Կրթական մշակի մը ետեւէն…

Հա­մայնքիս կրթա­­կան մշակ­­նե­­­րէն Թա­­գու­­հի Հա­­լաճեան Մշա­­կոյ­­թի Շաբ­­թո­­­ւան մէջ իր մահ­­կա­­­նացուն կնքեց։

1965-ին Էսաեան վար­­ժա­­­րանը սկսող մեր ըն­­կե­­­րու­­թիւնը անո­­ղոք հի­­ւան­­դութեան մը հե­­տեւան­­քով հի­­ւան­­դա­­­նոցի մը սե­­նեակը վերջ գտաւ, խոր սու­­գի մէջ թո­­ղելով մեզ։

Թա­­գու­­հի Հա­­լաճեանը մեր կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մէջ եր­­կար տա­­րիներ տնօ­­րէնու­­թիւն ընե­­լով իր նո­­ւիրա­­կան աս­­պա­­­րէզը ան­­թե­­­րի կա­­տարած է։ Ան միշտ պար­­տա­­­կանու­­թեան պա­­հան­­ջած պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը գի­­տակ­­ցօ­­­րէն տե­­ղը բե­­րած եւ միշտ գնա­­հատան­­քի ար­­ժա­­­նացած է։ Իր մար­­դա­­­սիրա­­կան, ազ­­գա­­­սիրա­­կան ձիր­­քե­­­րով օժ­­տո­­­ւած նկա­­րագի­­րը զին­­քը մղած են բա­­րեսի­­րական գոր­­ծեր կա­­տարե­­լու, ան­­տէրնե­­րուն տէր կանգնե­­լու։

Հանգստեան կո­­չուե­­լէ ետքն ալ գոր­­ծօն կեր­­պով ազ­­գա­­­նուէր պար­­տա­­­կանու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կելով Ու­­սուցչաց Միու­­թեան վար­­չութեան մէջ իբր ատե­­նապե­­տու­­հի աշ­­խա­­­տակ­­ցած է, եղած է նաեւ Սկիւ­­տա­­­րի Ս. Խաչ եկե­­ղեց­­ւոյ Տիկ­­նանց կազ­­մին ատե­­նապե­­տու­­հին, ուր դարձեալ ժրա­­ջան կեր­­պով աշ­­խա­­­տած է։

Դժբախ­­տա­­­բար վեր­­ջին հինգ ամ­­սո­­­ւան մէջ իր կեան­­քը խոր­­տա­­­կող ան­­բուժե­­լի հի­­ւան­­դութեան մը ճիրանն­ե­­­րուն մէջ ին­­կաւ եւ իր այս ան­­խոնջ, կայ­­տառ եւ գոր­­ծօն կեան­­քը վերջ գտաւ 11 Հոկ­­տեմբեր հինգշաբ­­թի օր։ Մեծ սու­­գի մէջ ձգե­­լով մեզ ան­­դարձ բաժ­­նո­­­ւեցաւ այս աշ­­խարհէն։ Ան մեր յու­­շե­­­րուն մէջ պի­­տի ապ­­րի։

Աս­­տո­­­ւած հո­­գին լու­­սաւորէ։

Եւգինէ Ինճիտիւզէն


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ