ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Մեզ եւ իր բո­­լոր սի­­րելի­­ներուն հա­­մար անակնկալ կեր­­պով կեան­­քէն հրա­­ժեշտ առաւ Կա­­րօ Տէ­­յիր­­մենճեան։

Ծնած էր Թառ­­լա­­­պաշը, Քա­­լիոն­­ճու Քուլլուք փո­­ղոցը, 13 Հոկ­­տեմբեր 1946-ին, որ­­պէս անդրա­­նիկ զա­­ւակը ատա­­փազար­­ցի Վռամ­­շա­­­պուհ Տէ­­յիր­­մենճեանի ու թե­­քիր­­տաղցի Հեր­­մի­­­նէ Տէ­­յիր­­մենճեանի (ծնեալ՝ Գահ­­վէ­­­ճեան)։ Կրթու­­թիւնը՝ Սա­­գըզա­­ղաճի Վե­­նետի­­կեան Մխի­­թարեան եւ ապա Սեն Մի­­շել վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն։ Ի տղայ տիոց ծա­­ռայած՝ Ս. Եր­­րորդու­­թիւն եւ ապա Ս. Յա­­րու­­թիւն եկե­­ղեցի­­ներուն, որ­­պէս ան­­դա­­­մը Ասո­­ղիկ ու Լու­­սա­­­ւորիչ դպրաց դաս-երգչա­­խումբե­­րուն, վերջնոյն մէջ որոշ շրջան­­ներ ըլ­­լա­­­լով նաեւ ան­­դամ տնօ­­րէն խոր­­հուրդի։ Եր­­կար տա­­րիներ է՛ր նաեւ Գա­­րակէօզեան տան Քնա­­լը կղզիի Կազ­­դուրման կա­­յանի խնա­­մատար մարմնի ան­­դա­­­մը։

Հա­­մեստ աշ­­խա­­­տաւոր մը ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ գոր­­ծի աս­­պա­­­րէզին վրայ, ան ու­­նե­­­ցաւ ու­­րոյն աշ­­խարհ մը, ուր գտաւ իր եր­­ջանկու­­թիւնը. ծո­­վու սի­­րահար մըն էր, «քափ­­թան»ը՝ իր կող­­մէ մկրտո­­ւած «Քա­­լիփ­­սօ», «Սա­­յօ» (Սա­­յաթ-Նո­­վայի անու­­նէն ներշնչո­­ւած), «Շի­­րազ» ու «Մնձու­­րի» նա­­ւակ­­նե­­­րուն, ատաղ­­ձա­­­գործ էր, պար­­տիզպան, շար­­ժա­­­րուես­­տի ու գծա­­վէպե­­րու մեծ սի­­րահար մը, լու­­սանկա­­րիչ…

Կա­­րօ Տէ­­յիր­­մենճեան եղաւ ջա­­տագո­­վը հա­­յերէ­­նախօ­­սու­­թեան։

Ապ­­րե­­­ցաւ հա­­մեստ, խա­­ղաղ ու եր­­ջա­­­նիկ կեանք մը։ «Պէտք է վախ­­նալ ո՛չ թէ մա­­հէն, այլ պա­­րապ կեան­­քէն», ինչպէս ըսեր է Պրեխթ։ Ու Կա­­րոյի ամէն մէկ վայրկեանը ար­­ժե­­­ւորո­­ւած էր ու հի­­մա մե­­զի կը մնայ ող­­ջունել այդ կեան­­քը…

Ըստ իր փա­­փաքին, յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնը պի­­տի կա­­յանայ Քա­­տըգիւ­­ղի Ս. Թա­­գաւոր եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, շա­­բաթ առ­­տու ժա­­մը 10։00-ին։ Թաղ­­ման կար­­գը՝ թա­­ղի գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ՝ ամ­­փո­­­փուե­­լու հա­­մար իր սի­­րեցեալ հօր քո­­վը։ Ապա կի­­րակ­­նա­­­մուտքի կարգ՝ նոյնպէս Ս. Թա­­գաւոր եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հը։

Յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ստանձնած է «Պերճ Քաջ» հաս­­տա­­­տու­­թիւնը։

Ցա­­ւակ­­ցութիւնք՝ տո­­մարի ստո­­րագ­­րութեամբ։

Կը խնդրո­­ւի փո­­խան ծաղ­­կեպսա­­կի նո­­ւիրա­­տուու­­թիւններ կա­­տարել հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու։

 

ՏԷ­­ՅԻՐ­­ՄԵՆՃԵԱՆ, ՀԱՇՀԱՇ,

ԳԱՀՎԷՃԵԱՆ, ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ