ հայոց անցեալի ապրումներուն հանդէպ։ Սա ինչո՞վ կարելի է բացատրել։ Արդեօք կորսուած ժողովուրդի մը նկատմամբ կարօ՞տ, թէ ոչ շրջանի մը հետ նոր հաշուեյարդար։
Մ.Մ.- Շատ կարեւոր հարցում մըն է այս։ Հարցում մը, որ մերթընդմերթ ես ինքզինքիս ալ կ՚ուղղեմ։ Մնաց որ, այցելողներուն հարցումներն ալ շատ անգամ ինքնին կը բնութագրեն եղածը։ Անշուշտ այստեղ ընդհանրացնելը կրնայ սխալ տեղեկութեան պատճառ դառնալ։ Հետեւաբար պիտի խուսափիմ ընդհանրացնելէ, բայց կրնամ ըսել, թէ իւրաքանչիւր հինգ այցելուէն նուազագոյն երկուքը կը խօսի իր նախնիներուն հայ անցեալին մասին։ Անշուշտ սա շատ խրթին նիւթ է։ Այս մարդիկ կ՚առերեսուին անցեալին հետ։ Անոնցմէ ոմանք կը խոստովանին իրենց պապերու գործած մեղքերը։ Զղջում կը յայտնեն եւ արդէն չեն կրնար հարիւր տարի առաջուայ յանցագործութեան մը մեղքը բեռցնել իրենց ուսերուն։ Բայց մէկ կողմէ ալ ակամայ կը տարուին մտածելու։ Արդեօք պայմանները ներկայանան այսօր ի՞նչ կ՚ըլլայ իրենց որդեգրած դիրքը։ Միտքիս կառչող այդ հարցումը նոր խորհուրդներ կ՚առաջացնէ։ Գիտէք թէ մինչեւ մօտ անցեալ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին փուլ եկած էր։ Այդ վիճակին մէջ հաւատացեալներու աղօթքները աւելի հեշտութեամբ կը հասնէին Երկնաւոր Հօր, քանի որ տանիք մըն ալ գոյութիւն չունէր։ Ահագին աշխատանք տարուեցաւ, անուրանալի նուիրեալ աշխատանք, որու հետեւանքով Տիյարպեքիրի այս պատմական շինութիւնը վերակենդանացաւ իր պատմական փլատակէն։ Հետզհետէ ժողովուրդ սկսաւ յաճախել եկեղեցի։ Տեղացիներուն «պաֆըլլէ» կոչած ծպտեալ հայերը սկսան մէկ մէկ եկեղեցի յաճախել։ Յետոյ այդ բոլորին վրայէն հազիւ չորս տարիներ անցան եւ եկեղեցին համարեա վերածուեցաւ իր նախկին դիրքին։ Այս երեւոյթը իր հետ բերաւ նաեւ հիասթափութիւն։ Ես անցեալին այս նիւթին շուրջ բաւականին աշխատած էին։ Մարդիկ կ՚առարկէին վերանորոգման մեր առաջարկներուն ըսելով, որ. «այդտեղ հայ չէ մնացած, հապա ո՞րու համար պիտի նորոգենք եկեղեցին»։ Դժբախտաբար այդ զանգուածը իրաւացի եղաւ։ Հիմա հարց կու տան, թէ ինչի՞ ծառայած է կատարուած աշխատութիւնը, երբ ընդամէնը չորս տարուայ ընթացքին ամէն ինչ վերածուած է իր նախկին վիճակին։
Դժբախտաբար կը տեսնեմ, որ մտայնութիւնները այդքան ալ դիւրին չեն փոխուիր։ Օրինակ մեծ մօրս շիրիմը երկար տարիներ չէինք կրցած յայտնաբերել։ Վերջապէս յայտնաբերեցինք եւ հայրս վերանորոգեց այդ շիրիմը։ Այս վերջին երթալուս մինչեւ, որ տեղը գտայ միայն ես գիտեմ իմ մատնուած չարչարանքը։ Այո, գերեզմանը հոն է, բայց քարերուն մէկ մասը շրջուած է, մէկ մասը անհետացած, ինչ ընել ուզեցին չեմ հասկցած։ Գանձ փնտռեցին, թէ ի՞նչ ըրին…։ Ահա այս մտայնութիւնն է, որ անփոփոխ կը մնայ։ Այս բոլորը կարծեմ կրնայ պատկերացում մը տալ իմ հոգեբանութեան մասին։ Յաւելեալ նշեմ, որ այս բոլորով հանդերձ հոն մնալ շարունակողներուն մասին վաւերագրական մը պատրաստած էինք։ Այս վաւերագրականին նկարահանուած Կաւուր թաղամասը այժմ գոյութիւն չունի։ Թէեւ տակաւին քաղաքի այդ հատուածը արգիլեալ տարածք է, բայց ես յաջողեցայ յատուկ թոյլտուութեամբ երթալ ու տեսնելու։
Իսկ ի՞նչ մնացած է երբեմնի Կաւուր թաղէն։
Մ.Մ.- Նախ կաւուրը գնաց, յետոյ թաղը եւ վերջապէս հիմա ալ անունը կը վերանայ։ Յուզիչ է այս կորուստը եւ ես քիչ մըն ալ այս պատճառաւ չեմ կրցած հասկնալ, թէ ես ո՞վ եմ եւ ի՞նչ կ՚ընեմ իմ հարազատ քաղաքին մէջ։ Հիւր մըն ե՞մ, զբօսաշրջիկ մը՞, թէ ոչ այդ քաղաքին տանուտէրը։
Մինչ այդ պատիւ ըրած այդ թաղին մէջ փողոցի մը իմ անունս տուած էին։ Այսօր այդ փողոցն ալ գոյութիւն չունի։ Երբեմն մտքովս կ՚անցնեմ աղերսագիր մը գրեմ ու իմ անունս կրող փողոցը ետ պահանջեմ ըսելով։ Ո՛չ միայն իմ անունը, այլ նոյնպէս բանաստեղծ Ահմետ Արիֆի անունը վերացած է փողոցէն։ Այս առթիւ յիշեմ, երեկ ալ Սամանեոլու փողոցին անունը փոխեցին ու դարձուցին Հրանդ Տինք փողոց։ Լաւ, լաւ բան է փողոցի մը անուն շնորհելը, բայց եթէ քանի մը տարի անց այդ փողոցի անունը պիտի փոխեն ի՞նչ իմաստ ունի։
Այս մասին ես հարցնել կը պատրաստուէի, բայց դուք արդէն բոլորը պատմեցիք։ Ուրեմն ի՞նչ կը խորհիք ներքնաքաղաքի մասին։Չէ՛ որ այդ տեղը Թոլետոյի վերածելու խորհուրդ մըն ալ կ՚արձագանգուէր մօտ անցեալին։
Մ.Մ.- Անշուշտ, որ խնդիրը մինակ Կաւուր թաղի խնդիրը չէ։ Տիյարպեքիր ըսուելով նախ պէտք է հասկնանք պարիսպներով շրջապատուած հատուածը։ Պարիսպներէն դուրս արդէն բոլորովին նոր Տիյարպեքիր մը կայ։ Իսկ ներքնամասի մէջ ապրիլը վերջին բախումներէն ետք անկարելի դարձաւ։ Յաջողողը տունը ծախեց եւ այդ նոր թաղամասերէն մէկուն փոխադրուեցաւ։ Հոն այլեւս ազգային բնորոշիչ յատկութիւններ չեն մնացած։ Քանի մը հին շէնքը պահպանելով կը փորձեն պատմական դիմագիծը պահած ձեւացնել։ Ծիծաղելի բաներ կը կատարուի։ Եթէ այդ ըրածնին է Թոլետոն ես պիտի ըսեմ գետնին տակը անցնի։ Սա ինչ սոսկալի բարդոյթ է որ հազարամեայ քաղաքը Թոլետոյի վերածելու կը յանդգնիս եւ առանց ամչնալու նման գաղափար մը կ՚արտայայտես։ Ինչո՞ւ իսպանացին չի ձգտիր իր քաղաքը Տիյարպեքիր դարձնելու, բայց դուն կը ձգտիս քու քաղաքդ անոր նմանեցնելու։